Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Արաբական ծոց իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ Տոհա իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին քաթարցի պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը ուժեղ անձ է, եւ պիտի տեսնենք, թէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցուելէն ետք ի՛նչ պիտի պատահի»:
«Քաթարի Թամիմ պըն Համատ իշխանը հոյակապ մարդ է եւ մեծ ղեկավար: Այս շրջանին մէջ տաղանդաւոր ղեկավարներ ունինք», նշեց Թրամփ:
«Իրան չի կրնար հիւլէական զէնք ունենալ, եւ Իրանի հետ բանակցութիւններ կը վարենք` տեւական խաղաղութեան հաստատման համար», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Պիտի պաշտպանենք Միջին Արեւելքի շրջանը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուժի ճամբով խաղաղութեան կը հաւատանք: Կ՛ուզենք Իրանի հետ բանակցութիւններուն մէջ յաջողիլ, եւ կը կարծեմ, թէ անոնց հետ համաձայնութիւն գոյացնելու մօտ ենք»:
«Իրան պէտք է մեծ շնորհակալութիւն յայտնէ Քաթարի իշխանին, որովհետեւ ուրիշներ, ի տարբերութիւն Քաթարի, կ՛ուզեն, որ Իրանին ծանր հարուած հասցնենք», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Աշխարհի վրայ զինման ամէնէն լաւ համակարգերը կ՛արտադրենք», շեշտեց Թրամփ` աւելցնելով. «Անօդաչու թռչող սարքերը այլեւս տագնապներուն մէջ կարեւոր դեր կը խաղան, եւ ատիկա տեսանք Ուքրանիոյ մէջ»:
«Կրնանք ըսել, որ երեք ամսուան ընթացքին 10 եռիլիոն տոլարի ներդրումներ բերինք Միացեալ Նահանգներ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
«Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հետ մեր յարաբերութիւնները իւրայատուկ են, եւ ոչ ոք կրնայ զանոնք խանգարել: Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալմանի եւ Քաթարի իշխանին նման անձերու նկատմամբ համակրանքս զիս կը մղէ օրական 20 ժամ աշխատելու, եւ շատերու ձեռքը կը թօթուեմ», յայտնեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Կ՛ուզեմ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տանք, եւ պիտի տեսնենք, թէ ներկայ բանակցութիւններուն մէջ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ», նշեց Թրամփ` աւելցնելով. «Կ՛ուզէի Թուրքիա երթալ, սակայն չեմ ուզեր հարցերը կանխել: Արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն այդտեղ է` հետեւելու համար բանակցութիւններուն, եւ կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցով բան մը պիտի իրագործենք»: