Երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան Բ. խմբակին գծով իր 4-րդ մրցումը կատարեց եւ 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Ուահտէ Շհիմի վրայ եւ 12 կէտերով կը գրաւէ խմբակի պարագլուխի դիրքը` հեռանալով իր մրցակիցներէն:
10-րդ վայրկեանին ՍերԺ Օսքեան նշանակեց Պուրճ Համուտի առաջին կոլը` Ալէքի եւ Եուսեֆի փոխանցումներէն ետք:
30-րդ վայրկեանին անցեալ տարուան Դ. դասակարգի կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ զօրաւոր հարուածով գրաւեց Շհիմի բերդը: 6 վայրկեան ետք, այս անգամ Սերժ ուժգին հարուածով մը նշանակեց Պուրճ Համուտի 3-րդ կոլը: 38-րդ վայրկեանին գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք Եուսեֆ խաբեց բերդապահը, երբ գնդակը գլորեց անոր աջ թեւին տակէն: Վրայ հասաւ Սերժ, որ գնդակը զետեղեց դատարկ բերդին մէջ:
Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ 4-0 արդիւնքով, ուր Սերժ հեթ-թրիք իրագործեց:
Բ. կիսախաղին, Իպրահիմ Մուսաուի, որ նոր դաշտ ներկայացած էր 59-րդ վայրկեանին, արդիւնքը հասցուց 5-ի: 3 վայրկեան ետք, այս անգամ Տիգրան «Տիգօ» Վարդան նշանակեց կոլ մը` Յակոբ Նաճարեանի փոխանցումէն օգտուելով: 81-րդ վայրկեանին Եուսեֆ փակեց կոլերու հաշիւը 7-ի վրայ, եւ մրցումին իրաւարարը հազիւ 90-րդ վայրկեան հասած` սուլեց մրցումի աւարտը:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մէկ մրցում ունի կատարելիք Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ, արդէն իսկ գրեթէ ապահոված է Բ. հանգրուանի իր տոմսը: