Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ հասաւ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթ` մասնակցելու համար ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհրդաժողովին:
Ռապաթի օդակայանին մէջ Պայրագտարեանին դիմաւորեցին Մարոքի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներն ու Մարոքի մէջ Լիբանանի դեսպան Զիատ Աթալլան:
Նախարար Պայրագտարեան այսօր նախատեսուած նախարարներու ժողովներուն մէջ կը գլխաւորէ Լիբանանի պատուիրակութիւնը: