Այսօր յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ, Պէյրութի շրջանի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի փորձեն անպայման յաղթել` նկատի ունենալով, որ անցեալ մրցումին անոնք անակնկալ պարտութիւն մը կրած էին Նուժումի դէմ:
Անդրանիկ իր վերջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտուած էր Տինամօ Պէյրութէն: Անդրանիկ իր առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Նուժումի հետ:
Աթլեթիքօ, որ Սանհարիպի եւ Նուժումի նման 4 կէտ ունի, պիտի մրցի վերջին դիրքը գրաւող Արզին դէմ, մինչ Սապիլ պիտի մրցի Տինամօ Պէյրութի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ներկայանալ դաշտ` քաջալերելու համար մեր տղաքը, որոնք յաղթանակ արձանագրելէ զատ բան չունին ընելիք:
1 կէտ կը բաժէ ՀՄԸՄ-ը իր 3 մրցակիցներէն (Աթլեթիքօ, Սանհարիպ եւ Նուժում):
Նուժում պիտի մրցի Ֆ. Ք. Պէյրութ խումբին դէմ:
Յայտնենք, որ ապահովուած են փոխադրակառքեր, որ յետմիջօրէի ժամը 4:30-էն սկսեալ: ՀՄԸՄ-ի համակիրները Անսարի դաշտ պիտի փոխադրեն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն: