Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութիւն Մարկարոսեանի Անմար Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Մայիս 3, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ

Ձախէն աջ` Եդուարդ Պօյաճեան, Սարգիս Պլղաշեան, Վարուժան Աղասարգիսեան, Պօղոս Սնապեան, Աղաւնի Վարժապետեան (Պ. Սնապեանի ապագայ կողակիցը), բարեկամ մը, Յարութիւն Մարկարոսեան, Գալուստ Պապեան եւ Վահրամ Պոյաճեան: Լեռնալիբանան, 1961 թ.:

Հինգշաբթի, 20 մարտը տխուր շատ տխուր օր մը եղաւ ինծի  եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն համար, երբ Յարութիւն Մարկարոսեանի մահուան գոյժը առինք: Հօրս ապրող մէկ մասնիկն էր ան` Յարութիւն Մարկարոսեանը, որ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին եղած էր մտերիմ բարեկամը անոր եւ մեզի համար` հարազատ հօրեղբօր մը չափ. քրոջս, եղբօրս եւ իմ Յարութ ամմոն էր:  Թէեւ հօրս մահէն ետք մեր հանդիպումները յաճախակի չմնացին, սակայն երբեմն-երբեմն տեղի ունեցող տեսակցութիւնները եղան քաղցր ու հարազատ եւ հին յուշեր ու զուարթ օրեր վերակենդանացուցին:

Յարութիւն Մարկարոսեանի եւ հօրս բարեկամութիւնը սկսած էր շատ կանուխ, իրենց երիտասարդական օրերէն, երբ հայրս ուսանող էր Ֆրանսա, իսկ Յարութիւնը, իր ասպարէզին բերմամբ, Փարիզ կ՛երթար ու կու գար: Երբ  Յ. Մարկարոսեան արդէն Պէյրութի մէջ մեծ հռչակ վայելող անուն մը դարձաւ, նոյնացաւ իր իսկ հիմնած հաստատութեան հետ` Հայ Արթ Յարութ (High Art):

Տորայի մէջ իր կաշիի գործարանն ու կից` իր ցուցասրահը մանկութեանս ընկերակցող յուշեր են: Յաղթանդամ, թիկնեղ, գեղեցիկ արտաքինով, շրթներուն` անբաժանելի սիկառը, որուն ծուխէն դեղնած մազերուն առջեւի փոքրիկ փունջը ա՛լ աւելի իւրայատուկ փայլք մը կու տար իր արդէն իսկ տպաւորիչ կերպարին: Իբրեւ աղջնակ` ես «վարէն» կը դիտէի այս հսկայ մարդը, որուն հետ անվերջանալի զրոյցներ կ՛ունենար հայրս: Մինչ իրենք կը զրուցէին, աչքերս աշխատանոցէն ներս կը պտտցնէի տեսնելու համար այնտեղ ստեղծուող կամ ստեղծագործուող պայուսակները: Օ՜ այդ կաշիներուն բոյրը եւ այն գեղեցիկ պայուսակները, որոնք մեծահարուստ տիկիններու, դերասանուհիներու, կամ քաղաքական դէմքերու սեփականութիւնը պիտի դառնային: Ֆրանսական ու իտալական վերջին նորաձեւ պայուսակներու նորոյթները Հայ Արթ-ին քովն էին: Սքանչելի հաւաքածոներ, միշտ` թարմացուող, անկրկնելի:

Մեր տան մէջ ալ ունէինք այդ պայուսակներէն… մօրս հագուստներուն անբաժան մասն էին անոնք… Ես ալ, անշուշտ, երբ երիտասարդուհի դարձայ, տիրացայ անոնցմէ մէկ քանիին, զորս խնամքով տակաւին կը պահեմ…

* * *

Յարութիւն Մարկարոսեան լիբանանահայ կեանքին մէջ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ: ՀՄԸՄ-ի մէջ եղաւ փայլուն անուն մը. իրերայաջորդ Շրջանային վարչութիւններ, ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ, շքանշանակիր, մէկ խօսքով` բազմավաստակ ՀՄԸՄ-ական:  Այս «Ֆետերասիոն» բառն ալ իրմէ լսած եմ առաջին անգամ… «Յարութ ամմոն ֆետերասիոնի անդամ է», «Ֆետերասիոնի որոշում», «Ֆետերասիոնն ու ՀՄԸՄ-ը» եւ այլն եւ այլն… Ահա այսպիսի՛ նիւթեր, որոնցմէ անշուշտ շատ բան չէի հասկնար այդ ժամանակ…

* * *

Հապա՞ իր աննման կողակիցը` Զապէլ թանթիկը, որ շուրջ վաթսուն տարի իր ամուսնոյն թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ, նոյնպէս արժանի է ամէն գնահատանքի: Միշտ կը հիանայի անոր կատարեալ հիւրասիրութեամբ եւ ջերմ ընդունելութեամբ, երբ իրենց տունը հիւր կ՛երթայինք:

* * *

Սիրելի՛ Յարութ ամմօ,

Յուղարկաւորութեանդ ՀՄԸՄ-ի տարազաւոր, պատուոյ պահակ սկաուտներէն մէկը իմ տղաս էր, քու սիրելի Պօղոսիդ թոռնիկը… այդ պահը շատ յուզիչ էր ինծի համար, կարծես Պօղոսը ներկայ էր թաղումին…

Դուն, որ անոր դժուար օրերուն իր կողքին եղար եւ միշտ առատաբաշխ ձեռքդ երկարեցիր իրեն, խաղաղ հանգչէ եւ վստա՛հ եղիր, որ յիշատակդ մեր սրտերուն մէջ անմար պիտի մնայ:

25 ապրիլ 2025

Նախորդը

Եութուպը (YouTube) 20 Տարեկան Է

Յաջորդը

Անմահացաւ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?