ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային զարգացումները:
Քննարկումի նիւթ դարձան Իսրայէլի շարունակուող յարձակումները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տունդարձի խնդիրը:
Բագրատունի կարեւորութեամբ շեշտեց արտաքին գործոց նախարարութեան դերակատարութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ գերեվարուած լիբանանցի Վիգէն Իւլճեքեանի ազատ արձակման առնչութեամբ եւ պահանջեց համապատասխան միջոցներով միջամտել ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մօտ` լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ մօտենալու անոր հացադուլի որոշումին: Գերեվարուած Վիգէն Իւլճեքեան, երեք շաբաթէ ի վեր դիմած է հացադուլի` իբրեւ բողոք իրեն սահմանուած բանտարկութեան վճիռին եւ անմարդկային վերաբերումին դէմ:
Նաեւ` Ելեւմուտքի Նախարար
Եասին Ժապերի Մօտ
Բագրատունի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապերի, որուն հետ քննարկեց ելեւմտական հարցեր, Կեդրոնական դրամատան կողմէ առնուած քայլեր:
Բագրատունի յատուկ կերպով արծարծեց դրամատուներու մօտ ներդրող քաղաքացիներու իրաւունքներու հարցը` շեշտելով, որ այդ իրաւունքները անզիջելի են, եւ այդ գծով վարանումն ու սակարկութիւնները` անընդունելի: