Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Բժշկական Միութիւնը Յարգանքի Տուրք Կը Մատուցէ Հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեանի Եւ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Մայիս 13, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Բժշկական միութեան նախագահ փրոֆեսէօր Ժոզեֆ Պախաշիի հովանաւորութեամբ, «Հոգեկան խանգարումներու նոր հեռանկարներ» խորագիրը կրող 13-րդ միջհամալսարանական հոգեբուժական գիտաժողովը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 9 եւ շաբաթ, 10 մայիս 2025-ին:

Համատեղ կազմակերպութեամբ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի եւ Լիբանանի Բժշկական միութեան, գիտաժողովը տեղի ունեցաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի սրահին մէջ եւ նուիրուած էր հոգեբուժութեան ասպարէզի այն հանգուցեալ մասնագէտներուն, որոնք իրենց կեանքին ընթացքին եղած են դասախօսներ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ: Յետ մահու պարգեւատրուեցան երկար տարիներու փորձառու հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեան եւ Ժոզեֆ Կիտանեան, որոնք մեծ դեր ունեցած են այս ասպարէզին մէջ եւ իրենց գիտելիքները փոխանցած են նոր սերունդներուն:

Գիտաժողովը գլխաւորեց հոգեբուժ Սամի Ռիշա:

Երկու օր տեւած այս գիտաժողովին առաջին օրը` 9 մայիսին, բացման արարողութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:30-ին:

Լիբանանի Բժշկական միութեան նախագահ փրոֆ. Ժոզեֆ Պախաշ բացման խօսքին մէջ ընդգծեց ձեռնարկին պատգամը:

«Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի բժշկութեան բաժանմունքի վարիչ փրոֆ. Նըմըր շեշտեց ձեռնարկին «ֆրանսախօս» բնոյթին կարեւորութիւնը` նշելով, որ ֆրանսախօս միջավայրը առանցքային դեր ունի բժշկական գիտութեան տարածման մէջ: Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի բժիշկներն ու գիտական միութիւնները արդիւնաւէտօրէն ներգրաւուած են միջազգային, մանաւանդ ֆրանսախօս հարթակներուն մէջ:

Անդրադառնալով Լիբանանի Բժշկական միութեան մէջ իր նախագահութեան ժամանակաշրջանին` փրոֆ. Նըմըր ներկայացուց իր միջազգային եւ շրջանային նախաձեռնութիւնները: Ան յայտնեց, որ միութիւնը ընդունուած է Միջազգային բժշկական միութեան լիիրաւ անդամի կարգավիճակով, եւ կը նախատեսուի անոր ընդգրկումը նաեւ գործադիր մարմինին մէջ: Շրջանային մակարդակով ան նշանակուած է Արաբ բժիշկներու միութեան գիտական յանձնախումբի նախագահ:

Փրոֆ. Նըմըր ընդգծեց նաեւ առողջապահական մասնագիտական միութիւններու միջեւ համագործակցութեան հարթակի ստեղծման կարեւորութիւնը` նպատակ ունենալով համատեղ աշխատիլ ասպարէզի համընդհանուր խնդիրներուն շուրջ: Ան առանձնացուց երկու հիմնական նախաձեռնութիւն` Լիբանանի մէջ բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացումը եւ ապօրինի մասնագէտներու դէմ պայքարի համակարգի ձեւաւորումը: Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Նըմըր գոհունակութեամբ նշեց, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին արժէքաւոր հանդիպումներ ունեցած է գիտութեան նուիրուած մարդոց հետ, որոնք գործելու պատրաստ են` առանց փոխադարձ ակնկալութեան:

Գիտաժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի Հոգեբուժներու միութեան նախագահ հոգեբուժ Սամի Ռիշա: Ան շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` նշեց, որ ամէն տարի միջհամալսարանական գիտաժողովը կը պահպանէ իր աւանդութիւնը` յարգանքի տուրք մատուցելու հոգեբուժութեան վաստակաշատ, բայց հանգուցեալ ներկայացուցիչներուն: Այս նախաձեռնութիւնը սկսած է 2008-ին, եւ այդ ժամանակէն ի վեր յարգանքի տուրք մատուցուած է 14 հոգեբուժի:

Այս տարի այդ պատիւը շնորհուեցաւ երկու հայ հոգեբուժներու` Վահէ Բիւզանդեանին եւ Ժոզեֆ Կիտանեանին, որոնք իրենց ամբողջ գործունէութիւնը նուիրեցին «Ասֆուրիյէ» հոգեբուժարանին եւ խորը ազդեցութիւն ունեցան մասնագիտութեան վրայ:

«Այս արարողութիւնը միայն յիշատակի յարգանք չէ, այլ նաեւ` մեր մասնագիտութեան պատմութեան պահպանում: Առանց այս վաստակաշատ բժիշկներուն` մեր ասպարէզը չէր հասներ իր ներկայ մակարդակին: Անոնք կերտեցին հոգեբուժութեան փառքի տարիները` 1940-էն մինչեւ վերջին տարիները: Ամէն տարի կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել եւ ըսել հանգուցեալներու ընտանիքներուն, թէ անոնք ի՛նչ ժառանգութիւն ձգած են մեզի», նշեց Ռիշա:

Հոգեբուժ Սամի Ռիշա գիտաժողովին ընթացքին ներկայացուց հանգուցեալ բժիշկ Վահէ Բիւզանդեանի կենսագրութիւնը` նշելով, որ ան ծնած է Հալէպ, մեծցած է դժուար պայմաններու մէջ եւ բժշկական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր 1954-ին արժանացած է բժշկութեան վկայականի:

Ան մասնագիտացած է հոգեբուժութեան մէջ` մասնագիտական պատրաստութիւնը անցընելով տարբեր երկիրներու մէջ, երկար տարիներ ծառայած է «Ասֆուրիյէ» հոգեբուժարանին մէջ: Եղած է դասախօս Պէյրութի Ամերիկեան եւ Հայկազեան համալսարաններուն մէջ, նաեւ պաշտօնական բժիշկ` ամերիկեան եւ քանատական դեսպանատուներուն համար:

Բացի բժշկական գործունէութենէն` Բիւզանդեան գործուն մասնակցութիւն բերած է հայկական համայնքային կեանքին: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քաղաքական ժողովի անդամ եւ Հայ եկեղեցւոյ անձնական կացութեան հարցերով ատեանի դատաւոր:

1975-ին քաղաքացիական պատերազմի պատճառով մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր Թենըսի համալսարանին մէջ շարունակած է իր կրթական աշխատանքը եւ եղած է նահանգի հոգեբուժներու միութեան աշխուժ անդամ: Թենըսի համալսարանը իր անունով կոչած է հոգեբուժական ուսումնական ծրագիր մը` ի պատիւ անոր ներդրումին: Ան մահացած է 52 տարեկան հասակին` սրտի կաթուածէ: Ունեցած է երկու զաւակ` Ռուբէն եւ Դալիա:

Գիտաժողովին ընթացքին հոգեբուժ Սամի Ռիշա ներկայացուց նաեւ հանգուցեալ բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի կեանքն ու ներդրումը` ի յիշատակ անոր նուիրեալ աշխատանքին:

Բժիշկ Կիտանեան ծնած է Հալէպ, 1943-ին, բժշկութեան վկայականը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն, մասնագիտացած է հոգեբուժութեան ու նեարդաբանութեան մէջ` Սկովտիոյ Էտինպուրկի եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ:

Ան երկար տարիներ ծառայած է «Ասֆուրիյէ» հոգեբուժարանին մէջ` իբրեւ գլխաւոր բժիշկ` միաժամանակ ունեցած է երկու անձնական բուժարաններ: Քաղաքացիական պատերազմի վտանգաւոր օրերուն անմնացորդ շարունակած է ծառայել իր հիւանդներուն:

Ան եղած է Լիբանանի հոգեբուժներու, Հայ բժիշկներու միութիւններու եւ այլ հայկական կառոյցներու անդամ: Նախատեսուած էր, որ ան ըլլայ տնօրէնը Արամունի մէջ կառուցուելիք նոր հոգեբուժարանին, որուն գործունէութիւնը չկայացաւ իսրայէլեան ներխուժումին պատճառով:

Ան գործակցած է «Ճինիշեան» հիմնադրամին եւ տարբեր ընկերային հաստատութիւններու հետ, դարձած է հաւատարիմ մասնագիտական եւ համայնքային ձայն: Եղած է նաեւ «Սարգիս Հաճար» հիմնադրամի նախագահ եւ «Գէորգ Չաթալպաշեան» վարժարանի վարչական անդամ:

1989-ին ողբերգական դէպքի պատճառով, իր հիւանդներէն մէկուն յարձակումին իբրեւ հետեւանք` կորսնցուցած է մէկ ոտքը, սակայն երբեք չէ յանձնուած եւ շարունակած է իր առաքելութիւնը մինչեւ իր մահը` մնալով օրինակելի կերպար նուիրումի, տոկունութեան ու մարդկային մեծ հոգիի:

Նաեւ եղած է անսահման նեցուկ իր կնոջ` Մարալ Թիւթէլեանի, որ հասած է ուսումնական եւ պետական բարձր պաշտօնի: Միասին ոէնեցած են երկու զաւակ՝ Շահան եւ Սերժ:

Ժոզէֆ Կիտանեան մահացած է 7 յունուար 2020-ին` իր ետին ձգելով յարգանքի արժանի յուշ եւ անկեղծ նուիրումի օրինակ:

Հոգեբուժ Վահէ Բիւզանդեանի ընտանիքին սփիւռքի մէջ գտնուելուն պատճառով խօսք առաւ անոր հարազատներէն Հուրի Բիւզանդեան, որ արտասանեց Վահէ Բիւզանդեանի ընտանիքին խօսքը.

«Հոգեբուժ Բիւզանդեան իր կեանքը նուիրած էր հոգեբուժութեան եւ կարիքաւորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու գործին: Ան խորապէս նուիրուած էր իր հիւանդներուն եւ իր ուսանողներուն: Ան բոլորին մօտեցաւ մեծահոգաբար, ազնուութեամբ եւ խոր մարդկայնութեամբ: Մեր ընտանիքին համար շատ բան կը նշանակէ տեսնել, որ իր նուիրումը այսօր կը յարգուի այստեղ: Շնորհակալութիւն հոգեբուժ Ռիշային եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին` մեզի այս պատիւը տալու համար»:

Հոգեբուժ Ժոզեֆ Կիտանեանի կողմէ խօսք առաւ իր կինը` դոկտ. Մարալ Թիւթէլեան-Կիտանեան, որ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք յաւերժացնելու իմ սիրելի ամուսնոյս` հոգեբուժ Ժոզեֆ Կիտանեանին յիշատակը: Ան ոչ միայն բժիշկ եւ հոգեբուժ էր, այլ նաեւ` բարութեան, ուժի եւ նուիրումի կենդանի օրինակ: Իր կեանքի 33 տարիները ան անցուց քաջութեամբ մարտնչելով իր հիւանդութեան դէմ` երբեք չյանձնուելով վիշտին կամ տկարութեան: Իր ընտանիքին հանդէպ ունեցած սէրը ամուր եւ անսասան էր: Ան եղաւ օրինակ սիրոյ, տոկունութեան եւ հաւատարմութեան` մեզի սորվեցնելով, թէ իսկական զօրութիւնը կ՛արտայայտուի դժուարութիւններու դիմաց անկոտրում մնալով: Ժոզեֆին ծառայութիւնը կոչում մըն էր: Ան օգնութեան հասաւ բարեկամին, օտարին կամ կարիքաւորին` առանց փոխհատուցում ակնկալելու: Ան նաեւ կամաւորաբար ծառայեց բազմաթիւ ընկերային ծառայութիւններու մէջ: Այսօր, հրաժեշտ տալով իրեն, մեր սիրտը ծանր է վիշտով, սակայն լի է նաեւ երախտագիտութեամբ: Իր ժպիտը, իր խրատները եւ իր բարի ներկայութիւնը պիտի շարունակեն առաջնորդել մեզ: Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ Ժոզեֆ: Քու բարութեան, զօրութեան եւ սիրոյ ժառանգութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ մեր սրտերուն եւ գործերուն մէջ»:

Հոգեբուժներ Վահէ Բիւզանդեան եւ Ժոզեֆ Կիտանեան մեծարուեցան շքանշաններով, որոնք յանձնուեցան իրենց հարազատներուն:

Ապա փրոֆ. Պու Խալիլ հակիրճ կերպով ներկայացուց «Լիբանանեան հոգեկան առողջութեան ամսագիր»-ը, որ կ՛անդրադառնայ հոգեկան առողջութեան, շեշտելով, որ հոգեկան առողջութիւնը կարիք ունի բարելաւումի:

Նախորդը

Հայկազեան Համալսարանի Նոր Նախաձեռնութիւնը` Հայկական Զարդանախշերու Փայտաքանդակի Աշխատանոց

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Փոքրամասնութիւն Նկատուելու Բարդոյթէն Պէտք Է Ազատուի»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?