Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին նպատակն է խթանել եւ հետամուտ ըլլալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Քրիսթոֆըր Լանտաու:
«Ես պատիւը ունեցած եմ ականատես ըլլալու, թէ արտաքին գործոց նախարար Ռուպիոն ինչպէ՛ս վերջին օրերուն անխոնջ կերպով հեռաձայնով կը հաղորդակցի Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի ղեկավարներուն հետ` կացութեան վտանգաւոր սրումը կանխարգիլելու համար: Թրամփը եւ փոխնախագահ Վենսը մեր բոլորիս, որ կ՛աշխատինք իրենց վարչակազմին մէջ, յստակ հասկցուցած են, որ մեր նպատակն է խթանել եւ հետամուտ ըլլալ խաղաղութեան` ըլլայ այդ Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ, Իսրայէլի եւ անոր դրացիներուն, Քոնկոյի Դեմոկրատական հանրապետութեան եւ Ռուանտայի, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի կամ այլ երկիրներու միջեւ:
«Իբրեւ դիւանագէտներ եւ մարդիկ, մենք կոչուած ենք կանխարգիլելու կամ դադրեցնելու պատերազմը: Հպարտ ենք, որ մեր խումբը այսօր կրցաւ կատարել այս խոստումը, եւ երախտագիտութիւն կը յայտնենք Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի ղեկավարութեան` խոհեմութեան եւ զսպուածութեան համար»: