Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

Մայիս 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՈՒՐԻՈՅ ԱՊՊԱ

Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնս (ԱՊՊԱ) խոր կսկիծով իմացաւ, որ հինգշաբթի, 1 մայիս 2025-ին, Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ԱՊՊԱ-ի հիմնադիրներէն, ազգային բարձր գիտակցութեան տէր, չինական քոնկ ֆու մարտարուեստն ու փիլիսոփայութիւնը  իւրացուցած, միաժամանակ սերունդներու մարզական մշակ` վարպետ, ընկեր Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեան:

Մենք զինք ճանչցած ենք իբրեւ ընկեր Վագօ` պարկեշտ, համեստ, նուիրեալ, հաւատաւոր, մարտարուեստի մեր վարպետը: «Առողջ մարմին», «արթուն միտք» եւ «ազնիւ ոգի», այս սկզբունքներով է, որ ընկեր Վագօ, մեծ վարպետ մասթըր Կարոյի եւ հիմնադիր այլ ընկերներու հետ միասին հիմը կը դնէին ԱՊՊԱ-ին, անոնք հաւատալով վերոյիշեալ սկզբունքներուն, հիմը դրին չինական մարտարուեստին` Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուխտելով պատրաստել մարտունակ եւ տիպար նկարագիրով սերունդներ:

Անոնք երազեցին, հաւատացին եւ իրենց ուսերուն վրայ վերցուցին այս պատուաւոր մարզաձեւին զարգացումը Լիբանանի մէջ, որ իր կարգին չինական մարտարուեստի զարգացման ծննդավայրը եղաւ Միջին Արեւելքի մէջ: Հանգուցեալ ընկեր Վագոն բոլոր ճանչցողները բարձր կը գնահատեն անոր ազգանուէր գործունէութիւնը, մարզական, գաղափարական եւ միութենական ոլորտներուն մէջ թողած մեծ աւանդն ու գործունէութիւնը:

Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը երախտագիտութեան մեծ պարտք ունի հանգուցեալ մասթըր Վագոյին: Այս տխուր առիթով` Սուրիոյ Հայ սեւ գօտիներու միութիւնը, հիմնադիր կազմը` մասթըր Ճորճ Տուռնայեանը, Աւօ Գաթրճեանը, Յարութ Իշխանեանը եւ Սեպուհ Տէրեանը, վարչութիւնը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի տիկնոջ, զաւակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց սգակիր բոլոր պարագաներուն, գաղափարի ընկերներուն եւ բոլոր ԱՊՊԱականներուն: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

Հալէպ, 1 մայիս 2025

 

Նախորդը

Ազնուահոգի Բարերարի Մը Մահը (Ֆրանսահայ Տիգրան Ճիէրճեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ` Կազմակերպութեամբ Հայ ՔԱՀԼ-ի Տարեցներու Տան Տիկնանց Յանձնախումբին

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?