Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան նախանձախնդիր է, որ Լիբանան ըլլայ ապահով, կայուն, պետութեան ու անոր օրինական կառոյցներուն երդիքին տակ միասնական, մեկնելով Թաէֆի համաձայնագիրէն»:
Դեսպանը շեշտեց. «Լիբանանի ուժը անոր միասնականութեան եւ իր արաբ եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ գործակցութեան մէջ է»:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը ապա այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ:
Պուխարի թագաւորութեան աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի ու անոր կառավարութեան ղեկավարած բարեկարգումի երթին:
Ռաժժի իր կարգին նշեց, որ կառավարութիւնը իր բոլոր անդամներով յանձնառու է պահանջուած տնտեսական, ելեւմտական եւ վարչական բարեկարգումներու գործադրութեան, զէնքը պետութեան մենաշնորհի վերածման` Լիբանանը առողջացման ու վերականգնման ճամբուն վրայ դնելու համար:
«Երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն իրենց նախկին իրավիճակին վերադառնալը Լիբանանը անգամ մը եւս դրաւ իր բնական տեղը` իր արաբ եղբայրներուն միջեւ», յայտնեց նախարարը: