ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ
Լիբանանի նախապատերազմեան օրերը մեր սերունդին պարգեւեցին գերերջանիկ օրեր ու յիշատակներ: Ես հրճուանքով կը յիշեմ` մեր թռվռուն կեանքը, ամառնային պտոյտները, հովասուն ամարանոցները, դալարագեղ մայրիներու բոյրը, կապոյտ ծովափին փրփրոտ ալիքները ու ոսկեշող արեւին հմայքը: Նոյնպէս կարօտով կը վերյիշեմ` ձմեռնային արձակուրդները, լեռներուն բազմած անաղարտ ձիւնը, ձիւնագնդակի խաղերը, Տահր Պայտարի հանգստավայրին վառարանը եւ անոր վրայ ճարճատող շագանակն ու թէյնիկին անուշաբոյր գոլորշին:
Պատանի օրերուս Լիբանանը ուշագրաւ էր իր աշխուժ ու բեղուն մշակութային կեանքով: Մեր կեանքին անբաժան մաս էին` թատերական ներկայացումները, համերգները, պարային ելոյթները, ցուցահանդէսները… Ընթացիկ երեւոյթներ էին` ընկերային հաւաքներն ու պտոյտները, միջդպրոցական մրցանքները, մարզական խաղերը…
Զիս շատ տպաւորած էին նաեւ Պէյրութի կեդրոնը գտնուող շուկաները` իրենց այլազանութեամբ ու տարբերութեամբ: Շուկաներուն մէջ ակնառու էին` խուռներամ բազմութիւնը, եռուն վաճառատուները, համեստ կրպակները, հարուստ ցուցափեղկերը, տեղացի ու օտարազգի գնորդները, անվերջ սակարկողները, ձուկի ու քամած նարինջի կեղեւներուն հոտը:
1975-ին բռնկած պատերազմը դառն անակնկալ մըն էր, երբ Լիբանանի խաղաղ երկնակամարը ողողուեցաւ մահասարսուռ հրթիռներով, որոնք չխնայեցին` անզէն քաղաքացիները, բնակարանները, վաճառատուները, մայրաքաղաք Պէյրութը, ապա տարածուեցան կլանելու Լիբանանի ամբողջ տարածքը` ամէնուրեք սփռելով մահ, աւեր, սարսափ, քանդում:
Շատ դժուար է այսօր` յիսուն տարիներ անց, յետադարձ ակնարկով «արժեւորել» Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ չցաւիլ այն օրհասական օրերուն- տարիներուն համար, որոնք պարտադրաբար վիճակուեցան մեզի` Լիբանանի անմեղ քաղաքացիներուս:
Կարելի չէ ափսոսանքով չանդրադառնալ մեր վարդագոյն երազներուն, որոնք կիսաւարտ մնացին եւ կամ խորտակուեցան պատերազմին պարտադրած կապանքներուն տակ:
Կարելի չէ չյիշել առնուազն քանի մը դէպք, երբ մահուան ճիրաններէն մազապուրծ փրկուեցանք, մինչ անմիջապէս մեր կողքին գտնուողները առյաւէտ հեռացան նոյն պահուն:
Կարելի չէ չյուզուիլ մեր սիրելիներուն եւ ծանօթներուն կորուստով, երբ անոնք զոհերը դարձան անողոք հրթիռի մը, ականի մը կամ արձակազէնի մը հարուածին:
Ինչպէ՛ս կրնանք չափել կարօտին տարողութիւնը, երբ ան պատերազմին առաջին օրերէն սողոսկեցաւ ամէն դռնէ ներս եւ բոյն դրաւ լիբանանցիին սրտին մէջ: Մեծաթիւ քաղաքացիներ բռնեցին գաղթի ճամբան, ոմանք` օտար երկիրներու մէջ ապահովութիւն գտնելու մտադրութեամբ, իսկ ուրիշներ` աշխատանք եւ ապրուստ ապահովելու: Յաճախ ծնողներէ լսեցինք. «Տղա՛ս, գնա՛, դուն ապահով եղիր. մեր մասին մի՛ մտահոգուիր»:
Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ խուճապի պահերը, երբ հրթիռներու տեղատարափէն պաշտպանուելու համար մեր անկողնէն դուրս թռանք եւ վազեցինք աւելի ապահով կարծուած գետնայարկերը, կամ տասը հոգիով սեղմուեցանք դրացիին մէկ մեթրանոց բաղնիքին մէջ: Բարեբախտութիւն սեպեցինք, եթէ կրցանք հասնիլ մօտակայ շէնքի մը ապաստանարանը (ապրին) , ուր հարիւր հոգիով կողք- կողքի թխմուեցանք շնչահեղձ ըլլալու չափ: Ամէն մէկ որոտացող հրթիռին հետ տերեւի նման դողդղացինք, սարսափի լեղին մեր ստամոքսը խանձեց ու աղիքները գալարեց: Շատերս լացինք, ճչացինք, իսկ ուրիշներ ուշաթափ եղան ու գետին ինկան:
Մահուան սարսափն ու խայթը այդքան մօտէն չէինք ճանչցած: Պատերազմին տեսանք` մասնատուած մարմիններ, արիւնաքամ վիրաւորներ, հրկիզուած դէմքեր, ճամբաները պառկած դիակներ… Բախտաւոր սեպուեցան այն մեռելները, որոնք եկեղեցւոյ մահագոյժ կոչնակին ու աղօթքին արժանացան:
Պատերազմը, որ սկսած էր յստակ կողմերու բախումով, ընդարձակուեցաւ, գունաւորուեցաւ ու վերածուեցաւ կրօնական, կուսակցական, գաղափարական դաւանանքային… արիւնալի բախումներու: Ժամանակին հետ ծաւալեցան հրթիռներուն կարողականութիւնը ու պատճառած քանդումին տարողութիւնը:
Հաց եւ ջուր ճարելը լուրջ հարց դարձաւ: Ծորակներէն հազուադէպ կաթկթող ջուրն անգամ ամբարեցինք, նոյնիսկ լուացքէն ստացուած կեղտաջուրը այլ անհրաժեշտութիւններու համար օգտագործեցինք: Կը յիշեմ` մայրս ու թաղեցի կիները պարկերով ալիւր գնեցին եւ ամէնօրեայ դրութեամբ ամբողջ թաղի բնակիչներուն համար հաց թխեցին: 1976-ին անցարգելներու պատճառով ընդհատուեցաւ մօրս քաղցկեղի բուժումը, եւ վրայ հասաւ անողոք մահը: Մօրս նման` շատեր պատերազմի թոհուբոհին մէջ հիւանդացան, վիրաւորուեցան եւ իրենց արժանի բուժման չարժանացան:
Պէյրութ քաղաքին սիրտը մղկտաց, մխաց ու բաժնուեցաւ երկուքի: Ունեցանք արեւելեան ու արեւմտեան Պէյրութներ, որոնց մէջ օտարութեան, թշնամութեան ու այլամերժութեան արիւնը շրջագայեցաւ: Լոյսերու մէջ շողացող ու չքնացող Պէյրութը մթագնեցաւ ու մահաքունի մէջ մտաւ: Գաղթի հոսք մը յառաջացաւ ոչ միայն Լիբանանէն դուրս, այլեւ` Լիբանանի տարածքէն ներս:
Պատերազմը նոր չափանիշներ բերաւ, «զէնքի լեզուն» դարձաւ տիրական, կողոպուտն ու աւարը բնական երեւոյթներ նկատուեցան, օրինազանցութիւնը` արտօնելի: Ամէնօրեայ երեւոյթ դարձան` սպանդը, առեւանգումները, ահաբեկումները, ականներու պայթումը, այլոց սեփականութիւններուն բռնագրաւումը…
– Լիբանանի պատերազմը երկու ամիսէն պիտի դադրի, երկիրը պիտի վերականգնի եւ ամէն ինչ շատ լաւ պիտի ըլլայ:
– Այս «ռաունտը»` ընդհարումը, վերջինն է: Լիբանան կրկին արեւելքի Զուիցերիան պիտի դառնայ:
Նման խօսքերը թէեւ չիրականացան, բայց տեղ մը յուսադրեցին, ոգեւորեցին, հաւատք ներշնչեցին: Կ՛ըսուի, որ Լիբանանի պատերազմը աւարտեցաւ 1990- ին: Արդեօ՞ք… Ես որպէս Լիբանանի քաղաքացի` կը ցաւիմ ըսելու, որ Լիբանանը տակաւին վերագտած չէ իր խաղաղութիւնը, անոր վէրքերը դեռ բաց են եւ չարաչար կ՛արիւնահոսին: Չեմ ուզեր մտնել քաղաքական վերլուծումներու մէջ, այդ մէկը թող ընեն քաղաքագէտները:
Այսօր Լիբանան կը դիմագրաւէ խիստ անցուկ պայմաններ` ապահովական, տնտեսական, ընկերային, հոգեբանական… Զարմանալին այն է, որ լիբանանցին իր անկոտրում կամքով, լաւատեսութեամբ եւ յոյսով կառչած կը մնայ Լիբանանին, կը պայքարի եւ կը յաղթահարէ ամէն տեսակի դժուարութիւնները: Ոմանց համար խիստ անբացատրելի է լիբանանցիին ժպտերես, կենսուրախ, մարդամօտ, ջերմ ու հիւրասէր կենցաղը:
Խոնարհումի արժանի են Լիբանանի արուեստասէր հանրութիւնը ու արուեստագէտներու փաղանգը, որոնք ի հեճուկս երկրին մէջ տիրող անկայուն ու դառն պայմաններուն` կ՛ապրեցնեն մշակոյթն ու գեղեցիկի պաշտամունքը` կազմակերպելով գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրներ:
Կը հաւատամ, որ այսպիսի վճռկամութեամբ, ոգիով ու կենսունակութեամբ պիտի գոյատեւէ լիբանանցին եւ անպայման պիտի հասնի իր երազած ու արժանի խաղաղութեան: