Ուքրանիոյ իշխանութիւնները կը հասկնան, որ չեն կրնար 2014 թուականէն ի վեր կորսնցուցած իրենց բոլոր տարածքները վերադարձնել: Այս մասին «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն:
«Մենք պէտք է Ուքրանիոյ օգնենք, որ ինքզինք պաշտպանէ, սակայն մենք չենք ուզեր Համաշխարհային երրորդ պատերազմ սկսիլ»:
Անոր կարծիքով, զինուորական գործողութիւնները պէտք է աւարտին, եւ Քիեւը պէտք է «բանակցութիւններուն վերադառնալու համար լաւագոյն դիրքի վրայ ըլլայ, ինչ որ պիտի արտօնէ լուծել տարածքային խնդիրները»:
Մաքրոն նաեւ յայտարարած է, որ պատրաստ է «մօտ օրէն» Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան մակարդակով նոր պատժամիջոցներ հաստատելու, սակայն աւելցուցած է, որ պիտի ուզեր ատիկա Միացեալ Նահանգներու հետ ընել:
Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչները ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեն ամերիկեան վարչակազմի եւ ամերիկացի ծերակուտականներու հետ` Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաւանական ուժեղացման շուրջ: