Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Հայաստան այցելութիւնը նախապատրաստման փուլի մէջ է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, սակայն այցելութեան վերաբերեալ որեւէ մանրամասնութիւն չէ յայտնած:
Նախքան այդ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան հաղորդած էր, որ Լաւրով մօտիկ ապագային Հայաստան պիտի այցելէ:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը թուականի վերաբերեալ պիտի ծանուցէ այցելութեան աւելի մօտ ժամկէտի ընթացքին: