7-8 մայիս 2025-ին Ամմանի (Յորդանան) մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ-իսլամ միջազգային համագումարի բացման նիստի իր խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն նկատելու եւ նկատուելու բարդոյթէն պէտք է դուրս գան:
Համագումարը կազմակերպուած էր Յորդանանի Հասան պըն Թալալ իշխանին հիմնած ու գլխաւորած քրիստոնեայ-իսլամ կազմակերպութեան կողմէ: Յայտնենք, որ Հասան իշխան Յորդանանի նախկին թագաւոր Հուսէյնի փոքր եղբայրն է եւ ներկայ թագաւոր Ապտալլայի հօրեղբայրը: Համագումարին կը մասնակցէին քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ եւ մասնագէտներ: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին բազմաթիւ հրաւիրեալներ` պետական, դիւանագիտական ու կրօնական շրջանակներէ: Նոյն նիստին խօսք առին նաեւ հինգ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր եւ իշխան Հասան:
Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը, շեշտելէ ետք կարեւորութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, համագումարին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ բնագաւառները, որոնք կը կարօտին յատուկ ուշադրութեան. ընկերաբարոյական հարցեր, հաւատք եւ բանականութիւն, կրօն եւ քաղաքականութիւն, կրօնի շահագործում, հաւաքական բարոյական արժեհամակարգի ստեղծում:
Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ, թէ քրիստոնեայ եւ իսլամ միասնաբար ի՛նչ նպաստ կրնան բերել ներկայ աշխարհի հարցերուն: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց` կենսոլորտը, կրօնական ծայրայեղութիւնը, անարդարութիւնը, մարդկային իրաւանց անտեսումը եւ ընկերութեան կեանքը խաթարող երեւոյթներու բազմացումը, միաժամանակ շեշտելով, որ յիշեալ մարզերուն մէջ երկու միաստուածեան կրօններու գործակցութիւնը կարեւոր է եւ հրամայական:
Աւարտին վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքները եկուոր չեն շրջանին մէջ. անոնք իրենց յատուկ ինքնութեամբ, աւանդութիւններով ու մշակոյթով կը պատկանին շրջանի քաղաքակրթութեան: Քրիստոնեայ համայնքները շրջանի հասարակութեան լուսանցքին վրայ չեն, այլ մայր էջին վրայ են` իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելով Միջին Արեւելքի մէջ արդարութեան վրայ հաստատուած խաղաղութեան հաստատման ու բարգաւաճման:
Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը լծուեցաւ աշխատանքի` քննարկելով քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութեան ու գոյակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
Համագումարի աւարտին ժողովին առաջարկները պարզող ընդհանուր յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ:
Վեհափառ հայրապետը յաճախակի առիթներով խօսք առաւ եւ այս ծիրին մէջ իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ իր տեսակէտները պարզեց:
Յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն մասնակից դարձաւ նաեւ իշխան Հասան, որուն վեհափառ հայրապետը տարիներ առաջ ծանօթացած էր, եւ բերաւ իր դրական մասնակցութիւնը հարցերու քննարկման:
Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Ամմանի մէջ.
– Վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին հետ:
– Վեհափառին այցելեց Յորդանանի եւ Իրաքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սեւակ Աւետիսեան:
– Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ ասորի ուղղափառ Աֆրամ Բ. պատրիարքին հետ: Երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առնչուած նիւթեր:
– Յաճախակի առիթներով վեհափառը հակիրճ հանդիպումներ ունեցաւ իշխան Հասանի հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց համագումարի ընթացքին երկու առիթներով Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելուն համար:
– Վեհափառ հայրապետին այցելեցին Ամմանի հայ համայնքի Ազգային վարչութեան անդամները` առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Աւետիս ծ. վրդ. Իփրաճեանի:
– Վեհափառը ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց թաղի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան շարժման (SavetheArQ) համահիմնադիրներ Յակոբ Ճռնազեանի եւ Սեդրակ Պալեանի: Անոնք եկած էին ներկայացնելու Երուսաղէմի Կովերու պարտէզին հարցը: Վեհափառը շեշտեց յիշեալ հարցին կարեւորութիւնը եւ զայն համազգային ճիգերով հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
– Տոքթ. Աբգար Գէորգեան վեհափառին յանձնեց Սուրբ Զատիկի ճրագալոյցին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարի Քրիստոսի վիմափոր գերեզմանէն ծագած լոյսը: Վեհափառ հայրապետը զայն բերաւ մայրավանք: