Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Լիբանանեան պատերազմի բռնկման 50-ամեակի յիշատակին, այսօր կու գանք ոչ թէ վէրք մը բանալու, այլ վերյիշելու համար դաս մը, որ պէտք չէ մոռցուի: Բոլոր յաղթանակները կեղծ էին, եւ բոլոր կողմերը պարտուած դուրս եկան, որքան ալ տարբեր ըլլան պատերազմի պատճառներուն շուրջ կարծիքները, անոնք բոլորն ալ կը միատեղուին պետութեան բացակայութեան կամ անկարողութեան կէտին վրայ: Չկայ իսկական պետութիւն` առանց օրինական զինեալ ուժերու զէնքի մենաշնորհին: Ուստի Թաէֆի համաձայնագիրի բոլոր կէտերը գործադրենք եւ սրբագրենք այն, ինչ որ գործադրուեցաւ անոր ոգիին հակառակ, եւ կամրջենք բացերը»:
«Պետութիւն մը, որ յիշողութիւնը կը պահէ, որպէսզի մեր անցեալէն սորվինք, որպէսզի մեր սխալները չկրկնենք: Պետութեան պատասխանատուութիւնն է լրջութեամբ ու թափանցիկ կերպով լուծել անհետ կորսուածներու եւ առեւանգեալներու թղթածրարները», աւելցուց վարչապետը:
Սալամ նաեւ կոչ ուղղեց` 13 ապրիլի կէսօրին մէկ վայրկեան ազգային համապարփակ լռութիւն պահպանել` «Միասին կը յիշենք, միասին կառուցելու համար» նշանաբանին տակ, «որպէսզի յիսնամեակը շրջադարձի կէտի վերածենք… եւ միասնաբար սպասենք նոր Լիբանան մը, որ իր զաւակներուն զոհողութիւններուն արժանի է»:
Վարչապետ Սալամ երէկ այցելեց կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակը:
Վարչապետը այս առիթով յայտարարեց. «Նահատակաց հրապարակը ամբողջ Լիբանանի նահատակներուն հրապարակն է, եւ պէտք է սորվինք պատերազմի ողբերգութենէն: Ժամանակն է, որ վերակառուցենք մեր պետութիւնը, որ կարող է իր բանակին ճամբով մեզ պաշտպանել»:
Սալամ նաեւ անդրադառնալով այսօր Սուրիա իր այցելութեան յայտնեց. «Կը յուսամ Սուրիոյ մէջ անհետացած լիբանանցիներու մասին լաւ լուրերով վերադառնալ»:
Նշենք, որ նախքան այդ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւ անոր ընկերակցող կառավարական պատուիրակութիւն մը վաղը Դամասկոս կ՛այցելեն` (Սուրիոյ նախագահ Մոհամետ) Շարհի եւ սուրիացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալու համար»: