Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանէն յայտարարութիւն մը կատարելով հերքեց Պէյրութի նաւահանգիստին ճամբով զէնքի մաքսանենգման պնդումները` առնչակից արդարադատութեան կոչ ուղղելով «այս սուտերը շրջանառութեան մէջ դնողներուն նկատմամբ իրաւական անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու»:
«Իսրայէլեան բանակը զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին, ՄԱԿ-ին եւ լիբանանեան պետութեան աչքերուն առջեւ անզէն քաղաքայիններու նկատմամբ պատերազմական ոճիր գործեց», նշեց ան` աւելցնելով. «Կառավարութիւնը պէտք է լիբանանցիներուն ներկայացնէ այն քայլերը, զորս կը կատարէ, եւ նահատակներու ընտանիքներուն ներկայացնէ այն քայլերը, զորս կատարեց այդ արիւնին նկատմամբ»:
«Գոյութիւն ունի հիմնական կէտ մը, որ պէտք է կառավարութեան օրակարգին վրայ ըլլայ, այդ ալ Լիբանանի նկատմամբ խախտումներու դադրեցումն է, եւ ատիկա ազգային առաջնահերթութիւն է», ըսաւ երեսփոխանը:
«Գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կ՛ուզեն երկիրը քաոսի մատնել` ընդառաջելով Լիբանանի կարողութիւնները գողնալու թշնամիի պահանջին, ընդառաջելով արտաքին հրամանի, եւ ոչ թէ ազգային շահէ մեկնելով: Այդ արշաւներուն տէրերը անցեալի դասերէն չեն ուզեր սորվիլ», յայտնեց Ֆատլալլա: