Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 մայիս «Անի Փլազա» պանդոկին «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան օրուան նուիրուած ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ձեռնարկը` «Շուշի. վերադարձ լինելու է» խորագիրով:

Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Արցախի Հանրապետութեան պետական պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական ու հանրային գործիչներ:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ, ներկաները յարգեցին հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին իրենց կեանքը նուիրաբերած հերոսներուն յիշատակը: Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգները:

Խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը, Արցախի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախկին նախագահ, Արցախի արտաքին գործոց փոխնախարար, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Հայ դատի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Գէորգի Պետրոսեանը, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Վարդան Գալստեանը, նաեւ միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեանը:

Իր խօսքին մէջ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Հրաժարիլ Արցախէն, կը նշանակէ հրաժարիլ ծնողքէն, զաւակէն, ինքնութենէն, արմատներէն: Հետեւաբար, որքան ալ պարտադրեն, որքան ալ փորձեն այս ուրացման քաղաքականութիւնը իրականացնել, միեւնոյնն է, պիտի չյաջողին: Մենք ունինք ազգային երիտասարդութիւն, որ տէր է հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներուն, որ իր գիտելիքներով, իր հայրենասիրութեամբ, պատրաստակամութեամբ, այո, պիտի պայքարի վերադարձի իրաւունքի, պիտի պայքարի ուժեղ, հզօր Հայաստան ունենալու համար»:

Իշխան Սաղաթելեան կարեւոր նկատեց Շուշիի օրը` բոլորին մաղթելով կամք ու վճռակամութիւն. «Արցախահայութեան վերադարձը մեզի համար ազգային նպատակ է: Ամէն ինչ պիտի ընենք մեր վերադարձին համար», նշեց ան:

Վարդան Գալստեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Շուշիի ազատագրութեան եւ զարգացման մէջ իր մեծ ներդրումը ունեցած է ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցը. «Շուշիի ազատագրման մասնակցած են ՀՅԴ անդամներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: «Հարսանիք լեռներում» գործողութեան իրագործումը կարելի դարձաւ շնորհիւ այն անձերուն, որոնք ոչ միայն մարտի դաշտին մէջ, այլեւ պետականաշինութեան գործին մէջ ունեցան իրենց հսկայական ներդրումը: Անոնց ջանքերով է, որ շուրջ 3 տասնամեակ անառիկ բերդաքաղաքը եղած Արցախի կրթական եւ մշակութային կեդրոնը»:

«Այն ինչ որ այսօր կը կատարուի ժամանակաւոր է, որովհետեւ չարիքը չի կրնար յաղթել, ուշ կամ կանուխ, այդ պիտի ըլլայ, մեր գործը ատոր նախապատրաստուիլն է», իր խօսքին մէջ ըսաւ Գէորգի Պետրոսեան:

Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ փաստավաւերագրական ժապաւէն` նուիրուած անկախութեան շարժման եւ Շուշիի ազատագրութեան գործողութեան:

«Շուշին` մեր ոգիի, մեր պատմութեան ու պայքարի խորհրդանիշն է: Շուշիով ուժեղ էինք, առանց Շուշիի նոյնը չենք, պէտք է ձգտինք դառնալ նոյնը», իր ելոյթին մէջ նշեց Տարօն Ղազարեան:

Ձեռնարկի աւարտին Իշխան Սաղաթէլեան հաւաստագիրներ յանձնեց «Վահան Յովհաննիսեան» ազգային-քաղաքական դպրոցի շրջանաւարտներուն:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի  Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

Մայիս 15, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի  Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի  Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած  Մնալու Իրենց Հողին
Գլխաւոր լուրեր

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?