ՀՅԴ Բիւրոն խոր վիշտով իմացաւ ընկեր Նազարէթ Սապունճեանի մահուան գոյժը:
Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, սգակիր ընկերներուն եւ բարեկամներուն:
Ընկեր Նազարէթ Սապունճեան երկար տարիներ եղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձութեան անդամ` իբրեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ:
Բիւր յարգանք վաստակաշատ ընկերոջ յիշատակին:
ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ