Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Օքլահոմա 87 Կէտ Նշանակեց Ա. Կիսախաղին

Մայիս 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 2024-ի ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս յաջորդաբար իր երկրորդ մրցումը հիւրընկալելով անակնկալ պարտութիւն կրեց Նիւ Եորք Նիքսէն:

Պոսթըն Սելթիքս այս տարեշրջանին ձեւով մը «ծուղակի» կը ձգէր իր մրցակիցները տարբեր խաղաոճեր գործածելով եւ հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելով, սակայն Նիւ Եորք Նիքս երկու ճակատումներուն ալ մեծ տարբերութեամբ ետ մնալէ ետք յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ:

Պոսթըն մինչեւ 20 կէտի ալ հասցուցած էր իր առաւելութիւնը, սակայն Նիւ Եորք մանաւանդ 4-րդ եւ վերջին մասին տիրապետեց, մինչ Պոսթըն յաջորդական 13 հարուածներէ ձախողեցաւ որեւէ կէտ նշանակել:

Միքալ Պրիճզ իր 14 կէտերն ալ նշանակեց 4-րդ մասին, մինչ Ճէյլըն Պրանսըն 17 կէտ աւելցուց, նշանակելով 2 ազատ հարուածներ` մրցումի աւարտէն 12,7 երկվայրկեան առաջ արդիւնքը 91-90-ի բարձրացնելով: Ճէյսըն Թէյթըմ չկրցաւ նշանակել Պոսթընի վերջին փորձը, մինչ Պրիճզ վրայ հասաւ հեռացնելու վտանգը:

Խումբեր, որոնք իրենց առաջին 2 մրցումները մրցակիցի դաշտին վրայ յաղթած են 86 տոկոսով, հասած են յաջորդ հանգրուան «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ:

Թէյթըմ միայն 13 կէտ կրցաւ նշանակել, մինչ Պոսթըն 8 վայրկեանէ աւելի որեւէ կէտ չկրցաւ նշանակել 4-րդ մասին:

Սելթիքս, որ հռչակաւոր էր 3 կէտնոց կողովներու յաջողութեամբ, առաջին ճակատումին 45 (մրցանիշ) անգամ կորսնցուցած էր 3 կէտնոց փորձերը:

3-րդ մասին բաւական լաւ ելոյթ ունենալէ ետք, Սելթիքս 73-53 արդիւնքով յառաջացաւ 16-6 կէտեր նշանակելէ ետք: Փէյթըն Փրիչըրտ 3 կէտեր նշանակեց 4-րդ մասի 3-րդ վայրկեանին` արդիւնքը 84-68-ի բարձրացնելով, սակայն Սելթիքս այդ կէտերէն մինչեւ Թէյթըմի տանքը աւարտէն 18,5 երկվայրկեան առաջ ոչ մէկ կէտ կրցաւ նշանակել:

Նիւ Եորք Նիքսէն փայլեցան Ճոշ Հարթ (23 կէտ) եւ Քարլ – Անթոնի Թաունզ (21 կէտ եւ 17 ռիպաունտ), մինչ Տերեք Ուայթ (20 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (20 կէտ) Սելթիքսի լաւագոյններն էին:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի բնական տարեշրջանի լաւագոյն խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր, 149-106 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց 2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթցը:

Անակնկալ պարտութենէ մը ետք, առաջին ճակատումին, Օքլահոմա 45 կէտ նշանակեց առաջին մասին եւ 42 Բ. մասին մրցանիշ հաստատելով:

Տենվըր բնաւ չկրցաւ զսպել Թանտըրը, որուն աստղ Շէյ Կիլճիըս Ալեքսանտր 34 կէտ նշանակեց 3 մասերու ընթացքին: Ռասըլ Ուեսթպրուք 19 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նակեթցի, որուն սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ 17 կէտ կրցաւ նշանակել` առաջին ճակատումին 42 կէտ նշանակելէ ետք:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Շուշի՛, Պիտի Մնաս Մեր Երազներուն Թագուհին (9 Մայիս 1992)

Յաջորդը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» «Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Արսենալը

RelatedPosts

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց
Մարզական

Լեռնալիբանանի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-0 Արդիւնքով Յաղթեց

Մայիս 17, 2025
Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Նուժումէն` 2-1 Արդիւնքով
Մարզական

Դ. Դասակարգի Պէյրութի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ

Մայիս 17, 2025
Պասքեթպոլ-Ուասլ.  Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ
Մարզական

Պասքեթպոլ-Ուասլ. Այսօր` Ռիատի – Ահլի Եւ Սաժես – Թապիաթ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?