Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդ Եւ Աւանդութիւններ

Ապրիլ 10, 2025
| Կնոջական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Ծաղկազարդը գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական շատ սիրուած ու սպասուած տօն է: Անիկա կը նշուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ Մեծ պահքի նախավերջին կիրակին:

Թէեւ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Քրիտոսի մուտքը Երուսաղէմ, ուր զայն դիմաւորեցին ձիթենիի ոստերով, սակայն տօնը ունի նաեւ նախաքրիստոնէական ծագում եւ նուիրուած է գարնան զարթօնքէն յարութիւն առնող բնութեան:

Ծաղկազարդը նաեւ կոչուած է Ծառզարդար: Անցեալին մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով` պահպանուելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն. յետոյ զանոնք կ՛այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին` փորձանքներէն հեռու մնալու հաւատքով: Ժողովուրդը այդ օրհնուած ճիւղերուն մէջ կը տեսնէր խորհրդաւոր ուժ, որուն օգնութեամբ պիտի կարենար դիմակայել բնութեան աղէտները:

Մեր օրերուն Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրեր զարդարուն մոմերով կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:

* * *

Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ արքայութիւն մտնելու արտօնութիւն:

Ծաղկազարդին յաջորդող երկուշաբթիէն մինչեւ Զատիկ տեւող շրջանը կը կոչուի Աւագ կամ Մեծ շաբաթ: Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ` Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը: Իսկ յաջորդ կիրարկի արդէն Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը:

Անհետացած Ազգային Աւանդութիւններ

– Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ Ծաղկազարդին սովորութիւն էր «վերվեր» պարել: Այդ օրը միայն տղամարդոց արտօնուած էր պարել: Նաեւ սովորութիւն էր հատիկ պատրաստել` ցորենով, սիսեռով եւ չամիչով: Հատիկը որպէս նուէր կը տանէին այցելութեան երթալու ատեն եւ կամ կը նուիրէին թաղէ թաղ շրջող եւ Ծաղկազարդի երգեր երգող երեխաներուն:

– Նուրի տիկնիկին ծէսը Ծաղկազարդի տօնին ամենակարեւոր բաղադրիչներէն էր: Տիկնիկը կը պատրաստուէր ցախաւելէ կամ փայտէ: Դէմքը կը պատրաստէին ճերմակ լաթէ, գօտին` գունաւոր կտորէ, լաչակը` փայլուն ուլունքներէ, եւ գլխուն ծաղկեպսակ կ՛ամրացնէին:

Նուրին համարուած էր Ծաղկազարդի խորհրդանիշ տիկնիկը, որմէ երաշտի ժամանակ գիւղացիները անձրեւ կը խնդրէին: Նուրիին մեծ ու նշաձեւ աչքերէն կը ծնէին շաղը, ցօղն ու անձրեւի կաթիլները: Երբ մարդ ու անասուն ջուրի պակասէ կը տառապէին, Նուրին կ՛արտասուէր, եւ անոր արցունքներով թրջուած հողը կը վերակենդանանար ու կրկին բերք կու տար:

Ծաղկազարդի տօնին աղջիկ երեխաները երգով ու պարով Նուրին տունէ տուն կը պտտցնէին, մինչ մարդիկ պատուհաններէն կուժերով ջուր կը ցօղէին, իսկ երեխաներուն հաւկիթ, պանիր, հաց եւ երբեմն ալ մետաղադրամ կը նուիրէին: Այսպէս, շրջակայ տուներէն հաւաքուած մթերքներով երեխաները խնճոյք կը կազմակերպէին…

– Ջաւախքի մէջ ուռենիի ճիւղերով անասունները թեթեւակի կը հարուածէին` ըսելով. «քամու տեղ, սրտի դեղ», յուսալով, որ հիւանդութիւններէ հեռու կը մնան:

– Նոր Պայազիտի մէջ օրհնուած ճիւղերը կ՛ամրացնէին խնոցի պարանին, որպէսզի «կաթը իւղոտ ըլլայ, ձձումէն աչք չդպչի»:

– Մարաշցիները Ծաղկազարդը կը կոչէին Ճորճարդոր: Անոնք տօնին առիթով կը կազմակերպէին ուխտագնացութիւն, հանրային տօնախմբութիւններ եւ այլն…

– Չորքմարզպանի մէջ եկեղեցիին խորանը կը զարդարէին Ամանոս լերան անտառներէն բերուած մանուշակներով:

– Շարուրի մէջ աղջիկները գունաւոր կտորներով կը զարդարէին ծառերը` իրենց երազանքներու իրականացման ակնկալիքով:

ԲԱՐԻ՛ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Մանկավարժին Կարծիքով

Ինչպէ՞ս Օգնել Երեխային,
Որպէսզի Ան Ինքնավար Դառնայ

Ինքնավարութիւնը կ՛օգնէ երեխային, որ աւելի անկախ դառնայ, ինքնուրոյն որոշումներ կայացնէ, ինքնավստահութիւն ձեռք բերէ եւ հաստատ քայլերով դիմաւորէ կեանքը:

Եթէ նախանձախնդիր էք, որ ձեր երեխան դառնայ ինքնավար եւ ինքնավստահութիւն ձեռք բերէ, ուրեմն յիշեցէք`

Ա.- Ձեր երեխան պէտք է զգայ, որ դուք կը հաւատաք անկախութիւն ձեռք բերելու իր կարողութիւններուն:

Բ.- Կարեւոր է խրախուսել ձեր երեխային ինքնուրոյն ընել ամէն ինչ` համոզուելով, որ անոնք կը համապատասխանեն իր տարիքին:

Գ.- Ձեր երեխան հանգստացնելով, անոր աշխատանքին կշռոյթը յարգելով եւ, սխալելու պարագային, անոր ուղղութիւն տալով` կ՛օգնէք, որ ան ինքնավստահութիւն ձեռք բերէ եւ դառնայ աւելի անկախ:

Մի՛ Գործէք Այս 5 Սխալները` Ինքնավար Դառնալ Փորձող Երեխային Հետ

1.- Անոր փոխարէն` դուք մի՛ կապէք կօշիկին կապերը, այլ սորվեցուցէք եւ քաջալերեցէք, որ ինքնուրոյն դառնայ: Նոյնպէս ալ` ձգեցէք, որ առանձին ուտէ, հոգ չէ թէ վրան աղտոտէ, կամ առանձին լուացուի, նոյնիսկ եթէ շապիկը թրջէ:

2.- Ձեր երեխան մանուկի տեղ մի՛ դնէք, թոյլ տուէք, որ ձեզի օգնէ` իր աղտոտ լաթերը զամբիւղին մէջ դնելով, ճաշի պնակն ու գաւաթը լուացարանին մէջ զետեղելով, խաղալիքները հաւաքելով, լուացուած գուլպաները զոյգելով եւ այլն…

3.- Ձեր երեխային տնային պարտականութիւնները մի՛ կատարէք, ոչ ալ անոր գլխուն վերեւ նստէք, ի հարկին բացատրութեամբ մը բաւարարուեցէք եւ առիթ տուէք, որ ինքնուրոյն կարդայ, հասկնայ ու լուծէ առաջադրանքները:

4.- Ձեր երեխային կարծիք մի՛ պարտադրէք: Անոր հնարաւորութիւն տուէք ընտրութիւն կատարելու: Փոխանակ պատմութեան գիրք մը գնելու` առիթ տուէք, որ քանի մը գիրքերէ մէկը ընտրէ. նոյնը կը վերաբերի հագուստին, խաղալիքին եւ այլն…

5.- Ձեր երեխան մի՛ մեղադրէք գործած մէկ յանցանքին կամ ձախողութեան համար: Ձգեցէք, որ ան երբեմն սխալի, յաճախ սխալելով է, որ ճիշդը պիտի սորվի: Մեղադրելու փոխարէն` հանգստացուցէք եւ ուղղութիւն տուէք:

Առողջապահական

Առաւօտեան Սամիթի Թէյ Խմելու
Առաւելութիւնները

Առաւօտեան սամիթի թէյ խմելը ունի բազմաթիւ առողջապահական օգուտներ: Մանրաթելով, փոթասիոմով, Սէ. կենսանիւթով եւ մանկանեզով հարուստ սամիթը միջերկրականեան ժողովուրդներուն կողմէ օգտագործուած է խոհարարութեան եւ դեղամիջոցներու մէջ: Հինէն ի վեր իտալացիները, յոյներն ու հնդիկները կ՛օգտագործեն սամիթին թէ՛ սոխաձեւ արմատը, թէ՛ տերեւները եւ թէ՛ սերմերը:

Ստորեւ կը ներկայացնենք առաւօտեան սամիթի թէյ խմելու առաւելութիւններու ու զայն պատրաստելու եղանակը:

Ա.- Կը նպաստէ նիհարնալու: Քիչ ջերմուժ պարունակող սամիթի սերմերը կը նպաստեն աղիքներու լաւ գործունէութեան, եւ բջջանիւթերու բարձր պարունակութիւնը կը բարձրացնէ յագեցուածութեան զգացումը:

Բ.- Փայլուն, առողջ մորթ կ՛ապահովէ: Սերմերուն հակաօքսիտանները եւ Սէ. կենսանիւթը կ՛ապահովեն մորթին առաձգականութիւնը եւ կնճիռներու ուշացումը:

Գ.- Կը բարելաւէ մարսողութիւնը: Ամէն առտու գաւաթ մը սամիթի թէյ խմելը կ՛օգնէ կանխելու եւ նուազեցնելու կազերու հետ կապուած խնդիրները, ներառեալ` սփազմներն ու փքուածութիւնը:

Դ.- Կը հանգստացնէ եւ կը մեղմէ դաշտանային ցաւերը: «The Journal of Menopausal Medicine»-ի կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ սամիթը հանգստացնող եւ քուն յառաջացնող յատկութիւն ունի: Բուսաբաններ եւ աւանդական բուժողներ սամիթի սերմերով թէյ կ՛առաջարկեն դաշտանային ցաւերէ տառապողներուն:

Սամիթի թէյի պատրաստութիւն

Մէկ թէյի դգալ սամիթի սերմերը թրմել բաժակ մը ջուրի մէջ` ամբողջ գիշեր մը:
Առաւօտեան քամոցէ անցընել եւ խմել ջուրը: Կարելի է նաեւ եռացնել եւ տաք խմել:

* * *

Հոս կարեւորութեամբ նշենք, որ կարգ մը ուսումնասիրութիւններու տուեալներով, պէտք չէ չարաշահել սամիթի թէյի օգտագործումը: Նոյն այս թէյը հակացուցուած է յղի կիներուն եւ կաթ տուող մայրերուն:

Խոհագիր

Ոսպով Թապուլէ

Բաղադրիչներ

– 2 կապոց մանրուած ազատքեղ
– 3 լոլիկ` մանրուած
– 1 սոխ` մանրուած
– 2-3 կիտրոնի հիւթ
– 3/4 գաւաթ խաշած կանաչ ոսպ
– Կէս գաւաթ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, աղտոր, սեւ անուշ համեմ
– Ընկոյզ եւ նուռի հատիկներ` զարդարանքի համար

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ազատքեղը, լոլիկը, սոխն ու ոսպը:

Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` խառնելով կիտրոնի հիւթը, ձէթը եւ համեմները: Թացանը աւելցնել խճողակին վրայ եւ լաւ խառնել:

Ներկայանալի ամանի մը մէջ փոխադրել ոսպով թապուլէն, երեսը զարդարել ընկոյզով, նուռի հատիկներով եւ մատուցել:

***

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Լաւութիւն Արա Ու Ջուրը Նետիր

 Լաւութիւն արա ու ջուրը նետիր,
Լաւութիւն արա ու մի երկմտիր,
Թաքուն մի յուսայ հատուցում ու վարձ,
Նետիր գետերը ու նետիր անդարձ,
Գետը կը տանի , կը խառնի ծովին,
Քո նետած լաւը աշխարհի լաւին,
Որ ծովը մի քիչ աւել քաղցրանայ,
Որ ծովից լաւի շոգին բարձրանայ,
Որ լաւով լցուի ամպը երկնքում,
Որ բարութիւնը` հողին ու հոգուն,
Անձրեւի փոխուած տեղայ անխտիր:
Լաւութիւն արա ու ջուրը նետիր…

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

14 Տարուան Դադարէ Ետք Վերահրատարակուեցաւ «Zavarian Review»-ն

RelatedPosts

Առողջապահական.  Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը
Կնոջական

Առողջապահական. Ուղեղի 7 Վարժութիւններ, Որոնք Կը Սրեն Յիշողութիւնը

Մայիս 15, 2025
Գեղեցկագիտական.  5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ
Կնոջական

Գեղեցկագիտական. 5 Բնական Ծեփուկներ` Ծերացման Դէմ

Մայիս 8, 2025
Երեխայի Դաստիարակութիւն.   Մանկավարժներու Կարծիքով
Կնոջական

Երեխայի Դաստիարակութիւն. Մանկավարժներու Կարծիքով

Մայիս 1, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?