Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ֆայեզ Ռասամնի յայտնեց. «Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ապահովական կացութիւնը լիբանանեան բանակին, անոր հետախուզութեան եւ մաքսատան աշխատակիցներուն կողմէ մօտէն հսկողութեան ենթակայ է` առնչակից կողմերուն միջեւ շարունակուող համակարգումի ծիրին մէջ»:
Ան նշեց, որ նաւահանգիստ իր վերջին այցելութիւնը որոշուած էր երկու շաբաթ առաջ եւ զուգադիպեցաւ լրատուամիջոցներու մէջ ապահովական կացութեան վերաբերեալ պնդումներու, ինչ որ զինք մղեց առնչակից ապահովական ծառայութիւններուն հետ գումարելու ժողով մը, ուր ընդգծուած է, թէ հարցերը վերահսկողութեան տակ են:
Ինչ կը վերաբերի նաւահանգիստին մէջ պատասխանատուութիւններուն, նախարարը «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ամբարներ մուտք գործելու ապահովական հսկողութիւնը մաքսատան ծառայութեան լիազօրութեան ենթակայ է, որմէ ետք յաւելեալ խուզարկման գործողութիւններ կը կատարէ բանակի հետախուզութիւնը, իսկ նաւահանգիստի վարչութեան պարտականութիւնը սահմանափակուած է աշխատանքային ու գումակային վերահսկողութեամբ»: