Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը չմոռնայ ՔՊ-ի «սխրանք»-ները եւ անոնց կերտումին մասնակիցները, զանոնք գովաբանողները, քարոզողնե՛րը:

Հնարքներէն մէկը «Հանրային հեռուստակայան» կոչուող պատկերասփիւռի պատուհանին օր-աւուր օգտագործումն է` իշխանութեան անցեալի եւ շարունակուող ձախաւերութիւնները, վնասարարութիւնը քողարկելու, զանոնք իբրեւ դրական իրագործում ներկայացնելու համար: Իբրեւ «գործիք»` կը ծառայեն իշխանութեան շահակիցները (մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ) եւ դրածոյ-պաշտօնակատարները: Եւ պատահական չէ, որ կարգ մը «դէմք»-եր որոշ հերթականութեամբ ու պարբերականութեամբ հարցազրոյցի կը բերուին հանրութեան ուղեղներն ու յիշողութիւնը, պատմութեան մասին գիտցածները շոգիացնելու, բթացնելու նպատակով:

Այդ «հերոս»-ներէն մէկը կը կոչուի Արծրուն Յովհաննիսեան, որ հռչակաւոր դարձաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, հանրութիւնը ամէն օր «Յաղթելու ենք»-ներով (եւ մարդիկ ամբողջ հոգիով հաւատացին, որ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ), մինչեւ որ սուտին փուչիկը պայթեցաւ, եւ դաժան ու սարքովի պարտութիւնը ծանր ապտակի պէս իջաւ իւրաքանչիւր հայու երեսին: Հարուածին ցաւը զգացին բոլոր անոնք, որոնք Արցախն ու Հայաստանի կը նկատէին (եւ կը նկատեն) հայապատկան, հիմնաքար-մեկնակէտը` մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործման: Մնացեալին մասին խօսիլ չ՛արժեր:

Ստախօս վարչախումբին այս բանբերը յետոյ պահ մը` կարճ ժամանակ մը, հեռու մնաց հրապարակէն, ապա ի յայտ եկաւ, որ բանակայիններու դաստիարակութեան մարզին մէջ պատասխանատու պաշտօնի կոչուած է, աւելի ուշ սկսաւ յաճախ երեւիլ պատկերասփիւռի յիշեալ կայանէն եւ ամբողջ ուժով, գիտցածով-չգիտցածով լծուեցաւ իշխանախումբին ի նպաստ քարոզարշաւի: Անոր նորագոյն «փայլատակում»-ները տարածուեցան քանի մը օր առաջ, Բ. Աշխարհամարտի իրադարձութիւնները մեկնաբանողի պատմուճանով, իբր թէ պատմական խեղաթիւրումները ուղղելու եւ ժողովուրդը ուղեղալուացքէ փրկելու մօտեցումով:

Խելամիտ հայուն համար կայ երկու հարց. նախ այն, որ ձախաւերութեան բանբեր մը, մասնակից մը ինչպէ՞ս կրնայ պատասխանատու պաշտօնի վրայ պահուիլ, յետոյ, զանգուածը ինչպէ՞ս կրնայ հանդուրժել խաբեպատիր-խեղաթիւրող քարոզչութիւնը: Այս վիճակը չ՛արդարանար` ըսելով, որ ժողովուրդը շա՜տ աւելի ահաւոր եւ վնասարար «շքերթ» մը կը հանդուրժէ, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ հողերու կորուստէն ետք, կարծէք թէ տրամադիր է նոր կորուստներ հանդուրժելու, մինչեւ իսկ սահմանադրութեան եւ այլ էական արժէքներու կորուստը կուլ տալու…

***

Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ անոր պատուիրատուներուն ըսած-չըսածին մասին երկար խօսելու նպատակ չունինք, ո՛չ թէ անոր համար, որ շա՜տ երկար սիւնակներ պէտք է արձանագրել` ստաբանութիւններն ու իրականութիւնները ծուռ հայելիի մէջ ներկայացնելու «հնարք»-ները հերքելու, ուղղելու համար, այլ որովհետեւ վերջին օրերուն հայրենի բանիմաց պատմաբաններ, քաղաքական դէմքեր եւ, մէկ խօսքով, սուտը մերժողներ բաւական սպառիչ բացատրութիւն տուին պատմութեան հոլովոյթին մասին, ցոյց տուին, թէ ան ինչպէ՛ս վերիվայր կը շրջէ փաստերը քանի մը վայրկեանի տարբերութեամբ, եւ ինչպիսի՜ «հմտութեամբ» ինքզինք կը հակասէ: Անմիջապէս աւելցնենք, որ սա միայն այս արարածին մենաշնորհը չէ, այլ բոլոր ՔՊ-ականներն ու անոր կողքին քալողները վարակուած են իրենց շեֆին նոյն «արժանիք»-ներով:

Այս սիւնակին մէջ կ՛ուզենք եղածը դիտել տարբեր անկիւնէ եւ յիշեցնել, որ հայրենիքին ու ժողովուրդին դաւաճանողները միայն ՔՊ-ականներու շարքերէն չեն ծնիր, անոնց նմանները կան այլ երկիրներու, գերպետութիւններու մէջ, որոնք կը մնան խարանուած (եւ բնականաբար չ՛արդարանար նման շահամոլներէ օրինակ վերցնելը): Աղաղակող եւ պատմական օրինակ մըն է Օլիվըր Նորթ անունով ամերիկացի զինուորականը, որուն անուան կապուած է «Իրան-Քոնթրա» կոչուած գայթակղութիւնը:

Ո՞վ է Նորթ, ի՞նչ էր Իրան-Քոնթրա-ն:

70-ական եւ 80-ական տարիներու աշխարհի ելեւէջները յիշողները վստահաբար չեն մոռցած «աշխարհացունց» այդ դէպքերը (պայմանաւ որ չեն վարակուած «Նոր Հայաստան եւ համապատասխան նոր պատմութիւն» ախտով):

Պատմութիւնը շա՜տ երկար է. շահեկան է միայն արձանագրել, եւ` ամփոփ կերպով, որ Իրանի սերտ դաշնակից Միացեալ Նահանգները` շահին զէնքի գլխաւոր մատակարարը (եւ Իրանը պաշտօնապէս կողոպտողը, ինչպէս որ Թրամփ եւ նախորդները հիմա կ՛ընեն Ծոցի երկիրներուն մէջ), օր մը «երես դարձուց» իր զինակիցէն, որ տապալեցաւ ու երկրէն հեռացուեցաւ այաթոլլա Խումէյնիի յեղափոխութեան ճամբով: Երէկի դաշնակիցները դարձան ոխերիմ հակառակորդներ: Օրուան նախագահը` Ճիմի Քարթըր, որոշեց զէնք չծախել Իրանի: Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատունը գրաւուեցաւ «Յեղափոխութեան պահակներ»-ու կողմէ եւ աւելի քան 50 պաշտօնատար պատանդ պահուեցան մօտաւորապէս 15 ամիս, դարձան… Քարթըր-Տանըլտ Ռիկըն ընտրապայքարի գլխաւոր խաղաքարտերէն մէկը եւ ազատ արձակուեցան Ռիկընի Սպիտակ տուն մուտքի օրերուն:

Կարճ ատեն մը ետք ամերիկացի «խելամիտներ» (այսինքն` զէնքի վաճառորդներ) յանկարծ իմաստնացան եւ տեսան, որ քարիւղով հարուստ Իրանին զէնք չծախելը այդքան ալ շահաւէտ բան չէ (այդ գործօնը, ի շարս այլոց, զգալի է նաեւ այսօր, երբ ամերիկացիք եւ իրանցիք բանակցութիւն կը վարեն): Եւ ահա, իբր թէ Ռիկընէն գաղտնի,  խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մշակեցին «հնարամիտ ծրագիր» մը` երկու թռչուն մէկ քարով զարներու դիտաւորութեամբ: Անոնք սկսան «սեղանին տակէն» զէնք հասցնել Իրան` զայն համոզելու, որ Լիբանանի մէջ (կարճ ատեն մը առաջ ուշագրաւ ուժ դարձած) Հըզպալլան համոզեն, որպէսզի ազատ արձակէ ամերիկացի պատանդներ: Զէնքերը տեղ հասան, փոխարժէքն ալ ի՛ր տեղը հասաւ եւ օգտագործուեցաւ երկրորդ թռչուն մը որսալու համար: Նիքարակուայի մէջ ամերիկացիներուն դրածոյ-դաշնակիցը` Սոմոզա, իշխանութիւնը կորսնցուցած էր համայնավարական գունաւորումով ծանօթ` սանտինիսթներու յեղափոխութենէն ետք, ուրեմն Իրանէն շահուած գումարները օգտագործուեցան սանտինիսթներուն դէմ պայքարին համար:

Կրկնակի գայթակղութեան «դդումը» պայթեցաւ Վիեթնամի պատերազմի վեթերաններէն Օլիվըր Նորթի գլխուն, որ Ազգային ապահովութեան անձնակազմի մէկ անդամն էր եւ բանալի դեր խաղացած էր զուգահեռ գործառնութիւններուն մէջ: Քննութիւն բացուեցաւ, եւ ծալք-ծալք քակուեցան գայթակղութեան մանրամասնութիւնները: Ի յայտ եկաւ, որ «գործողութեան» ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից եղած են` պաշտպանութեան նախարար Քեսփըր Ուայնպըրկըր, արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Շուլց, Ճորճ Պուշ (հայր) եւ ուրիշներ: Պոչը հասաւ նախագահին, սակայն ան զերծ մնաց հետապնդումէ: Մեղադրեալները դատապարտուեցան, աւելի ուշ` Ճորճ Պուշ իր նախագահութեան վերջին օրերուն, ներում շնորհեց բոլորին, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, ինք ալ կար մեղսակիցներու ցանկին վրայ:

Յետո՞յ ինչ: Յետոյ մեղադրեալներն ու անպարտ հռչակուածները պաշտօնի բերուեցան, Նորթ դարձաւ… ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի («Ֆաքս»-ի) մեկնաբան, իշխանաւորներու քարոզչութեան մէկ շեփորը: Ան մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ 90-ականներուն թեկնածու ներկայանալ ծերակոյտի ընտրութիւններուն (հապա՜, կը կարծէիք, որ միայն Հայաստանի՞ մէջ վատահամբաւները նման պաշտօններու կը յաւակնին եւ… կը հասնին), ձախողեցաւ, յետոյ դարձաւ Հրացաններու ազգային ընկերակցութեան (ամերիկեան քաղաքական կեանքի մէջ շատ ազդեցիկ կազմակերպութիւն) նախագահը…

***

Ինչպէս նշեցինք, Իրան-Քոնթրա երկակի գայթակղութիւնը իր անմոռանալի տեղը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորագոյն պատմութեան մէջ (եւ հոն կան մարդիկ, որոնք նախկիններու-նորերու, պատմական եւ նոր հայրենիքի երգերով չեն զբաղեցներ հանրութիւնը): Մեղադրանքները կարճ ատեն ետք հանուեցան, բայց խարանը մնաց:

Ինչո՞ւ յիշեցինք Նորթն ու այդ օրերու «խունթա»-ն (որ Նիքարակուայի մէջ ուրիշ խունթայի մը պաշտպանն էր. մոռնանք նաեւ, թէ սանտինիսթներու ղեկավարը` Նորիեկա, ինչպիսի՜ դիմաշրջումներ կրեց): Ցոյց տալու` որ հզօր Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ ատենին (նաեւ այսօր) կան գայթակղութիւններ սարքողներ, որոնց նպատակը իբր թէ իրենց հայրենիքին ծառայելն է, հոգ չէ թէ այդ կ՛ընեն ընկալեալ օրէնքներու ոտնակոխումով, իբրեւ թշնամի ճանչցուածներու հետ գործակցութեամբ (արդարօրէ՞ն, թէ՞ անտեղի կերպով, այլ հարց), յանցաւոր կը նկատուին, յետոյ կ’արդարանան… պաշտպանեալներու ձեռքով: Արծրուններ եւ նման բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր ընթացք չունին, սակայն անոնք մինչեւ իսկ զերծ են տարրական հետապնդումէ, հոգ չէ թէ օր ցերեկով աղաղակող ապօրինութիւններ կ՛ընեն, ազգը կը խաբեն, ժողովրդավարութեան քողի տակ մինչեւ իսկ ոճիրներ կը գործեն: Նորթերու գայթակղալի գործունէութիւնը, յամենայն դէպս, չի հասնիր հայրենիքի հողերու կորուստի կամ ժողովուրդի թշուառացման:

Բաղդատութեան եզրեր չկան, սակայն ապօրինութիւններու եւ հայրենավնասութեան մէջ դասակարգումները աղաղակող են: Մեր պարագային, ՔՊ-ական խունթային հասցէին չքմեղանքներն ու անպարտ թողուիլները չեն կրնար երկար հանդուժուիլ:

13 մայիս 2025

Նախորդը

«Թրքական Գրականութեան Մէջ Մեծ Լռութիւն Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին» Կ՛ըսէ Էլիֆ Շաֆաք

Յաջորդը

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025
«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?