Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւելի Քան 2 Ժամ Տեւողութեամբ Փութին-Թրամփ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն. Թրամփ. «Ռուսիան Եւ Ուրքանիան Անմիջապէս Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւններու Պիտի Սկսին»

Մայիս 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ «աւելի քան երկու ժամ տեւած» հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը աւարտած է:

«Թրամփի հետ զրոյցը իմաստալից էր, անկեղծ եւ չափազանց օգտակար» նշեց Փութին` երախտապարտութիւն յայտնելով Թրամփին «Միացեալ Նահանգներուն Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու շարունակման մասնակցութեան համար»:

«Ռուսիան կը զօրակցի մարտական գործողութիւններու դադրեցման, սակայն անհրաժեշտ է դէպի խաղաղութիւն ամէնէն ազդու ուղին զարգացնել», ըսաւ ան` նշելով. «Թրամփ զրոյցի ընթացքին Ուքրանիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու վերջ տալու վերաբերեալ իր դիրքորոշումը յայտնեց»:

«Մոսկուան պատրաստ է Ուքրանիոյ հետ աշխատելու փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութեան մը վրայ, որ զինադադար կը ներառէ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` նշելով. «Կարիքը կայ գտնելու միջին լուծումներ, որոնք բոլոր կողմերուն համար ընդունելի են»:

Անդրադառնալով Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններու վերսկսման` Փութին յայտնեց. «Մենք ընդհանուր առմամբ ճիշդ ուղիի վրայ ենք»` շեշտելով. «Ուքրանիոյ մէջ կացութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը յստակ է, եւ գլխաւոր հարցը տագնապին արմատական պատճառներուն վերջ տալն է»:

Թրամփ իր կարգին յայտնեց, որ Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը լաւ ընթացած է` յայտարարելով, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան անմիջապէս զինադադարի հաստատման բանակցութիւններու պիտի սկսին:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Կազայի Բոլոր Շրջաններուն Վրայ Վերահսկողութիւն Պիտի Հաստատենք»

Յաջորդը

ՀԱՊԿ-ն Յոյս Ունի, Որ Երեւանն Ու Պաքուն Մօտիկ Ապագային Կը Ստորագրեն Խաղաղութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութեան Առաջադրած Եւ Աջակցած Թեկնածուները 100 Առ Հարիւր Յաջողեցան

Մայիս 20, 2025
Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին.  Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք  Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը  Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ,  Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»
Գլխաւոր լուրեր

Սիսիի Հետ Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսի Ընթացքին. Աուն. «Միջազգային Ընտանիքին Կոչ Կ՛ուղղենք Իսրայէլին Ստիպելու, Որ Զինադադարի Համաձայնութիւնը Գործադրէ, Լիբանանեան Հողերէն Հեռանայ, Եւ Գերիները Ազատ Արձակէ»

Մայիս 20, 2025
Լաւրով Այսօր Հայաստան Պիտի Այցելէ
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Այսօր Հայաստան Պիտի Այցելէ

Մայիս 20, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?