Ես շատ մտահոգուած եմ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութեան աճով: Այս մասին ըսած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրոն:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է. «Յոյսով եմ, որ այնտեղ տեղակայուած եւրոպական առաքելութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ, որպէսզի կարենայ դիտարկել եւ զսպել այդ լարուածութիւնը: Այժմ խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք է ստորագրուի, իսկ բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին»: