Վաղնջական ժամանակներէն մարդ անհատի մտահոգութեան հիմնական առանցք դարձած է մարդկային կեանքի նպատակը: Մարդիկ հարց տուած են, թէ ինչո՞ւ կ՛ապրին այս աշխարհիս վրայ: Արդեօք ի՞նչ է մարդուն նպատակը, առաքելութիւնը: Սա գոյութենական հարցադրում մը եղած է: Անշուշտ իւրաքանչիւր մարդ անհատ ունի եւ պէտք է ունենայ նպատակ, առաքելութիւն: Եւ ուրիշ այլազան բաներու կողքին, այս առանձնայատկութիւնն է, որ մարդը կը տարբերէ միւս բոլոր արարածներէն:
Կեանքին մէջ նպատակ կամ առաքելութիւն ունենալու հիմնական բնորոշիչներէն մէկն ալ մարդուն աշխատիլն է, զբաղած ըլլալը, իր ձեռային կամ մտային աշխատանքով յաւելեալ արդիւնք ստեղծելը: Երբ «Աստուածաշունչ» մատեանի «Ծննդոց գիրք»-ին առաջին համարները կարդանք, կը տեսնենք, թէ տիեզերքի մէջ ամէն ինչի կողքին Աստուած ստեղծեց նաեւ աշխատանքի գաղափարը: Աստուած իր պատկերին համաձայն ստեղծած մեր նախահայր եւ նախամայր Ադամն ու Եւան վերահասու դարձուց Եդեմի պարտէզին, եւ հոն ապրող բոլոր անասունները ենթակայ դարձնելով անոնց կամքին, անոնց պարտականութիւն տուաւ հոգալ այդ պարտէզին, բարեզարդել զայն, հոգ տանիլ հոն ապրող բոլոր արարածներուն: Ասիկա մեր նախահայր եւ նախամայր Ադամ եւ Եւայի` աշխատանքի գաղափարին հետ առերեսուելու առաջին փորձառութիւնն էր: Այս փորձառութենէն անոնք նաեւ դասեր քաղեցին, սորվեցան բնութենէն, ծանօթացան անոր գաղտնիքներուն: Իրենց ամբողջ էութեամբ անոնք փորձարկեցին հետագայ քրիստոնեայ մեծ մտածողներու (մեր պարագային` գլխաւորաբար Դաւիթ Անյաղթի) այն միտքը, որ որքան ծանօթանանք բնութեան գաղտնիքներուն, այնքան աւելի կը մօտենանք այս աշխարհի Արարիչը ճանչնալու: Որովհետեւ Աստուած անշօշափելի էութիւն մըն է, զայն կրնանք ճանչնալ բնութեան գաղտնիքները եւ օրէնքները ճանչնալով…
Մեր նախահայրն ու նախամայրը ի վերուստ տրուած իրենց պարտականութիւնը կամ պաշտօնը ուրախութեամբ կը կատարէին Եդեմի պարտէզին մէջ: Անոնց համար աշխատանքը երջանկութիւն էր, եւ ոչ թէ տրտնջալու գործօն: Անոնք իրենց աշխատանքով Աստուծոյ գործընկերները դարձան ստեղծագործութեան հոլովոյթին մէջ: Անոնք շատ մեծ սիրով փարած էին իրենց տրուած այդ պաշտօնին եւ գոհ էին անկէ, կը վայելէին անոր բոլոր բարիքները, արդիւնք կը ստանային անկէ, մինչեւ այն չարաբաստիկ օրը, երբ` չյարգելով Արարիչին կողմէ իրենց պատուիրուածը, կերան «արգիլուած պտուղ»-էն եւ վտարուեցան Եդեմի պարտէզէն: Անոնց յանցանքին համար Աստուած պատժեց զիրենք` դատապարտելով ճակտի քրտինքով ապրուստը վաստկելուն, տաժանակիր աշխատանքի: Հոս այլեւս աշխատանքի գաղափարին էութիւնը փոխուեցաւ: Այլեւս անիկա հաճելի զբաղում չմնաց, առաւել` ժամանակի ընթացքին շահագործումի երեւոյթն ալ աւելցաւ: Քննական պատմութեան մէջ այս բոլորը ուրիշ ձեւով կը բացատրուին, այդտեղ կապ կը ստեղծուի մեր նախահայրերուն նախնադարեան հասարակութիւններէն դուրս գալու եւ նստակեաց կեանքի ու հողագործութեան վարժուելու երեւոյթներուն հետ, որոնք նաեւ յանգեցուցին աշխատանքային իրերու զարգացման եւ յաւելեալ աշխատուժ ունենալու կարիքին, ինչ որ իր կարգին պատճառ դարձաւ աշխատող մարդոց աշխատանքը շահագործելուն…
«Իյնալ»-ը կամ Եդեմի պարտէզէն դուրս դրուիլը ոչինչ փոխեց աշխատանքի առումով Աստուծոյ` մարդուն համար ճշդած նախախնամական ընթացքէն: Այո՛, կայ տրտունջ, կայ շահագործում, կայ արդարօրէն չվարձատրուելու երեւոյթ, կայ դժգոհութիւն վերակացուի մը մնայուն թելադրանքներէն կամ հրահանգներէն, բայց այս բոլորը ոչինչ կը փոխեն այն իրականութենէն, որ մարդը ի վերուստ առաքելութիւնը ունի աշխատելու եւ այդ աշխատանքին միջոցով բարելաւելու իր եւ իր շուրջիններուն կեանքը: Եւ այստեղ այլեւս աշխատանքը կը դառնայ պայքարելու ձեւերէն մէկը մնայուն կերպով մենք զմեզ կատարելագործելու, ինչ որ մեզի համար նախասահմանուած աստուածային ծրագիրի նպատակներէն մէկն է: Մարդ անհատի մնայուն ուշադրութեան կեդրոն պէտք է հանդիսանայ այս աշխարհի վրայ աստուածահաճոյ աշխատանք կատարելը, ինչ ասպարէզի կամ մասնագիտութեան մէջ ալ գտնուի ան: Անոր համար ալ մենք մեր աղօթքներուն մէջ մնայուն կերպով կը խնդրենք մեր Տիրոջմէն մեզի օգնել գործելու «զբարիս»: Միաժամանակ, Աստուծոյ եւ Անոր Միածինին ուսուցումներուն անյարիր է աշխատանքային շահագործումը, ուստի քրիստոնէական վարդապետութեան համար էական է պայքարը վերացնելու խտրականութիւն, շահագործում եւ կեղեքում: Էական է պայքարիլը, որ դրամագլուխի կուտակումի հասարակութեան փոխարէն, ուր մարդոց նուազ քան հինգ առ հարիւրը իր մօտ կը կուտակէ աշխարհի հարստութեան 99 տոկոսը, ստեղծուի մարդկային արդարութեան եւ հաւասարութեան հասարակարգ: Ահա այն ժամանակ, «նոր աշխարհ»-ին մէջ, մարդ անհատին համար աշխատանքի հասկացութիւնը պիտի վերադառնայ իր նախնական` եդեմական իմաստին, աշխատանքը դարձեալ հաճոյքի պիտի վերածուի մարդուն համար:
Մինչ այդ սակայն` աշխատիլ, աշխատիլ եւ աշխատիլ, վանել մեզմէ ծուլութեան ամէն փորձութիւն: Որովհետեւ ծուլութիւնը, զբաղած չըլլալը, փաստուած երեւոյթ մըն է` ծնուցիչն է ամէնէն վտանգաւոր մոլութիւններուն: Նոր կտակարանին մէջ հետաքրքրական դիտարկում մը կայ աշխատանքի վերաբերեալ` ով որ կ՛աշխատի, ան կ՛ուտէ: Առաքեալը, ազգերու առաքեալ Ս. Պօղոսը ինք, իր քարոզչական գործունէութենէն անկախ, միշտ ձեռքով աշխատանքի մէջ եղած է: Ան վրանագործ եղած է` իր առօրեայ ապրուստը վաստկելու համար: Պօղոս առաքեալի կեանքը մեծագոյն օրինակներէն մէկն է, թէ քրիստոնեայ անհատը ինչպիսի՛ մօտեցում պէտք է ունենայ աշխատանքի հասկացութեան նկատմամբ…