Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն, Պաղտատի մէջ Արաբական վեհաժողովի նախապատրաստութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժողովը կը գումարուի արաբ ժողովուրդի պատմութեան մէջ նուրբ փուլի մը ընթացքին, ինչ որ հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման համար ջանքերու միաւորում կը պահանջէ:
Հիւսէյն շեշտեց, որ պաղեստինեան դատը կը շարունակէ մնալ արաբական աշխարհի կեդրոնական դատը` վերահաստատելով իր հողերը ազատագրելու եւ Երուսաղէմ մայրաքաղաքով իր անկախ պետութիւնը ստեղծելու պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն աջակցող Իրաքի դիրքորոշումը:
Ան կոչ ուղղեց մարդասիրական օժանդակութիւնը Կազա հասցնելու եւ վերականգնելու մարդասիրական կազմակերպութիւններու աշխատանքը:
Իրաքեան դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Իրաքը Լիբանանի կողքին կը կանգնի, եւ դատապարտեց անոր գերիշխանութեան վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները` շեշտելով, որ իր երկիրը Լիբանանին կ՛աջակցի ընդդէմ անոր դիմակայած քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրներուն:
Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, Հիւսէյն վերահաստատեց Իրաքի զօրակցութիւնը Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման ջանքերուն եւ կոչ ուղղեց` անոր դէմ հաստատուած տնտեսական պատժամիջոցները վերցնելու` ողջունելով որեւէ քայլ, որ կ՛ամրապնդէ շրջանային անվտանգութիւնը:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարարը առաջարկեց կազմել բաց անդամակցութեամբ նախարարական յանձնախումբ մը, բաղկացած` Իրաքէն, Պահրէյնէն, Արաբական լիկայի քարտուղարութենէն եւ փափաքող արաբական պետութիւններէ` մերձեցնելու համար տեսակէտները եւ վերջ տալու միջարաբական տարակարծութիւններուն: