Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ապրիլ 24-ը օրացոյցին վրայ յիշատակելի թուական մը չէ միայն…

Տարիներու թաւալումին հետ վտանգաւոր երեւոյթ մը կը զարգանայ յատկապէս սփիւռքի մէջ:

Երեւոյթը այսպէս կարելի է նկարագրել. ապրիլ 24-ը խորհրդանշական կարեւոր թուական մըն է. սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպութիւնները, լաւագոյն պարագային` ապրիլէն 1-2 ամիս առաջ, կը հաւաքուին, միասնաբար եւ յաճախ անջատաբար ձեռնարկներ կը ծրագրեն, կը կազմակերպեն, կ՛իրականացնեն ու ապա կ՛անցնին իրենց առօրեային` մինչեւ յաջորդ տարի: Ճի՛շդ կարծէք  Վարդանանց տօն կամ Բարեկենդան կը նշեն… կամ պարզապէս պարտաւորութիւն մըն է, զոր պէտք է կատարեն եւ հանգստանան:

Վերոնշեալին վրայ խիստ մտահոգիչ այլ երեւոյթ մը կ՛աւելնայ. տարուէ տարի ապրիլեան ձեռնարկներուն hայ մասնակցողներուն թիւը կը նուազի: Կազմակերպութիւններ կը ձախողին նոյնիսկ իրենց անդամներուն զգալի տոկոսին ներկայութիւնը ապահովելու:

Լաւագոյն պարագաներուն, համայնքային զանգուածներուն 10-15 տոկոսը կը մասնակցի այս ձեռնարկներուն: Ոմանք նոյնիսկ հայկական դպրոցները փակ ըլլալուն պատճառով պտոյտի կամ արձակուրդի կ՛երթան… Աւելի պարզ` ապրիլ 24ը իր իսկական խորհուրդէն` զոհերը եւ վերապրածները հաւաքաբար յիշելու, ուխտի վերանորոգման, հաւաքական գօտեպնդումի եւ վերաշխուժացման, ի խնդիր արդարութեան մնայուն գործի եւ պահանջատիրութեան թելադրողականութենէն կը վերածուի միա՛յն արարողութեան եւ ծիսակատարութեան:

Այս յոռի երեւոյթներուն խորացման առաջին եւ հիմնական պատասխանատուն սփիւռքի կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւններն են: Իւրաքանչիւրը իր բնագաւառին մէջ, քանի՞ կազմակերպութիւն սփիւռքի տարածքին ապրիլ 24-ի շաբաթէն բացի, տարուան 12 ամիսներուն ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման եւ արդարութեան վերականգման համար նպատակասլաց գործ կը տանի: Քանի՞ կազմակերպութիւններ այս հարցերուն գծով լրջօրէն կը հաղորդակցին իրենց զանգուածներուն հետ եւ զօրաշարժի կ՛ենթարկեն զանոնք: Իսկ այն կազմակերպութիւնները, որոնց հիմնական առաքելութիւնը այս հարցի լուծման նպաստելն է, ինչպէս ապրիլ ամիսէն 1 ամիս առաջ քով քովի կու գան, տարուան ընթացքին եւս կը գործակցի՞ն իրարու հետ: Համասփիւռքեան մակարդակի վրայ որո՞նք եւ ինչպէ՞ս կը համակարգեն այդ աշխատանքները…

Այս հարցումներուն պատասխանները առարկայականօրէն բացասական են:

Ցեղասպանութեան յանցագործութեան ոգեկոչումը տարին անգամ մը կրկնուող պարզ հանդիսութիւն չէ՛, այլ բարձրաձայն եւ հրատապ կոչ մը` շարունակական, նպատակասլաց եւ քաջաբար աշխատելու` ի խնդիր այդ յանցագործութեան միջազգային դատապարտման ու արդարութեան վերականգման:

Թէեւ ապրիլ 24-ին է, որ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրածներուն յիշատակը կը յարգուի, սակայն կրաւորական յիշատակումէն եւ միայն բեմային արարողութիւններէն անդին` պէտք է թափ տալ եւ ամրագրել համակարգուած, թիրախային ու մնայուն համահայկական-համասփիւռքեան գործողութիւն:

Ճիշդ է` Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ խիստ դատապարտելի ժխտողական եւ կասկածամիտ քաղաքականութիւնը լուրջ խոչընդոտ է այս գծով համահայկական քաղաքականութիւն եւ գործողութիւն ձեւաւորելու համար, ամէն պարագայի,  սփիւռքեան եւ Հայաստանի ոչ պետական կառոյցները պէտք չէ ազդուին ժամանակաւոր այս իշխանութիւններուն թրքահաճոյ մօտեցումներէն եւ կեդրոնացած մնան արդարութեան վերականգման եւ պահանջատիրութեան գործին վրայ:

Գործողութիւններու շարքը բազմազան է եւ բազմաոլորտ: Այդ կը ներառէ` ցեղասպանագիտութեան ժամանակակից  կրթութիւն ջամբել հայ նոր սերունդներուն, հայ եւ օտար շրջանակներու մօտ թուրք-ազրպէյճանական միասնութեամբ որդեգրուած ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակականութեան յաւելեալ լուսաբանում կատարել, այդ քաղաքականութեան պատճառով Հայաստանի ապահովական եւ գոյութենական սպառնալիքները երեւան հանել, Արցախի ժողովուրդին հայրենազրկումը ցեղասպանական նոյն գործողութեան պարունակին մէջ ներկայացնել, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարիլ, Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելը քրէականացնող օրէնքներու հասնիլ, Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը եւ ցաւը աղաղակող յաւելեալ պաշտօնական-իրաւական ճանաչումներ եւ հրապարակային խորհրդանիշներ (յուշակոթողներ, հրապարակներու եւ կեդրոններու անուններ եւ այլն) ապահովել, ցեղասպանական մասնագիտական գրականութիւնը զարգացնել, Հայոց ցեղասպանութեան մշակութային ու գրական ժառանգութիւնը թարմացնել, իրաւական ճանապարհներով Թուրքիոյ տարածքին հայապատկան կալուածներու վերադարձով զբաղիլ, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպաստել, Թուրքիան ու Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկող միջազգային ու տարածաշրջանային իրաւաքաղաքական եւ դիւանագիտական գործիքներու ու գործընթացներու դիմել, արդարութեան վերականգման համար յստա՛կ պահանջարկներ ձեւակերպել:

Բնականաբար վերոնշեալները տարին միայն մէկ շաբաթ ձեռնարկ կազմակերպելով չեն իրականանար: Իսկ առանց վերոնշեալ գործողութիւնները յամառօրէն հետապնդելու եւ արդիւնաւէտօրէն համակարգելու, դժբախտաբար, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը կը դատարկուի իր էութենէն, զոհերուն եւ վերապրածներուն յիշատակն ու կտակը կը խոցուին, եւ այդ շաբթուան ընթացքին արտասանուած բոլոր ճառերը եւ ելոյթները անիմաստ կը դառնան:

18 ապրիլ 2025
Լոս Անճելըս

Նախորդը

Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ» Թատերակը` Իբրեւ Արցախի Ազատագրման Ուղեգիծ

Յաջորդը

Ճինիշեան Հաստատութեան Նախաձեռնած «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Աշակերտական Բանավէճի Ծրագիրին Մասնակիցները Այցելեցին Հայաստանի Դեսպանատուն

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?