ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախեան ազատամարտին իր կեանքը նուիրաբերած անմահ հերոս է Վիգէն Զաքարեան:
Ան ծնած էր 15 մարտ 1969-ին, Պէյրութ եւ զաւակն էր Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղէն համեստ ընտանիքի մը:
Վիգէն իր կրթութիւնը ստացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Երիտասարդութեան սեմին ան միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին:
Միութենական եւ կազմակերպական աշխատանքներու կողքին Վիգէն եռանդուն մասնակցութիւն բերաւ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ մնաց պատնէշի առաջին գիծերուն վրայ: Ան մնայուն ներկայութիւն էր
«Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ պարտաւորութիւն չունէր:
Պատերազմի ամէնէն դժոխային օրերուն Վիգէն միշտ պատրաստ էր օգնութեան հասնելու Նոր Ատանա թաղի բնակիչներուն: Ան անձնապէս կը հետաքրքրուէր թաղեցիներու վիճակով եւ ջուրի ու հացի տագնապի այդ օրերուն իր ամէն կարելին կ՛ընէր անոնց հաց ապահովելու համար:
Վիգէն 1988-ին աւարտեց Համազգայինի Մելաքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը: Այնուհետեւ ան հետեւեցաւ Հայկազեան համալսարանի առեւտրական ճիւղի դասընթացքներուն: Ապրուստը ապահովելու համար ընտրեց ոսկերչութեան արհեստը:
Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմին մէջ Վիգէն պատասխանատու պաշտօններ վարեց: Եղաւ «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ: Ան անդամագրուած էր նաեւ Համազգայինի պարախումբին:
Վիգէնի մէջ տիրական էին ազգային պատկանելիութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումը, ազատ ու անկախ, միացեալ հայրենիքի գաղափարը: Ան կը հաւատար, որ ամէն հայ պարտականութիւն եւ պարտաւորութիւն ունի իր մասնակցութիւնը բերելու հայրենիքի ազատութեան եւ բարգաւաճման սուրբ գործին:
Վիգէն հիացող մըն էր յեղափոխական գրականութեան, հմայուած էր ֆետայիներու կեանքով ու անոնց կատարած սխրանքներով, կ՛երազէր նմանիլ անոնց եւ իր կեանքը զոհաբերել յանուն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման:
Խորապէս ոգեւորուած էր հայկական նորօրեայ ազատագրական պայքարով` արցախեան ազատամարտով: Անսալով արեան կանչին, ան փութաց իր մասնակցութիւնը բերելու Շուշիի ազատագրման:
Վիգէն 17 ապրիլ 1992-ին Լիբանանէն մեկնեցաւ Հայաստան, միացաւ կամաւորներուն, զինուորական տարազ հագաւ, զէնքը ձեռք առաւ եւ անցաւ Արցախ:
Վիգէն հմայուեցաւ Արցախի չքնաղ բնութեամբ, հայրենի նուիրական յիշատակարաններով եւ որոշեց Շուշիի ազատագրութենէն ետք ամուսնանալ եւ հոն բնակութիւն հաստատել:
Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը մայիս 7-ի երեկոյեան ձեռնամուխ եղան Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւններուն: Թշնամին շփոթեցնելու եւ հարուածի հիմնական ուղղութիւններէն անոր ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով բոլոր ուղղութիւններով յարձակումներ սկսան:
Հայ մարտիկները 8 մայիս 1992-ին գրոհային չորս խումբերով ձեռնամուխ եղան կենդանի ուժով ու միջոցներով գերազանցող թշնամիի ջախջախման: Շուշիի հարաւ-արեւմտեան կողմը, Լիսագորի բարձունքներուն, բուռն բախումներու ժամանակ Վիգէն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Ան իր զէնքի ընկերներէն խնդրեց իրմով չզբաղիլ եւ շարունակել Շուշիի ազատագրութեան մարտը:
Նահատակ Վիգէն Զաքարեան յետ մահու Արցախի Հանրապետութեան Մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուեցաւ: Թաղուեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ: