Քառասուն տարիէ ի վեր հայկական մշակոյթը ծաղկած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանի սրտին մէջ: Ծաղկած է իր անդամներուն, շրջապատողներուն եւ անշուշտ շրջանաւարտներու յիշողութեան մէջ:
Ծնունդ առած է 1984 թուականին, իսկ 2015-ին պաշտօնապէս արձանագրուած եւ ճանչցուած է իբրեւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Հայ ուսանողներու ակումբ: Տարիներ շարունակ իրականացուցած է տարբեր աշխատանքներ` լուսաւորելով հայկական պատմութիւնը, մշակոյթն ու աւանդութիւնները համալսարանի բոլոր անկիւնները: Իր գործունէութեան նպատակը եղած է նաեւ ծանօթացնել Հայ դատը բոլոր ուսանողներուն ու միշտ ձգտած է պահպանել եւ տարածել հայկական մշակոյթը` կազմակերպելով զանազան ձեռնարկներ:
40-ամեակին առիթով, մեր նուիրուածութիւնը ուղղեցինք Նաթալի Պետիկեանին` 25 տարեկան քաջ եւ ներշնչող հայուհիի մը, որ ներկայիս կը պայքարի Հոջքինի քաղցկեղի դէմ: Նաթալիին կեանքը փրկելու համար անհրաժեշտ է կիսահամապատասխանող ոսկրածուծի փոխպատուաստում մը ամերիկեան համալսարանի Պէյրութի բժշկական կեդրոնին մէջ (AUBMC), որուն արժէքը մօտաւորապէս 80.000 տոլար է:
Շնորհիւ ներկաներուն եւ հովանաւորներուն առատաձեռնութեան, ինչպէս նաեւ` երգահանդէսի յաջողութեան, որ տեղի ունեցաւ 30 մարտ 2025-ին, մասնակցութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Վարդան Բադալեանի, Արփիի եւ Ալիա Սեդրաքեանի, կարելի դարձաւ 4280 տոլարով աջակցիլ Նաթալիին բժշկութեան:
Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն զայն կը մօտեցնէ անհրաժեշտ բուժումին:
Այս ձեռնարկը վկայութիւնն է` միասնութեան, գթասրտութեան եւ մեր համայնքի անխախտ ուժին:
Շուտափոյթ ապաքինում Նաթալիին:
ՍԵՆ ԺՈԶԵՖ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ