Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը իսրայէլեան յարձակումի մնայուն թիրախ է, եւ այդ յարձակումը Հըզպալլայի ստեղծումէն տասնեակ տարիներ առաջուընէ գոյութիւն ունեցած է, «եւ այդ բոլորը մեր երկրին դէմ տեղի կ՛ունենայ ամերիկեան ամբողջական աջակցութեամբ` ֆինանսաւորումով, զինումով եւ քաղաքական ծածկոյթով, եւ Լիբանան ամերիկեան իրերայաջորդ քաղաքականութիւններու ամէնէն յայտնի զոհերէն մէկն է»:
Ան ըսաւ, որ Հըզպալլայի նկատմամբ ամերիկեան դիրքորոշումը կուսակցութեան իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ շրջանին վրայ անոր վերահսկողութեան դիմադրելուն պատճառով է, «սակայն հակառակ մեր երկրին դէմ շղթայազերծուող զինուորական, քաղաքական, տեղեկատուական եւ տնտեսական պատերազմներուն, պատժամիջոցներուն, պաշարումին եւ Հըզպալլայի պատկերը աղաւաղելու կամ զինք տկարացնելու համար ծախսուող միլիոնաւոր տոլարներուն, անոր ժողովրդականութիւնը կ՛աճի, անոր պատկերը կը շողայ, եւ իւրաքանչիւր պատերազմէ ետք աւելի կը համոզուի իր ընտրանքներուն եւ պիտի չդադրի կառչելէ մեր իսլամ ժողովուրդներուն ազատ կեանքով ապրելու իրաւունքին, բռնագրաւողներու դիմադրելուն եւ իր հողի ազատագրումին»:
«Դիմադրող Հըզպալլան լիբանանցի ժողովուրդի մէկ հիմնական մասն է, եւ աշխարհի վրայ ոչ մէկ ուժ, որքան ալ ամբարտաւան դառնայ եւ հզօրանայ, կրնայ ազդել Լիբանանի մէջ անոր ներկայութեան վրայ», ըսաւ երեսփոխանը:
Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն Հըզպալլայի դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն վերաբերեալ լիբանանեան պաշտօնական դիրքորոշման մասին հարցումի մը` Ֆատլալլա ըսաւ. «Դժբախտաբար երկիրին մէջ երկակի չափանիշեր կան, եւ ատիկա պատճառ կը դառնայ, որ պետութիւնը լիբանանցի ժողովուրդի բոլոր խումբերուն մտահոգութիւնները չփարատէ: (…) Երբ «պետութիւն» կ՛ըսենք, մենք բոլորս պետութիւնն ենք, սակայն այստեղ կը խօսինք իշխանութեան մասին, մենք միշտ պետութիւնն ու իշխանութիւնը կը զատորոշենք: երբ Միացեալ Նահանգներու կամ Ֆրանսայի նախագահին կողմէ յարձակում կը գործուի լիբանանցի ժողովուրդին մէկ մեծ խումբին դէմ եւ պետութեան գերիշխանութիւնը կ՛ոտնահարուի, Լիբանանի մէջ պետական իշխանութեան կողմէ լռութիւն կը տեսնենք: Սակայն եթէ «էքս»-ի վրայ գրառում մը ըլլայ, կը տեսնենք, որ կուսակցական դիւանագիտութիւնը ոտքի կը կանգնի, որովհետեւ այս երկիրին մէջ, դժբախտաբար, կուսակցական դիւանագիտութիւն ունինք: Ասիկա մարդոց պետութեան մասին դրական պատկեր չի տար»: