Եռատօնը խորհրդանշող օրուան նշումը նորագոյն հանգամանքներով բոլորովին նոր խորհրդածութիւններ կը պարտադրէ: Շուշին բռնագրաւուած է եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակը` լուծարուած: Յաղթանակներէն այսօր միայն հայրենական պատերազմի աւարտն է, որ կը տօնակատարուի, այն ալ համաշխարհային տարբեր կեդրոններու մէջ. ոչ միայն հայաստանեան:
Այս բոլորը սակայն պատճառ չեն, որ տօները մթագնին եւ վերածուին պարտութեան զգացումի խորացման առիթի: Որքան ալ գիտակցինք, որ Ազրպէյճանը յաղթողի դիրքերէ պիտի բարձրացնէ իր յոխորտանքներու նշաձողը, պահանջներն ու նախապայմանները, լիարժէք պիտի օգտագործէ իր մօտ գտնուող պատանդառուած քաղաքական բանտարկեալները, պիտի շահագործէ թէ՛ իսլամութիւնն ու թէ՛ քրիստոնէութիւնը նենգափոխելու համար պատմութիւնը եւ հայկական հետքերը ջնջելու համար Արցախի քաղաքակրթական հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութենէն:
Պաքուն կը պահանջէ`
– Զանգեզուրի միջանցք,
– Հայաստանի սպառազինութեան դադրեցում,
– Միջազգային ատեաններ ներկայացուած հայցերու չեղարկում,
– ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահական ձեւաչափի լուծարում,
– Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական կէտերու չեղարկում:
Տակաւին կան անշուշտ ածանցեալ պահանջներ` Արցախի պատերազմին մասնակցած դէմքերու արտայանձնում, շահագործուած բնական հարստութիւններու վնասուց հատուցում, մինչեւ ֆաշականութեան արմատական չէզոքացում:
Այս պահանջներն ու պայմանները անվերջ կը նորոգուին եւ կը համալրուին: Բայց կեդրոնանանք վերը նշուած հիմնական պայմաններուն վրայ` արձանագրելու համար, որ հակառակ Արցախի բռնագրաւումին, պատանդառումներուն, բեմականացուած դատավարութիւններուն, Վատիկանի մէջ հակագիտական համագումարներուն թէ քրիստոնէական դէմքերէ ստացուող շքանշաններուն, առ այս պահը այդ նախապայմանները կը շարունակուին արծարծուիլ եւ դեռ գործնականացուած չեն:
Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ Երեւանի այսօրուան ներկայացուցիչները յուսադրիչ քայլերու կը դիմեն այդ բոլորի չէզոքացման: Կան տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական այլ հանգամանքներ, որոնք կը խոչընդոտեն Պաքուի պահանջներուն բաւարարումները:
Հայաստանի եւ սփիւռքի ազգային ուժերու համահայկական համախումբ եւ նպատակաուղղուած աշխատանքները կը յաջողին տապալել Պաքուի պահանջներու կատարումը: Շուշին համախումբ վճռակամութեամբ առարկայացած ճակատագրորոշ յաղթանակ էր, որ հունաւորեց ամբողջ հետագայ ընթացքը` յանգելով Արցախի Հանրապետութեան կայացումին:
Շուշիի վերաազատագրումը նպատակ է: Իբրեւ նախապայման Արցախի Հանրապետութեան վերակայացման: Մինչ այդ, տապալել Պաքուի բոլոր առաջադրանքները: Շուշիի օրինակով միաւորումը սակայն հայկական կողմին համար ինքնանախապայման է:
Այդ ինքնանախապայմանին գիտակից ազգային պետականութեան կայացումով պայմանաւորուած են հետագայ աշխատանքները` Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքէն, Արցախի հակամարտութեան թղթածրարի վերամիջազգայնացումէն մինչեւ ԵԱՀԿ-ի հիմնարար սկզբունքներու վերարծարծում եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացում` եռատօնի վերաիմաստաւորման համար նախադրեալները ապահովելու համար:
Եռատօնի խորհուրդը այս հանգամանքները կը յուշէ եւ ազգովին վերստին դէպի յաղթանակ առաջնորդուելու ուղիները կը լուսաւորէ: Մայիսեան տօներուն մէջ գլխաւորը Մայիս 28-ն է: Հակառակ անոր որ կորսնցուցինք անկախութիւնը, շարունակեցինք տօնել մայիսեան յաղթանակը: Վերստին անկախացնելու համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը: