Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հրաւէրով մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր Սիսիի հետ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ուղղեց ստեղծելու արաբական հասարակաց շահերու համակարգ մը, որուն առաջին սիւնը արաբական պետութիւններուն, ժողովուրդներուն եւ երկիրներուն միջեւ հասարակաց շահերը պաշտպանող կանոնաւոր լուրջ մարմինի մը ստեղծումն է: «Մենք կը ձգտինք շրջանային հասարակաց շուկայ ստեղծելու: Թերեւս իբրեւ առաջին զայն սկսինք միայն երկու երկիրներու միջեւ, ապա ոլորտային եւ աշխարհագրական առումով ընդլայնենք, մինչեւ որ մեր բոլոր երկիրներուն ու ժողովուրդներուն բարիք իրագործենք», նշեց հանրապետութեան նախագահը:
Ան նշեց, որ ատիկա կարիքը ունի շրջանին մէջ հաստատ կայունութեան մը, որ կրնայ միայն հիմնուիլ տեւական եւ արդար խաղաղութեան մը վրայ, իսկ արդարութիւնը իրաւունքները իրենց իրաւատէրերուն տալն է, բան մը, որ 2002 թուականի Պէյրութի նախաձեռնութեան մէջ որդեգրեցին արաբական պետութիւնները:
«Ճիշդ այս խաղաղութեամբ կը տեսնենք անկախ ու գերիշխան Պաղեստին պետութեան ստեղծումը, ծայրայեղականութեան, ահաբեկչութեան, աղքատութեան, անօթութեան, հաւատադրժողական միտքերուն, լուսանցքայնացման փափաքներուն դէմ կը պայքարինք եւ մեր ժողովուրդներուն բարգաւաճում եւ զարգացում կ՛ապահովենք», ըսաւ ան:
«Լիբանանը, ամբողջ Լիբանանը, չի կրնար այսպիսի դասաւորումէ մը դուրս ըլլալ, ոեւէ լիբանանցի, մեր շրջանին մէջ որեւէ երկիր եւ ժողովուրդ շահ չունի ինքզինք համապարփակ եւ արդար խաղաղութեան երթէն զերծ կացուցելու», ընդգծեց հանրապետութեան նախագահը:
«Մեզի համար խաղաղութիւնը կը սկսի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին Լիբանանի ամբողջական յանձնառութեամբ` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը` շեշտելով կարեւորութիւնը միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ին, Իսրայէլի կատարած թշնամական արարքներու դադրեցման անհրաժեշտութիւնը եւ 1949 թուականի զինադադարի համաձայնութեան դրոյթներուն վերադառնալը, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ հարաւային Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան վերականգնումը», յայտնեց Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան նախանձախնդիր է դրացի Սուրիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները ունենալու, եւ երկու երկիրներուն միջեւ համակարգումի եւ համագործակցութեան կարեւորութեան` դիմակայելու համար հասարակաց մարտահրաւէրները, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի սուրիացի գաղթականներու հարցին:
«Մինչ Լիբանանը կը հաստատէ իր զօրակցութիւնը այն բոլոր ջանքերուն, որոնց նպատակը Սուրիոյ միութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումն է, ինչպէս նաեւ անոր ժողովուրդի ձգտումներուն բաւարարումը, ան կ՛ողջունէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումը` յուսալով, որ ատիկա կը նպաստէ անոր առողջացման եւ շրջանի կայունութեան», նշեց նախագահ Աուն:
Եգիպտոսի նախագահ Սիսի իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է աջակցելու Լիբանանի մէջ վերաշինութեան` նշելով, որ կարելի է այդ ոլորտին մէջ եգիպտական փորձառութենէն օգտուիլ:
Սիսի վերահաստատեց միջազգային ընտանիքին ուղղուած` Լիբանանին իր տագնապէն դուրս գալու օգնելու վերաբերեալ պատասխանատուութիւններուն տէր կանգնելու իր կոչը:
Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել ներքին կայունութիւնը եւ Լիբանանի լիակատար գերիշխանութիւնը պահպանել:
Եգիպտոսի նախագահը ըսաւ, որ Գահիրէն կը շարունակէ շրջանային ու միջազգային տարբեր կողմերու հետ իր աշխուժ ջանքերը` Իսրայէլը մղելու անմիջապէս հեռանալու լիբանանեան հողերէն, որ գրաւած է` յարգելով միջազգային օրէնքները, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը:
Սիսի յայտնեց, որ Լիբանանին աջակցելու, անոր ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու եգիպտական դիրքորոշումը հաստատ է, եւ իր երկիրը պատրաստ է ներկայ զգայուն փուլին Լիբանանին կարելի ամէն տեսակի աջակցութիւն տրամադրելու:
Նախագահ Աուն աւելի ուշ այցելեց Ազհարի մեծագոյն իմամ շէյխ Ահմետ Թիպի: