Մայիս մէկը այն օրն է, երբ ճակատի քրտինքով ապրող քաղաքացին աշխատաւոր դասակարգին իրաւունքները չոտնակոխելու երաշխիքներ պիտի ուզէր ստանալ որոշումի տէր կառոյցներէն:
Մարդ արարածը գաղափարական ի՛նչպիսի համոզումներ ալ ունենայ, վարդապետութիւններու հաւատայ, անպայման մօտէն կամ հեռուէն առնչուած է աշխատանքի իրաւունքներու պաշտպանութեան պահանջին:
Որո՞ւ մտքէն պիտի անցնէր, որ 1886-ին, Շիքակոյի ճարտարարուեստական կեդրոններէն մէկուն մէջ աշխատանքի պայմանները բարելաւելու նպատակով կազմակերպուած ցոյց մը պատճառ պիտի դառնար, որ երեք տարի ետք` 1889-ին, Ֆրանսական յեղափոխութեան 100-ամեակին առիթով գումարուած Ընկերվարական երկրորդ միջազգայնականի առաջին նիստին, իբրեւ զօրակցութիւն Շիքակոյի աշխատաւորներուն եւ անոնց դատին, զոհերուն եւ շարունակուող պայքարին, պիտի որոշուէր մայիս մէկը հռչակել Աշխատաւորութեան միջազգային օր:
Մայիս մէկի տօնախմբութիւնները աշխարհի տարբեր ափերու վերածուեցան աշխատաւորական պահանջներ դրսեւորող պոռթկումներու, իշխանութեանց եւ ժողովրդային խաւերու միջեւ բախումի առիթներու:
Մայիս մէկը մարդ արարածին եւ հասարակութիւններուն աշխատանք ունենալու, սեփական աշխատանքին պտուղները ազատօրէն վայելելու եւ արդարօրէն արժեւորուած տեսնելու, կեցութեան պայմանները էապէս բարելաւելու, իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը խորհրդանշող օրն է:
Տակաւին մինչեւ մօտիկ երէկը ողջ աշխարհը կը փառաբանէր մայիս մէկը` գովերգելով եւ իմաստաւորելով մարդուն ստեղծագործ աշխատանքը: Սակայն տարիներու ընթացքին, աշխատաւորական պահանջներուն զուգահեռ, պահանջներուն վրայ աւելցան քաղաքական շահարկումներ, ընկերային, կրօնական, հասարակական, սեռային հաւասարութեան եւ ազատութիւններու վերաբերող զանազան պահանջներ, տեսակաւոր այլանդակութիւններ:
Լիբանանի պարագային, յետադարձ ակնարկ մը նետելով անցնող տասնամեակներուն, կարելի է ըսել, թէ Լիբանանի աշխատաւորութիւնը կտրեց համեմատաբար կարճ, դժուարին, սակայն պատուաւոր ու կարեւոր յաջողութիւններով լեցուն ուղի մը, հակառակ տարբեր ձեւի ճնշումներու եւ հասարակաց շահերով նոյնացած ներքին ու արտաքին դաւերուն:
Դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ երկրին գերիշխանութեան թշնամիներ, թաքուն գործակալներ յաջողեցան հեղինակազրկել Աշխատաւորական համադաշնակցութիւնը, կազմալուծել անոր հովանոցին տակ գործող ընկերային եւ հասարակական զանազան կառոյցներ:
Այսօր ո՞վ կը լսէ Լիբանանի աշխատաւորներուն արդար պահանջները: Փորձեցէք հարցով մը մօտենալ ընկերային ապահովագրութեան որեւէ գրասենեակի… Աւելի ողբալի վիճակ պարզեցին Համադաշնակցութեան կարգ մը ղեկավարներ, որոնք իրենց խիղճը քանի մը ոսկիով ծախեցին այս կամ այն քաղաքական ղեկավարին, շահագործողին, մենաշնորհեալին: Ողբերգութիւն մը, որուն հիմնական պատճառը համայնքայնութիւնն է, ինչպէս նաեւ թաէֆայական մտայնութիւնը` որ այսինչ « շէյխ»-ին, «ֆէս»-ին, «ըսթեզ»-ին, «բէկ»-ին «էմիր»-ին պեխին սիրահարած աշխատաւորը հակառակորդ կը դարձնէ մէկ այլ «շէյխ»-ին, «մոլա»-ին, «բէկ»-ին կամ «ըսթեզ»-ին պեխին… Համայնքային դաւանանքային մոլեռանդութիւնը այնքան թունաւոր դարձած է, որ կը մթագնէ միեւնոյն ճնշիչ պայմաններն ունեցող մարդոց ընկերային գիտակցութիւնը, կ՛արգիլէ անոնց քով-քովի մօտենալը, աւելի լաւ օրուան մը համար միատեղ աշխատիլն ու պայքարիլը:
Այս իրողութենէն կ՛օգտուին ընկերային անարդարութիւնը դաւանողները, որոնք աշխատաւոր դասուն կազմաւորումն ու յառաջդիմութիւնը արգիլելու կամ դանդաղեցնելու համար, ստէպ կը հրահրեն համայնքային խտրութիւնը, որ ակնթարթի մը մէջ նոյն դասակարգին պատկանող քրիստոնեան կը հանեն մահմետականին դէմ, որոնք` մոռնալով իրենց իսկական հակառակորդը, բռունցքները իրարու դէմ կը ցցեն, ուժասպառ դառնալով յօգուտ շահագործողին:
Լիբանանի բոլոր աշխատաւորները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ, մահմետական թէ տիւրզի, ընկերային հասարակաց պայմաններու զոհերն են, որոնք, պաշտելով հանդերձ իրենց նախասիրած Յիսուսը կամ Մարգարէն, պարտին գիտակցիլ իրենց ընկերային շահերը, յստակ տեսնել ուղին, որ զիրենք տնտեսական բարեկարգութեան պիտի տանի, եւ միակամ ճակատ բռնած զիրենք համայնքային կիրքով կուրցնել փափաքողներուն դէմ, գործեն ընկերային արդարութեան համար, որ կ՛անցնի ազատութեան, անկախութեան ու ազգային միութեան ամրապնդման ուղիէն:
Մէկ խօսքով, Աշխատաւորութեան օրը շատ բան կորսնցուցած է մարդկային լայն դասակարգի մը իրաւունքներուն պաշտպանութեան առաքելութենէն, իմաստէն եւ խորհուրդէն: