Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

Մայիս 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Մեզմէ շատեր այն համոզումը ունին թերեւս, թէ ամէն բարերար անպայման ու ի բնէ «ազնուահոգի» կ՛ըլլայ: Կը

մտածենք, որ եթէ բարերար անձը ազնիւ ու ծառայակամ չէ, կրնա՞յ բարեգործութիւններ կատարել շարունակ, կրնա՞յ անսակարկ պատրաստակամութեամբ ընդառաջել ազգային շրջանակներէ իրեն ուղղուած դիմումներու, կրնա՞յ անվարան ու անտրտունջ գոհացում տալ մեծ ու փոքր նիւթական խնդրանքներու…

Անշո՛ւշտ որ բարերարութիւնը նկարագրի ազնիւ գիծ մը, հոգիի վեհանձնութիւն մը, ազգային տոհմիկ զգացումներու առկայութիւն մը կ՛ենթադրէ բարերարին անձին մէջ, սակայն ամէն բարերար իրապէս ազնուահոգի՞ է…

Թող ո՛չ ոք գայթակղի նման հարցադրումէ մը: Կան բարերարներ, որոնք քսակ կը բանան «երեւելի» դառնալու մարմաջով, ուրիշներ` բեմերէ եւ մամուլէ գովասանքներ լսելու դիտումով…

Բայց կա՛ն անշուշտ իսկական ազնուահոգիներ ալ, որոնք կու տան լիաբուռն` առանց որեւէ ակնկալութեան, առանց դոյզն յայտարարութեան: Պարզապէս` որովհետեւ սրտի պարտք ու բարոյական տուրք կը սեպեն բարերարութիւնը…

* * *

Այս նախաբանը ըրի Ֆրանսահայ բարերար Տիգրան Ճիէրճեանի մահուան բօթը հաղորդելու համար:

Անցնող դեկտեմբերի կէսերուն էր, որ անձնական նամակէ մը իմացանք անցումը այս բարի ու ազնիւ մարդուն, որուն գիտակցական ամբողջ կեանքը անցեր էր անհամար բարերարութիւններու մարաթոնի մը ընդմէջէն: Բայց զարմանալին ու ընդվզեցուցիչ պարագան այն էր, որ մամուլի մէջ (առաջին հերթին` Ֆրանսահայ մամուլը) ո՛չ մէկ մահազդ, ո՛չ մէկ մահագրական, ո՛չ մէկ լուր հրատարակուեցաւ իր մասին: Աւելի յետոյ պիտի իմանայինք, թէ ողբացեալը այդպէ՛ս կտակած էր. փափաքած ու պահանջած էր, որ իր մասին ոչինչ գրուի… Ընտանիքն ալ, ըստ երեւոյթին, բծախնդրօրէն հաւատարիմ մնացեր էր այդ հուսկ խնդրանքին…

* * *

Եւ ահա, իր մահէն ասդին` միա՛կ գրաւոր արտայայտութիւնը համացանցային մամուլի մէջ: Հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն մը, այն ալ` ի Հալէպ:

Արդարեւ, Բերիոյ հայոց թեմի կայքէջը Դիմատետրի իր էջին վրայ, կը տեղեկագրէր.

– Կիրակի, 26 յունուար 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետ սուրբ եւ անմահ պատարագի, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ ֆրանսահայ ազգային բարերար Տիգրան Ճիէրճեանի մահուան քառասունքին առիթով:

Հալէպի մէջ հոգեհանգստեան այսպիսի արարողութիւն մը ենթադրել կու տայ բնականաբար, թէ բարերարին տաքուկ ձեռքը կարկառէր էր մինչեւ այս ափերը` իր այնքան սիրած «Երազային Հալէպը»…

* * *

Ո՞վ էր Տիգրան Ճիէրճեան:

Կենսագրական ո՛չ մէկ տուեալ ունիմ իր մասին: Ծննդեան թուականն անգամ յայտնի չէ ինծի, սակայն կ՛ենթադրեմ, թէ 85-ամեայ էր, թերեւս ալ` քիչ մը աւելի: Կու գար տոհմասէր ընտանիքէ մը, որովհետեւ բազմիցս լսած եմ իր հօր` Մուշեղ Ճիէրճեանի մասին, որ նմանապէս բարերար ու գործուն դէմք մը եղած էր ֆրանսահայ գաղութին մէջ, տասնամեակներ շարունակ: «Յառաջ»-ի շրջանակին մէջ յարգանքով կը խօսուէր անոր մասին: Ան ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ նախագահ ու ազգային մեծանուն բարերար Ալեք Մանուկեանի անմիջական գործակիցներէն մին եղեր էր ու այդ ճամբով ալ մաս կազմեր էր միութեան Եւրոպայի Կեդր. յանձնախումբին, վարեր էր միութեան Զուիցերիական ընկերակցութեան վարիչ մարմինի փոխնախագահի պաշտօնը, 70-ական թուականներուն ընտրուեր էր ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխնախագահ` մի՛շտ ալ կատարելով մեծագումար նուիրատուութիւններ:

Յստակ է, որ հայր Ճիէրճեան իր բարերարի ջահը կրցեր էր փոխանցել իր զաւկին` Տիգրանին: Տիգրան այդ ջահը վե՛ր բռնեց պատուով: Եւ որովհետեւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ հասեր էր բարգաւաճ դիրքի մը, ուստի քսակը լա՜յն կը բանար մշակութային, հրատարակչական թէ ազգային ամէն նախաձեռնութեան առջեւ: Տեւաբար նեցուկ կը կանգնէր ֆրանսահայ մամուլին, յատկապէ՛ս` երբեմնի «Յառաջ» օրաթերթին ու անոր յաջորդ «Նոր Յառաջ»-ին: Կողակիցը ֆրանսուհի էր, կ՛ապրէին Մոնաքոյի մէջ, Միջերկրականի ափին:

Ողբացեալ պր. Տիգրանը անձամբ ճանչցած եմ դեռ 90-ականներու վերջերէն, Հալէպի մէջ, ուր եկած էր իր ամառնային արձակուրդն անցընելու: Փնտռած ու գտած էր իմ հասցէն ու եկած` ողջունելու նուաստս, դրուատելու իմ գրական ու լրագրական աշխատանքները: Քաջածանօթ էր իմ անունին` մամուլէն, մա՛նաւանդ` «Յառաջ»-ի իմ յօդուածներէն:

Տարիները սահեցան արագ-արագ:

2016-ին, երբ Հալէպի մեր առաջնորդ սրբազանը` Շահան արքեպիսկոպոս, իր իսկ հիմնած «Այգ» մատենաշարով հրատարակութեան տուաւ իմ «Դեգերումներ Հայ Գիրի Ու Պատմութեան Գետեզրին» հատորաշարքին առաջինը, զարմանքով տեսայ, որ ներքին անուանաթերթին կռնակը դաջուած էր սա՛ նշումը. «Ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանին, ծնեալ` Ստեփանեան»: Միա՛յն այսքան:

Ուրեմն գիրքիս մեկենասը ի՛նք էր` Տիգրան Ճիէրճեանը, որ ըստ իր աւանդական սկզբունքին` բարերարութիւն ըրեր էր առանց իր սեփական անունը յառաջ մղելու… Տուած էր` ի յիշատակ իր թանկագին մօր…

Վերոնշեալ պատումը կրկնուեցաւ 3 անգամ:

2018-ին հրատարակուած իմ «Դեգերումներ…»-ու Բ. հատորը եւս (կրկին Շահան սրբազանի հոգածութեամբ) ունեցաւ նոյն նշումը` «Ի յիշատակ Ծաղիկ Ճիէրճեանին»: Երրորդը (2022)` նոյնպէս: Փաստօրէն «Դեգերումներ…»-ու իմ եռաշարքին մեկենասը միշ՛տ ու մի՛շտ Տիգրան Ճիէրճեանն էր, լռիկ-մնջիկ ու սիրայօժար, պարզապէս որովհետեւ շա՛տ կը գնահատէր իմ յօդուածները, հաճոյքով կ՛ընթերցէր զանոնք, եւ որովհետեւ կը սիրէր «նիւթը ոգիի փոխակերպել` նախ անով շնչելու համար ի՛նք, ապա շնչաւորելու համար իր շուրջբոլորը», ինչպէս արձանագրեր էի Գ. հատորիս յառաջաբանին մէջ:

Դեռ վերջերս, իր մահէն ընդամէնը երեք շաբաթ առաջ, բարեկամի մը միջոցով լուր ղրկեր էր ինծի, թէ շա՛տ հաւներ էր Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին իմ վերջին յօդուածը…

Տիգրանը մեկնեցաւ այս աշխարհէն` լոյս մը ձգելով իր ետին:

Այդ լոյսը կը ճառագայթէ, կը պսպղայ փայլուն աստղերու պէս, որքան ալ ինք հետամուտ ըլլար քողարկելու այդ շողարձակումները…

Հանգի՜ստ` իր վաստակաբեկ ոսկորներուն:

 

Նախորդը

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Յաջորդը

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?