ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պուրճ Համուտ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Հայաշէն ե Էշրեֆիէ հայահոծ թաղամասերը, 1978 հոկտեմբերի ծանր ռմբակոծումներէն ետք թեւակոխեցին համեմատական հանդարտութեան շրջան մը:
Արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերու նոր դասաւորումներ կատարուեցան: Սուրիական ուժեր կարգ մը դիրքերէ քաշուեցան, եւ որոշ դիրքեր ստանձնեցին սէուտական ուժերը:
Համեմատական հանդարտութիւնը 1979 ապրիլ 22-էն սկսեալ խանգարուեցաւ: Այն Ռըմմանէի, Պատարոյի եւ Թայունէի ճակատները բռնկեցան, իսկ Թանգարանի շրջանին մէջ արձակազէններ գործի լծուեցան` վտանգելով մայրաքաղաքի երկու մասերուն միջեւ երթեւեկի գլխաւոր անցքերէն մէկը:
Հայաշէնի մէջ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր փաղանգաւորներուն եւ «Ռոստոմ» ակումբին միջեւ, յատկապէս հայ պահակ տղոց զինեալ ներկայութեան պատճառով: Փաղանգաւորներ ապրիլ 22-ի երեկոյեան յարձակում գործեցին ակումբին վրայ եւ գրաւեցին զայն, բայց քանի մը ժամ ետք` բարձր մակարդակի վրայ կատարուած բանակցութիւններու լոյսին տակ քաշուեցան:
* * *
Արագած թաղին մէջ 7 մայիս 1979-ին տամուրցի քրիստոնեայ զինեալներ անակնկալ կերպով կրակ բացին Փիլիպոսեան վարժարանին քով, խանութի մը առջեւ նստած հայ երիտասարդներու վրայ, որոնք վիրաւորուեցան:
Քանի մը վայրկեան ետք, տամուրցի արձակազէններ Արագած թաղի մուտքի բոլոր ճամբաները գնդակներու տարափի տակ առին:
Ստեղծուած կացութեան դէմ յանդիման, հայ տղաքը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին եւ դիրքեր բռնեցին Սին Էլ Ֆիլէն Արագած մուտքի ճամբաներուն վրայ:
Բուռն բախումներէ ետք հայ տղաքը հակայարձակողականի անցան: Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ:
Յաջորդ օր բախումները վերսկսան: Հայ տղաքը բարձր կորով ցուցաբերեցին ու մնացին կարգապահ: Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ:
Նոյն օրը ուշ գիշերին Խալիլ Պատաուիի մէջ «Արարատ» օաթերթի խմբագրատուն- տպարանը թիրախ դարձաւ խափանարարական արարքի մը: Քրիստոնեայ միլիսներ ուժանակով պայթեցուցին հայկական թերթին գրասենեակներն ու տպարանը:
Յունիսէն սկսեալ հակահայ անարգ ոճիրներ արձանագրուեցան, իսկ յուլիս 27-ին Անթիլիասի, Զալքայի եւ Ժըտէյտէի մէջ փաղագաւորներ անցարգելներ հաստատելով քսանհինգ հայ երիտասարդներ առեւանգեցին:
* * *
Հակահայ գրգռութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասան 1979 սեպտեմբերին: Պուրճ Համուտի մէջ ծայր առած անախորժ միջադէպերը յանգեցան զինեալ բախումներու, առեւանգումներու, ռմբահարումներու, անմարդկային արարքներու եւ սպանութիւններու:
Սեպտեմբեր 10-ին մեծ թիւով զինեալներ մտան Նոր Սիս եւ` Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դիմաց հասնելով, կրակ բացին: Այնուհետեւ զինեալ տարրերը մարդորսութեան դիմեցին:
Պուրճ Համուտը եզերող ճամբաներուն վրայ անցարգելներ զետեղուեցան, եւ անմեղ հայ անցորդներ առեւանգուեցան ու անոնցմէ ոմանք սպաննուեցան: Ուշ գիշերին ծանր զէնքերով ռմբակոծում մը սկսաւ, եւ Պուրճ Համուտի թաղերը կրակի տակ առնուեցան: Միաժամանակ Մար Եուսէֆի, Անթիլիասի մայրուղիին եւ Զալքայի մայր ճամբուն վրայ հայկական վաճառատուներ ռմբահարուեցան:
Սեպտեմբեր 11-ին Պուրճ Համուտը եզերող ճամբաներուն վրայ զինուորական ընդհանուր կեդրոնացում կատարուեցաւ: Փաղանգաւորներ յարձակողականի անցան, բայց, հայ տղոց ուժեղ դիմադրութեան հանդիպելով, ետ մղուեցան:
Սեպտեմբեր 12-ին Տորայի շրջանին մէջ զինուորական նոր կեդրոնացումներ կատարուեցան «Նիկոլ Դուման» ակումբին ուղղութեամբ:
Սկսան սաստիկ բախումներ:
Պուրճ Համուտի հայկական թաղերուն վրայ յարձակումները բուռն թափով շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ:
Նոյն օրը Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. վեհափառներուն նախաձեռնութեամբ փաղագաւոր պատասխանատուներու հետ բանակցութիւններ սկսան, եւ զինադուլ հաստատուեցաւ:
Ժէլ Էլ Տիպի, Զալքայի եւ Անթիլիասի մէջ, մասնաւորաբար հայկական ակումբներէն հեռու եղող թաղերու մէջ հայերու դէմ սանձարձակ ոտնձգութիւններ կատարուեցան, անզէն հայեր իրենց բնակարաններուն մէջ խոշտանգումներու ենթարկուեցան, ոմանք ալ տուներէն տարուեցան եւ սպաննուեցան:
* * *
«Արեւելեան» շրջաններուն մէջ, փաղանգաւոր եւ ազատական միլիսներու միջեւ կռիւներէ ետք, շէյխ Պեշիր Ժըմայէլ 1980 յուլիսին քրիստոնեայ բոլոր ուժերը միաւորեց Լիբանանեան ուժերուն մէջ:
Զահլէի մէջ, Սաննինի բարձունքներուն եւ Պէյրութի սահմանագիծին վրայ 1981-ի գարնան բուռն կռիւներ մղուեցան:
Պուրճ Համուտի եւ ընդհանուր առմամբ Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան խորհրդանիշ Խաչիկ Արապեան մահացաւ 4 յունիս 1981-ին:
Երեսփոխան տոքթոր Մելգոն Էպլիղաթեան 21 յուլիս 1981-ին, Պէյրութի արեւմտեան շրջանին մէջ մահափորձի ենթարկուելով վիրաւորուեցաւ:
Իսրայէլեան բանակը 1982 յունիսին ներխուժեց Լիբանան: Արեւմտեան Պէյրութ պաշարուեցաւ: Օգոստոսին Պեշիր Ժըմայէլ նախագահ ընտրուեցաւ, բայց սեպտեմբեր 14-ին սպաննուեցաւ, որմէ ետք իսրայէլեան ուժեր մտան Պէյրութ: Սապրայի եւ Շաթիլայի մէջ մեծաթիւ պաղեստինցիներ եւ լիբանանցի շիիներ ջարդուեցան: Սեպտեմբեր 21-ին Ամին Ժըմայէլ նախագահ ընտրուեցաւ: Պէյրութ վերամիաւորուեցաւ, եւ անցքերը վերաբացուեցան:
1983-ի սեպտեմբերի սկիզբը Լիբանանեան ուժերուն եւ տիւրզիներուն միջեւ Լեռնալիբանանի կռիւները սաստկացան` իսրայէլեան ուժերու հեռացման պայմաններուն տակ: Լիբանանեան ուժերը ծանր կորուստներէ ետք քաշուեցան, իսկ քրիստոնեաները տեղահան եղան եւ «արեւելեան» շրջաններ ապաստան գտան:
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ 1984 փետրուար 6-ին զինեալ տարրեր կրկին հրապարակ իջնելով պատանդ պահեցին բանակային ուժերը: Վեցերորդ զօրագունդը բաժնուելով շիի Ամալ շարժումին միացաւ:
Գաղթակայաններու պատերազմը, պաղեստինցիներուն եւ Ամալի միջեւ, սկսաւ 1985 մայիսին եւ քանի մը հանգրուաններով շարունակուեցաւ մինչեւ 1988-ի յուլիս:
Յարութիւն Թէնքէրեան (Շերիֆ) Խաչիկ Արապեանի մահէն ետք յարաբերական յանձնախումբին ղեկավարն էր: 25 օգոստոս 1985-ին, Արագած թաղին մէջ անդորրութիւն հաստատելու համար ան բանակցելու գացած էր, երբ վրան կրակ բացուեցաւ, վիրաւորուեցաւ եւ հինգ օր ետք մահացաւ:
* * *
Լիբանանի ապահովական անկայուն պայմաններուն տակ, թրքական գաղտնի գործակալութիւններ` իրենց տեղական կամակատարներու եւ օտար սպասարկութիւններու աջակցութեամբ ու հայանուն վարձկան տարրերու ձեռքով, կատարեցին հակահայ գրգռութիւններ, մահափորձեր, ոճիրներ ու առեւանգումներ:
Ոճրային արարքներուն ազդանշանը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտի «Սարդարապատ»-ի շրջանէն Խաչիկ Պասմաճեանի սպանութիւնը` 27 նոյեմբեր 1982-ին, իսկ դեկտեմբեր 29-ին առեւանգուեցաւ Աբօ Աշճեան: 1985 մարտ 28-ին առեւանգուեցաւ Սարգիս Զէյթլեան իր ընկերակիցին` Կարօ Գոլանճեանի հետ:
Ապրիլ 23¬ին սպաննուեցաւ Սարգիս Ազնաւորեան: Յունիս 26-ին առեւանգուեցաւ Վիգէն Պետրոսեան: Յուլիս 8-ին Յարութ Մատէնեան առեւանգման փորձի պահուն ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ: Յուլիս 16-ին սպաննուեցաւ Թաթուլ Սուրեան: 1986 յունուար 31-ին Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէրպէրեան եւ Ներսէս Խիւտավէրտեան սպաննուեցան, իսկ Յակոբ Պարսումեան առեւանգուեցաւ: 3 մարտ 1986-ին Այնճարի մէջ սպաննուեցաւ Զաւէն Թաշճեան:
* * *
Արեւմտեան Պէյրութի մէջ 1987 փետրուարին արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան Ամալին եւ Ընկերվարական յառաջդիմական ուժերուն միջեւ:
Վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ 1 յունիս 1987-ին սպաննուեցաւ, երբ զինք Թրիփոլիէն Պէյրութ փոխադրող ուղղաթիռը պայթեցաւ:
Նախագահ Ամին Ժըմայէլի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք, 1988 սեպտեմբեր 22-ին երկրին ղեկավարութիւնը ստանձնեց բանակի հրամանատար զօրավար Միշէլ Աուն:
Զօրավար Աուն 14 մարտ 1989-ին «ազատագրութեան պատերազմ» յայտարարեց սուրիական գրաւող բանակին դէմ: Սաստիկ ռմբակոծումները մահ ու աւեր սփռեցին ամէնուրեք: Ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուեցան նաեւ հայահոծ թաղերը եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներ արձանագրուեցան: Սեպտեմբերին զինադադար հաստատուեցաւ:
Թաէֆի համաձայնութիւնը, 1989-ի աշնան, կը խորհրդանշէր պատերազմին աւարտը:
Նոյեմբեր 5-ին Ռընէ Մուաուատ նախագահ ընտրուեցաւ, բայց նոյեմբեր 22-ին սպաննուեցաւ եւ զայն փոխարինեց Իլիաս Հըրաուի:
* * *
«Ջնջումի պատերազմ»-ը, զօրավար Միշէլ Աունի գլխաւորած բանակային միաւորներուն եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ, սկսաւ 31 յունուար 1990-ին: Էշրեֆիէ, Ռըմէյլ, Հայաշէն, Հաճըն, Պուրճ Համուտ, Տորա, Ռաուտա, Ֆանար, Նահր Մոթ, Ժէլ էլ Տիպ, Անթիլիաս եւ Տըպպայա ահաւոր ռմբակոծումներու ենթարկուեցան: Պուրճ Համուտ եւ Էշրեֆիէ մնացին զինուորական պաշարման օղակի մը մէջ:
Հայկական քաղաքական կազմակերպութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները իրենց կարելիութեան սահմանին մէջ օգտակար հանդիսացան ժողովուրդին: Առաջնորդարանը միշտ բաց մնաց եւ սննդաբաշխում կազմակերպեց: Թաղականութիւնները եւ տիկնանց միութիւնները իրենց կարելին ըրին եկեղեցիներու եւ վարժարաններու մէջ ապաստանած ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար:
Լիբանանահայ Օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնը եւ բոլոր ծառայութիւնները ահազանգային դրութեան մէջ դրուեցան: Անոնք հրաշքի համազօր գործունէութիւն տարին` 24 ժամուան շուրջօրեայ դրութեամբ:
Ակումբները հացի ապահովման աշխատանքի ձեռնարկեցին եւ ի հարկին ձրի հաց բաժնեցին ժողովուրդին:
* * *
Նախագահ Հըրաուիի պաշտօնական դիմումին վրայ սուրիական բանակը 13 հոկտեմբեր 1990-ին յարձակման անցաւ զօրավար Աունի հակակշիռին ենթակայ շրջաններուն վրայ: Աուն ֆրանսական դեսպանատուն ապաստանեցաւ:
Լիբանանի խորհրդարանը 1991 մարտին ներում շնորհեց մինչեւ այդ ժամանակ կատարուած քաղաքական բոլոր յանցագործութիւններուն համար: Այնուհետեւ բոլոր կողմերու միլիսները (բացի Հըզպալլայէն) լուծուեցան: Իսրայէլեան ուԺերը 2000-ին քաշուեցան Հարաւէն, իսկ 2005-ին սուրիական ուժերը հեռացան Լիբանանէն:
Պատերազմը անհամար զոհեր եւ վիրաւորներ խլեց, բազում տառապանքներ եւ վնասներ պատճառեց, սքանչելի տղաք պատնէշի վրայ ինկան նահատակ, բայց մեզի համար, իբրեւ հայութիւն, միասնականութեան ոգի, կամք ու տոկունութիւն ներարկեց, եւ անձնազոհութեան, նուիրումի ու իրերօգնութեան անմահ զգացումներ աւանդ ձգեց:
Անոնք, Որոնք Ինկան Պարտականութեան Ճամբուն Վրայ
ԱՄԱՆՈՍ
Գէորգ Աշճեան
ԱՆԹԻԼԻԱՍ
Կարօ Գաբլանեան
Պարոյր Տուտագլեան
Սերժ Թովմասեան
ԱՐԱԳԱԾ
Գէորգ Թէքէեան
Եղիկ Գայայեան
Կարպիս Պարսումեան
Կարօ Տէրտէրեան
Յակոբ Գիւլխանճեան
Յարութ Ճէրէճեան
Յարութ, Յակոբ եւ Գօգօ Աբգարեաններ
Սիմոն Մելքոնեան
Ստեփան Մարգարեան
Վարուժ Պիլալեան
Րաֆֆի Պալեան
ԶԱԼՔԱ
Րաֆֆի Պաստըրմաճեան
ԷՇՐԵՖԻԷ
Արտաշէս Թաքէլեան
Գէորգ Կիւրկէնեան
ԹՐԱՏ
Էլի Վարդանեան
Ճորճ Մխսիճորճեան
Ճորճիկ Սեմէրճեան
Յարութ Պոյրազեան
Յովսէփ Գրիգորեան
Սարգիս Թնկըրեան
Սիմոն Մարսուպեան
ՀԱՅԱՇԷՆ
Գէորգ Պարտագճեան
ՄԱՐ ՄԸԽԱՅԷԼ
Յարութ Խշուաճեան
Տիգրան Չէքիրտէքճեան
ՆՈՐԱՇԷՆ
Հրայր Վարդանեան
Մանօ Պոյաճեան
Յակոբ Պայրագտարեան
Սարգիս Ֆուճուրեան
Վարդան Ալիեմէզեան
Րաֆֆի Զատիկեան
ՆՈՐ ՄԱՐԱՇ
Անդրանիկ Տումանեան
Գառնիկ Վարդապետեան
Երուանդ Խզարճեան
Զաւէն Յովհաննէսեան
Յարութիւն Թէնքէրեան
Սարգիս Ապաճեան
Վարդան Պողարեան
Վարուժան Թելաքեան
Վրէժ Ասլանեան
ՆՈՐ ՍԻՍ
Եանքօ Կէրէքմէզեան
Թորոս Նաճարեան
Սահակ Մանուկեան
Սարգիս Թագաճեան
Օննիկ Փափազեան
ՊԷՅՐՈՒԹ
Անդրանկ Թուլումճեան
Հրանդ Տէր Յովհաննէսեան
Ճոնի Հայտոսթեան
ՌԱՈՒՏԱ-ՖԱՆԱՐ
Ժոզէֆ Պիլէզիկճեան