«Խօսնակ» պաշտօնաթերթին կից գործող մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 25 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարալ Արնէլեան, որ նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու մեր բիւրաւոր նահատակներուն յիշատակը:
Ան ըսաւ, որ «Ապրելու ապրիլը» մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար 110 տարիներէ ի վեր հանդիսացած է ու տակաւին կը հանդիսանայ մեր բիւրաւոր նահատակներուն ցաւը վերյիշելու, անոնց յիշատակը վերապրելու ու յաւերժացնելու, եւ անշուշտ` ապագայ սերունդներուն աւանդ ու պարտականութիւն ձգելու սեպուհ պարտականութիւն: Սակայն, այս բոլորին կողքին, անպայմանօրէն արդարութիւն եւ իրաւունք պահանջելու օր` առանց յուսահատելու: Ապա յիշեցուց, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 119-ամեակը, որուն ծիրին մէջ պիտի գնահատուին ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն շրջանաւարտ երեք հանգստեան կոչուած մտաւորականներ, որոնք նաեւ ունեցած են բազմամեայ վաստակ` իրենց ազգօգուտ գործունէութեամբ:
Օրուան հանդիսավարն էր Ռիթա Շահինեան: Գեղարուեստական բաժինով տուտուկահար Նայիրի Արնէլեան նուագեց Նարեկացիի «Հաւուն…հաւուն»-ը, «Շողերգ» երգեցիկ խումբի մենակատար Մարի Ժէրթիտեան երգեց «Տուն իմ հայրենի»-ն` դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարալ Արնէլեանի:
Ապա խօսք առաւ յանձնախումբի վարչականներէն Սմբատ Ղազէլեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի 119-ամեայ պատմութիւնը` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ, թուեց անոր գործունէութիւնն ու ազգօգուտ ծառայութիւնները` բարեսիրական, մարդկային, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ` ծանրանալով ՀԲԸՄ-ի որբահաւաքի աշխատանքին եւ որբանոցներ ու դարմանատուներ հաստատելու ծրագիրներուն վրան` փրկելու համար հազար-հազարներ:
Անկէ ետք Սոնիա Եագուպեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» քերթուածը, Րաֆֆի Տիշչէքէնեան մեկնաբանեց «Մայր ծնողի պէս ես նայում» երգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Թորոս Հալաճեանի:
Յաջորդ բաժինով երիտասարդ ուսուցիչ Աւետիս Տիպան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն շրջանաւարտ երեք մտաւորականներ` գրող եւ մանկավարժ Անժէլ Միսիսեանին, հրապարակագիր Օհան Պոտրումեանին եւ լրագրող Համօ Մոսկոֆեանին մասին: Ան իր խօսքին մէջ ծանրացաւ սփիւռքի մէջ հայ գրողի եւ լրագրողի դերին, ծանր պարտականութեան եւ մանաւանդ կրթական մշակներու մարդակերտումի առաքելութեան վրայ` գնահատելով անոնց տասնամեակներու ծառայութիւնները:
Ապա Միրէյ Քիւթիւքճեան մեներգեց Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն` նուագակցութեամբ Մարալ Արնէլեանի, Լիանա Ամիրխանեան ասմունքեց Համամարտի «Իրաւունք չունիս» գործը:
Օրուան պատգամաբերն էր «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը: Ան կեդրոնացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նշումը մտաւորականութեան ներկայացուցչիներու պարգեւատրման հետ համատեղելու
«Խօսնակ»-ի նախաձեռնութեան նշանակութեան վրայ` յիշեցնելով, որ Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարները առաջին հերթին ցեղասպանական քաղաքականութեան գործադրութեան համար որոշած էին սպանդի ենթարկել հայոց մտաւորականութիւնը: Միտքասպանութեան ցեղասպանական արարքի նպատակներուն մասին խօսելէ ետք, ան անհրաժեշտ նկատեց մեր հասարակութեան կողմէ մտաւորականութեան նկատմամբ ունենալիք վերաբերումի ճշդումը` գիրքերու հրատարակութեան աջակցելու, ուսուցչական ասպարէզը արժեւորելու կամ լրագրողական բնագաւառը գրաւիչ դարձնելու միջոցներ որդեգրելու առումներով:
Շահան Գանտահարեան անդրադարձաւ վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած ՀԲԸՄ-ի հայրենական գործունէութիւնը ներկայացնող եւ յատկապէս քառօրեայ պատերազմէն ետք Արցախի մէջ կատարուած աշխատանքներուն: Անոնցմէ օրինակներ մէջբերելով` բանախօսը հաստատեց, որ ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ եւ շեշտեց, որ ասոր հետեւանքներու յաղթահարման համար ազգովին պէտք է շարունակել սկսուած աշխատանքը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը չլուծարելու, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքները հետապնդելու եւ Ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններու փաստահաւաքի տուեալները միջազգային դատական ատեաններու ներկայացնելու ուղղութիւններով:
«Այս բոլոր աշխատանքները պէտք է շարունակուին, որպէսզի երբեք, բացարձակ, որեւէ ժամանակի եւ որեւէ պայմաններու մէջ չկրկնուին ցեղասպանութիւններ», իր խօսքը եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:
«Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան գնահատեց ձեռնակի կազմակերպիչներն ու մասնակիցները, անդրադարձաւ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններէն տասնամեակներ առաջ շրջանաւարտ մտաւորականները պարգեւատրելու գաղափարին եւ բեմ հրաւիրեց Անժէլ Միսիսեանը, Օհան Պոտրումեանը եւ Համօ Մոսկոֆեանը: Զանոնք յուշատախտակներով պարգեւատրելու համար ան բեմ հրաւիրեց` ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեանը, Շրջանակային յանձնաժողովի անդամ Արթօ Գունտաքճեանն ու ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու տնօրէն Արա Վասիլեանը, եւ կատարուեցաւ նուէրներու յանձնում:
Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ օրուան բանախօս Շահան Գանտահարեանին:
Աւարտին, Համբիկ Մարտիրոսեանի ղեկավարութեամբ, «Շողերգ» երգեցիկ խումը մեկնաբանեց «Մենք ենք մեր սարերը մեր», «Ատանայի ողբը», «Զէյթունցիներ», «Հէյ ջան, Երեւան» եւ «Հայեր` միացէք» երգերը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Թորոս Հալաճեանի եւ տուտուկի նուագակցութեամբ Նայիրի Արնէլեանի: