Շաբաթ, 3 մայիս 2025-ին, Ճինիշեան հաստատութեան նախաձեռնած «Երիտասարդութիւնը ընկերութեան մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագիրի աւարտական փուլի վեց մասնակիցները, ընկերակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեանին եւ ծրագիրի պատասխանատուներուն, այցելեցին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին:
Դեսպանատան մուտքին խումբը հիւրընկալուեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Սեդրակ Սարգիսեանի կողմէ:
Դեսպան Աթաբէկեան ջերմօրէն ընդունեց հիւրերը եւ լսելէ ետք աշակերտներուն վեցամսեայ աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ կայանալիք բանավէճի պատրաստութիւններուն մասին, եւ ականատես դառնալով անոնց խանդավառութեան` բարձրօրէն գնահատեց Ճինիշեան հիմնարկի նախաձեռնութիւնը եւ իր տեսակէտները ներկայացուց բանավէճերու ընթացքին արծարծուած զանազան նիւթերու մասին:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիր կրելու իրաւունքին` դեսպան Աթաբէկեան դիտել տուաւ, որ իբրեւ հազարամեայ քաղաքակրթութիւն եւ պետականութիւն ունեցող ժողովուրդ, մենք պէտք է տէր կանգնինք այդ իրաւունքին` իբրեւ սրբազան պատկանելիութիւն:
«Դուք` իբրեւ նոր սերունդի զաւակներ, ապագան եւ հայրենիքը ձերն են», ըսաւ ան եւ շարունակեց. «Դուք պէտք է տէր կանգնիք այդ սրբազան աւանդին` ձեր անձնական կեանքերուն մէջ ձգտելով եւ հասնելով լաւագոյնին, որպէսզի ձեր ձայնը լսելի դառնայ աշխարհին»:
Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէնը դեսպան Աթաբէկեանին ներկայացուց ծրագիրին ձեռք բերած իրագործումները` անդրադառնալով, որ ծրագիրը, ապագայի առողջ մտածելակերպով երիտասարդներ պատրաստելու կողքին, կը միտի նաեւ նոր թափ տալու արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեան` իբրեւ գաղութային գոյատեւման հիմնական ազդակ:
Աւարտին Քրիսթին Դանիէլեան դեսպանին նուիրեց իր գիրքէն` «The Cedars Whispered»-էն օրինակ մը: