Յովհաննէս Շարամբեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար Հայկազեան համալսարանը ապրիլ 4-12 կազմակերպեց հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի աշխատանոցներ: Արդարեւ, Հայկազեան համալսարանը հրաւիրեց թանգարանի երկու աշխատակիցներ` փայտաքանդակի վարպետ Վահէ Մնացականեանը եւ փոխտնօրէն Գայեանէ Ասլանեանը, որոնք այցելեցին լիբանանահայ դպրոցներ եւ շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ աշխատանոցներու միջոցով աշակերտ-աշակերտուհիներու ծանօթացուցին ու սորվեցուցին հայկական զարդանախշերու փայտաքանդակի արուեստի առաջին հմտութիւնները:
Մասնագէտները աշխատանոցներ կազմակերպեցին` Հայ աւետարանական քոլեճի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Ազգային Միացեալ վարժարանի, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, ԹՄՄ Վահան Թէքէեան վարժարանի եւ ՀԿԲՄ Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան քոլեճին մէջ, ուր աշակերտներուն տրամադրուեցան փորագրութեան գործիքներ եւ 10×10 սմ քառակուսի չափով պատրաստուած լորենիի տախտակներ: Աշակերտներուն կը մնար փորագրել փայտերուն վրայ արդէն իսկ գծուած զարդանախշը:
Այս աշխատանոցներուն մասնակցեցան շուրջ 450 աշակերտներ, որոնք մեծ խանդավառութիւն ցուցաբերեցին, իսկ կրթարաններու պատասխանատուներ փափաք յայտնեցին աշխատանոցային երկրորդ առիթ մը յառաջացնել աշակերտութեան աւելի մեծ թիւ ընդգրկելու համար:
Հայկազեան համալսարանին մէջ մասնագէտները երէցներու համար երեկոյեան յատուկ աշխատանոց մը կազմակերպեցին, որուն մասնակցեցան 15 անձեր:
Յաջորդական չորրորդ տարին է, որ Հայկազեան համալսարանը Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան Հայաստանի Ժողովրդական արուեստներու թանգարանին հետ գործակցաբար կը կազմակերպէ նման աշխատանոցներ, որոնք ի միջի այլոց կը նպատակադրեն նորահաս հայ սերունդները արուեստի ու մշակոյթի կապերով եւս հարազատ դարձնել հայ արուեստի զանազան դրսեւորումներուն:
Շնորհակալութիւն` լիբանանահայ կրթարաններու տնօրէնութեանց, որոնք ընդառաջեցին, եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս օգտաշատ ծրագիրին իրականացման:
Տեղին է յիշել, թէ Գայեանէ Ասլանեան, յանուն թանգարանին, լիբանանահայ երիցագոյն պղնձագործ Զաւէն Գազանճեանին յանձնեց պղնձագործութեան ոլորտին մէջ ժողովրդական վարպետի կոչումի հաստատագիր. ասիկա առաջինն է, որ կը տրուի ոեւէ սփիւռքահայու: Ուրախալի է նաեւ, որ մուսալեռցի Ծաղիկ Եսայի Աբրահամեանի յետնորդները թանգարանին նուիրեցին խոզակներով յարդարուած աւելի քան ութսունամեայ թաւշեայ կտաւ մը: