Սկզբունքով Հարաւային Ամերիկայի բաժակի 1/8-րդ աւարտականի գծով ֆութպոլի մրցում էր Ինտիփենտիենթէ (Արժանթին) – Ունիվերսիտատ տը Չիլի (Չիլի) խաղը, որ կիսատ մնաց… բախումներէ, հրդեհներէ եւ հարիւրաւոր ձերբակալութիւններէ ետք:
Աւելի քան 300 ձերբակալուած, տասնեակ վիրաւորներ եւ կիսատ մրցում… ընդհանրապէս ֆութպոլի խաղերուն կը նշուին կոլեր, էսիսթներ, քոռնըրներ, փենալթիներ, բայց այս պարագային պատկերը այլ եղաւ, որովհետեւ տեղի ունեցածը սովորական չէր:
Մրցումը կիսաւարտ մնաց Բ. կիսախաղի սկիզբը, երբ արդիւնքը 1-1 էր: Խառնաշփոթ սկսաւ, երբ Չիլիի համակիրները ոտնակոխ ըրին Ինտիփենտիենթէի դրօշը:
Այս դէպքին հետեւեցան անկարգութիւններ հիւրերու բաժինին մէջ, այրեցան աթոռներ, քարեր, փայտեր, նստարաններ կը թռչէին օդին մէջ, լուսաձայնային նռնակ արձակուեցաւ եւ նոյնիսկ բաղնիքի աթոռները կոտրտուեցան:
Ապահովութեան ծառայութիւնն ու ոստիկանութիւնը ուշացան միջամտելու, մինչ այդ արժանթինցի համակիրները յարձակած էին չիլիցիներուն վրայ: Տասնեակ մարդիկ վիրաւորուեցան, քանի մը համակիրներ դանակի հարուածներ ստացան ուրիշ մը բարձր թրիպիւնէ մը վար ինկաւ:
Ըստ չիլիի աղբիւրներուն, 12 վիրաւորուած համակիրներ փոխադրած են հիւանդանոց, մէկուն վիճակը ծանր է:
Չիլիի նախագահ Կապրիէլ Պորիչ նշած է, որ միջադէպը ոչ միայն բռնութեան, այլ նաեւ կազմակերպչական թերութիւններու հետեւանք է: Ան հաստատեց նաեւ, որ շարք մը չիլիցիներ հիւանդանոց կը գտնուին, իսկ ոմանք ձերբակալուած են արժանթինեան ոստիկանութեան կողմէ:
ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիանի Ինֆանթինօ խստօրէն դատապարտեց միջադէպը. «Ֆութպոլի մէջ բռնութեան տեղ չկայ: Մարզիկները, համակիրներն ու պաշտօնեաները պէտք է վայելեն խաղը առանց վախի: Մեղաւորները պէտք է պատժուին»:
Հարաւամերիկեան ֆութպոլի ֆետերասիոնը (Քոնմեպոլ) տակաւին որոշում չտուաւ արձանագրուած դէպքին եւ խաղին վերաբերեալ: Դաշտը կը գտնուէր մօտ 650 ոստիկան, բայց տեղական մամուլը նշած է, որ անոնց մեծ մասը չէ միջամտած մինչեւ Քոնմեպոլի հրահանգները: