Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին գնահատեց «ամէնէն դժուար եւ ծանր պայմաններուն մէջ Քուէյթի Լիբանանին աջակցութիւնը»` շեշտելով. «Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները փաստեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը ներկայ է եւ իր գերիշխանութիւնը կը կիրարկէ»:
«Քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ կատարելը մեզի համար քննութիւն էր, եւ պետութիւնը փաստեց, որ ներկայ է, իր գերիշխանութիւնը կը կիրարկէ եւ գործընթացներու ժամկէտերը կը յարգէ», նշեց Հաժժար:
Ան գոհունակութիւն յայտնեց լիբանանեան շրջաններուն մէջ իրերայաջորդ կերպով ընտրական հոլովոյթի հեզասահ ընթացքին համար` շեշտելով, որ պետութիւնը անկողմնակալ է եւ աշխատանք կը տանի անվտանգութեան վերահսկելու, որեւէ օրինախախտում ճնշելու, «եւ Լիբանան լիբանանեան պետութեան օրակարգն է, որ կը գործադրէ եւ ոչ թէ ուրիշ ոեւէ մէկուն օրակարգը»:
«Լիբանանի պայմանները զգայուն եւ դժուար են: Անոր հողերուն մէկ մասը բռնագրաւուած է իսրայէլեան թշնամիին կողմէ, եւ ասիկա լիբանանեան պետութեան վրայ ճնշող հարց է: Ատոր կողքին ապահովական մարտահրաւէրներ կան, սակայն հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի ընտրութենէն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր կառավարութեան ու լիբանանեան պետութեան յստակ որոշումն էր սահմանադրական գործընթացները իրենց ժամկէտին կատարելը:
«Հակառակ անոր որ բոլոր լիբանանցիները վստահ չէին, որ այս գործընթացը իր ժամկէտին տեղի պիտի ունենայ, սակայն պետութիւնը փաստեց, որ ներկայ է, իր գերիշխանութիւնը կը կիրարկէ եւ գործընթացներու ժամկէտները կը յարգէ: Քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւնները կատարեցինք, եւ մեր առաջին քննութիւնը Լեռնալիբանանի մէջ էր, ուր յաջողեցանք, եւ Աստուած ուզէ զայն հեզասահ կերպով կը շարունակենք»:
Ինչ կը վերաբերի հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ ընտրութիւններուն, Հաժժար աւելցուց. «Մեկնարկը լաւ էր, եւ մարդիկ իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը ամենայն ազատութեամբ կատարեցին: Պետութիւնը մէկ կողմէ վճռական է ժամկէտները յարգելու, իսկ միւս կողմէ իր ամբողջական անկողմնակալութիւնը հաստատելու եւ անվտանգութիւնը պահպանելու` արգիլելով ապահովութիւնը խախտող որեւէ արարք եւ որեւէ օրինազանցութիւն, ներառեալ ընտրակաշառքը»:
«Լիբանանը արաբական եւ միջազգային ուշադրութեան տակ է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանին նախ եւ առաջ հետաքրքրողը անոր ժողովուրդն է, եւ Լիբանանի ժողովուրդը լիբանանեան պետութենէն կը սպասէ, որ ներկայ ըլլայ»:
«Լիբանանը լիբանանեան պետութեան օրակարգով կը գործէ եւ ոչ թէ ոեւէ մէկուն, մասնաւորաբար իսրայէլացի թշնամիի օրակարգով: Այո՛, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, Լեռնալիբանանի, հիւսիսային Լիբանանի եւ Աքքարի մէջ ընտրութիւնները սկսանք եւ հետագային հարաւային Լիբանանի մէջ պիտի շարունակենք, եւ Աստուած ուզէ բոլոր արժեչափերով կը յաջողինք», շեշտեց ներքին գործոց նախարարը:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններու հարցին` Հաժժար նշեց. «Ընտրութիւններու առաջին օրէն անհրաժեշտ պատրաստութիւնները տեսանք, եւ յատուկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ հարաւային Լիբանանին` նկատի ունենալով բռնագրաւումի եւ իսրայէլեան սպառնալիքներուն լոյսին տակ անոր յատուկ կացութիւնը:
«Այս պատրաստութիւնները կը շարունակուին, եւ երէկ հիւսիսային Լիբանանի ընտրութիւններու պատրաստութեան ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ առնչակից պատասխանատուներու` նահանգապետներու, կառավարիչներու, ապահովական ուժերու եւ նախարարութեան մէջ բոլոր առնչակիցներուն հետ ժողովներ գումարուեցան` այս պատրաստութիւնները ամենայն ճշգրտութեամբ հետապնդելու համար: Եւ կը յուսանք, որ այս պատրաստութիւնները արդիւնք տան: Հարաւային Լիբանանի մէջ անոր մօտէն պիտի հետեւիմ»:
Ինչ կը վերաբերի քանդուած կամ ապահովական բարձր մակարդակի սպառնալիքներ դիմագրաւող գիւղերուն մէջ ընտրութիւններուն, ան ըսաւ. «Անոնք յատուկ դասաւորումներ պիտի ունենան. քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ վայրերու մէջ, որոնք յաւելեալ սարքաւորումներ ունին: Լիբանանեան պետութիւնը (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի) անդամներուն, մասնաւորաբար զինադադարի յանձնախումբի անդամ պետութիւններուն հետ անհրաժեշտ դիւանագիտական հաղորդակցութիւնը ունեցաւ, եւ իսրայէլացի թշնամիէն որեւէ երաշխիք չենք սպասեր:
«Անհրաժեշտ դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները կատարեցինք, եւ մեր յոյսը կը կապենք մեր ապահովական ուժերուն, լիբանանեան մեր բանակին եւ լիբանանցի ժողովուրդին, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ընտրական հոլովոյթը յաջողութեամբ պսակելու համար: Նախանձախնդիր պիտի ըլլանք քուէարկութեան հոլովոյթին համար ապահով վայրեր գտնելու, եւ երբ պատրաստութիւնները աւարտին, հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ ընտրական բոլոր քարտէսները պիտի յայտարարենք»: