Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալմակրօ Այցելեց ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» Կեդրոն

May 5, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալմակրօ Ծիծեռնակաբերդի մէջ` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն ուղեկցութեամբ

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօ երէկ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ:

Անոր կ՛ուղեկցէր Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի շրջանի յանձնախումբի համանախագահ Մարիօ Նալբանդեան: Ալմակրոն դիմաւորեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Վահան Յովհաննիսեան, Լեւոն Մկրտչեան, Գէորգի Պետրոսեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները հիւրին ուղեկցեցան դէպի ՀՅԴ պատմութեան թանգարան, ուր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան Լուիս Ալմակրոյին ներկայացուց ՀՅԴ-ի պատմութիւնը, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան վերաբերող մասունքներ, ինչպէս նաեւ քարտէսին վրայ ցոյց տուաւ պատմական Հայաստանը` իր բոլոր ժամանակներու յայտնի սահմաններով: Այնուհետեւ ՀՅԴ պատասխանատուները հիւրին ծանօթացուցին արցախեան պատերազմի տարեգրութեան եւ ազատամարտիկներէն ոմանց կենսագրութեան:

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ տպաւորուած է իր տեսածով:

Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Լուիս Ալմակրոյի հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան ըսաւ. «Հայաստան եւ Ուրուկուէյ կը գտնուին հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռաւորութեան վրայ, բայց Ուրուկուէյ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար շատ մօտ եւ բարեկամ երկիր է: Ուրուկուէյ առաջին երկիրն է, որ տակաւին 1965 թուականին ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ պատահական չէ, որ ձեր պաշտօնական այցելութիւնը Հայաստան սկսաք նոյնինքն Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեամբ: Մենք շատ շնորհակալ ենք Ուրուկուէյի ժողովուրդին, Ուրուկուէյի ղեկավարութեան, որ բացած են իրենց դռները, ընդունած են Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած մեր հայրենակիցները, եւ Ուրուկուէյի մէջ կ՛ապրին հազարաւոր հայեր, որոնց համար այդ երկիրը երկրորդ հայրենիք դարձած է», ընդգծեց Նալբանդեան:

 

Նախորդը

«ՀՅԴ-ն Այլ Քաղաքական Ուժերու Հետ Կը Համագործակցի Յստակ Ծրագիրներու Շուրջ» Կ՛Ըսէ Արտաշէս Շահբազեան

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ Եւ Ազրպէյճան Պիտի Այցելեն

RelatedPosts

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
Ըստ Փաշինեանի.  Նոր Սահմանադրութեան  Բնագիրին Մէջ Պէտք Չէ Ըլլայ Յղում Անկախութեան  Հռչակագիրին
Հայկական

Սահմանադրութեան Նախագիծը Պիտի Հրապարակուի Երկուշաբթի

November 21, 2026
Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ  Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց.  Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ
Գլխաւոր լուրեր

Փաշինեան «Կը Խոստանայ» Հեռանալ Նոր Սահմանադրութեան Դիմաց. Ընդդիմութիւնը Կը Մերժէ

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.