Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
– Մի՛ վախնաք ձեր երեխան դաստիարակելէ եւ պարբերաբար անոր հետ խիստ շեշտով եւ բարձրաձայն խօսելէ: Իմացէք, որ ամենամեծ սէրը խրատին մէջ թաքնուած է դառնահամ դեղի պէս, որուն նպատակը հիւանդը բուժելն է:
Մի՛ վախնաք երեխային «Ոչ» ըսելէ, տեւական «Այո»-ն դրական արդիւնքի չի յանգեցներ, այլ կը սնուցանէ ու կը մեծցնէ եսասէր եւ կամակոր երեխայ, որ հետագային ոչ մէկ մերժում կը հանդուրժէ:
* * *
– Երեխայ դաստիարակել` չի նշանակեր անոր հետ պոռալով խօսիլ, մանաւանդ երբ պոռալը սովորութիւն կը դառնայ: Երեխան դաստիարակելու ժամանակ պէտք է յստակ եւ հասկնալի նախադասութիւններ գործածել, հանդարտ եւ համբերատար ըլլալ եւ մանաւանդ` հետեւողական:
Իմացէ՛ք, որ հեղինակութիւնը ձայնին մէջ չէ, այլ` ձեր վարուելակերպին: Տեւական պոռչտուքը մի միայն յարաբերութիւններու լարուածութիւն կը ստեղծէ, որուն պատճառով ձեր երեխան կը դառնայ երկչոտ ու ինքնամփոփ, եւ կամ իր կարգին կ՛ընդվզի ու կը պոռթկայ…
* * *
– Ինքնավարութիւնը երկինքէն չ՛իյնար: Երեխան ինքնավար կը դառնայ` ընտրութիւններ կատարելով, սխալելով, վերսկսելով: Բայց եթէ դուք իրեն փոխարէն որոշէք, թէ ի՛նչ պիտի ուտէ, հագուի, մտածէ, խօսի… ան կամաց-կամաց կը վարժուի հնազանդելու եւ ոչ թէ` մտածելու եւ դատելու: Անշուշտ որ, որպէս ծնողք, ընդհանուր սահմաններ պիտի ճշդէք, սակայն ընտրութեան հնարաւորութիւն ստեղծելու չմոռնաք:
* * *
– Տարիներ անց չափահաս դարձած ձեր երեխան հազիւ թէ յիշէ ձեր մաքուր ու կոկիկ հիւրասենեակը, ձեր գնած խաղալիքները կամ ձեր ինքնաշարժին մակնիշը… Ասոնք շատ չնչին տեղ պիտի գրաւեն անոր մանկութեան յուշերուն մէջ, մինչդեռ ձեզի հետ անցուցած իր ժամանակը, ձեր յարաբերութիւններուն որակը եւ ընտանեկան աւանդութիւնները յաւիտեանս պիտի դրոշմուին անոր մտքին մէջ:
Մի՛ դժգոհիք, եթէ շաբաթավերջին ձեր նստասենեակը տակնուվրայ է, կամ լուացարանին մէջ պնակները դիզուած են, ասոնք լուծելի խնդիրներ են, մինչդեռ ձեր երեխային հետ անցուցած ժամանակը անդարձ հարստութիւն է թէ՛ ձեր եւ թէ՛ իրեն համար, եւ տարիներ ետք այս վերջիններն են, որ պիտի յիշէ ու փնտռէ:
Հետազօտութիւնները Կը Վկայեն…
Ընթերցումը Ազդու Դեղ`
Ընկճախտը Թեթեւցնելու Համար
Արդեօք կը յիշէ՞ք, թէ ե՛րբ վերջին անգամ գիրք կարդացեր էք… եւ ինչո՞ւ չվերադառնաք ընթերցելու ձեր հին սովորութեան ու վայելէք ընթերցումի անհամար բարիքները:
Սիւսեքս համալսարանին կողմէ հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ընթերցումը լաւագոյն միջոցն է ընկճախտը թեթեւցնելու համար: Արդարեւ, 10 վայրկեան գիրք կարդալը բաւարար է մեզ հանդարտեցնելու, մեր շրջապատէն անջատելու եւ 65 առ հարիւրով պակսեցնելու մեր ընկճախտը:
Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, այս միջոցը շատ աւելի ազդու է, քան` երաժշտութիւն ունկնդրելը, պտտիլը, սուրճ կամ թէյ խմելը` ներքին լարուածութիւնը պարպելու համար:
Այս առիթով, եկէք, վերյիշենք գիրք կարդալու բարիքները.
– Կը բարելաւէ գիտելիքները:
– Կը հարստացնէ բառապաշարը:
– Կը զարգացնէ երեւակայութիւնն ու ստեղծագործական միտքը:
– Կը զարգացնէ շարադրական ունակութիւնը:
– Կ՛աշխուժացնէ ուղեղը:
– Կը բարելաւէ ուշադրութիւնն ու կեդրոնացումը:
– Կ՛աշխուժացնէ յիշողութիւնը:
– Կը խթանէ քննական միտքը:
Թուղթէ՞, Թէ՞ Ելեկտրոնային Գիրք
21-րդ դար… համացանց… ելեկտրոնային գիրքեր:
Այսօր ելեկտրոնային գիրքերը շատ տարածուած են: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ելեկտրոնային գիրքերը շատ աւելի պահանջուած են, քան` անոնց թուղթէ տարբերակները:
Ելեկտրոնային գիրքը անշուշտ չունի թուղթին հոտը, զայն չենք կրնար շօշափել, թերթել կամ էջանիշ դնել, բայց ելեկտրոնայինը նոյնպէս ունի իր առաւելութիւնները: Նախ` կարելի է զայն անվճար գտնել, վայրկեաններու ընթացքին զայն ձեռք բերել, հնարաւոր է մէկ համակարգիչի մէջ հազարաւոր գիրքեր պահել եւ դիւրաւ զանոնք տեղափոխել…
Նշենք նաեւ, որ ելեկտրոնային գիրք կարդացողներուն աչքերը աւելի արագ կը յոգնին, եւ անոնք չեն կրնար երկար կարդալ. այս պատճառով ալ, որքան ալ արհեստագիտութիւնը կը զարգանայ, թուղթէ գիրքի աւանդական տարբերակը շատերուն համար առաջնայինը կը մնայ:
Պահածոյի Թիթեղեայ Տուփերուն
Երկրորդ Կեանք Մը Տանք
Եթէ ձեռքի տակ ունիք պահածոյի թիթեղեայ տուփեր, այսուհետեւ, նախքան անոնցմէ ձերբազատիլը, մտածեցէք երկրորդ կեանք մը տալու մասին:
Տեսէք, թէ հնարամիտ մարդիկ ինչպիսի՛ լուսաւոր գաղափարներ ունեցած են, եւ անոնց ստեղծագործ միտքը որքա՜ն հեռուն գացած է: Վստահաբար շատեր անտարբեր պիտի չմնան եւ պիտի փորձեն իրականացնել ներկայացուած տարբերակներէն մէկը:
1.- Սիրուն Թաղարներ. թիթեղեայ տուփերը լաւ լուալէ ետք անոնց յատակէն մէկ-երկու բացուածք բացէք, հող լեցուցէք եւ ձեր նախասիրած խոտաբոյսերը աճեցուցէք:
2.- Գրենական Պիտոյքներու Դասաւորում. Գաղափարը շատ պարզ եւ գործնական է, թիթեղեայ տուփերը ըստ ճաշակի ներկեցէք եւ ապա զանոնք օգտագործեցէք շպարի վրձինները, գրենական պիտոյքները եւ այլ իրեր խմբելու համար:
3.- Դգալեղէնի Դասաւորում. լուացուած, մաքուր տուփերուն վրայ սիրուն պիտակներ փակցուցէք եւ առանձին խմբեցէք ձեր դգալները, դանակներն ու պատառաքաղները:
4.- Գործիքներու Դասաւորում. թիթեղեայ տուփերը ամրացուցէք տախտակին վրայ, ապա հաստատեցէք պատին եւ տեղաւորեցէք աքցանները, պտուտակահանները եւ նմանատիպ այլ գործիքներ:
Խոհագիր
Կարմիր Սոխի Թթուաշ
– 2 կարմիր սոխ` օղակաձեւ շերտուած
– 1,5 գաւաթ ջուր
– 1,5 գաւաթ ճերմակ քացախ
– 1 թէյի դգալ շաքարաւազ
– 2 թէյի դգալ քարաղ
Ընտրովի բուրաւէտիչներ (ընտրել մէկը կամ մէկ քանին)
– Սեւ պղպեղի հատիկներ
– 2 ճիւղ թարմ խնկունի
– 2 ճիւղ թարմ ուրց
– Կծու թարմ կարմիր պղպեղ
– Սխտորի պճեղներ
Պատրաստութիւն
Շերտուած սոխերը լեցնել կափարիչով օժտուած ապակեայ մաքուր բղուղի (շիշ) մը մէջ:
Փոքր կաթսայի մը մէջ խառնել քացախը, ջուրը, շաքարն ու աղը: Աւելցնել մէկ կամ աւելի բուրաւէտիչներ` ըստ ցանկութեան: Խառնուրդը հասցնել եռման աստիճանի, ապա աւելցնել սոխին վրայ: Կափարիչը փակել, շիշը գլխիվայր դիրքով ձգել` մինչեւ բաղադրութիւնը պաղի սենեակի ջերմաստիճանով:
Շիշը փոխադրել սառնարան եւ սպասել առնուազն 12 ժամ` նախքան օգտագործելը:
Այս թթուաշը կը պարունակէ` ածխաջուր, մանրաթել, կիր, երկաթ, փոթասիոմ, սպիտակուց, աղ եւ շաքար:
Կարմիր սոխին 10 առողջապահական առաւելութիւնները.
- Կը բարելաւէ սրտին առողջութիւնը:
- Կ՛օգնէ կանխելու քաղցկեղը:
- Կը խթանէ մարսողական համակարգը:
- Կը բարելաւէ մարմինին դիմադրողականութիւնը:
- Կը կարգաւորէ արեան շաքարի մակարդակը:
- Կ՛ապահովէ ոսկորներուն առողջութիւնը:
- Կը բարելաւէ մորթին եւ մազերուն առողջութիւնը:
- Հակաբորբոքային յատկութիւն ունի:
- Կը մեղմացնէ դաշտանի ցաւը:
- Կը նուազեցնէ արեան բարձր ճնշումը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մեր արդար հունձքը մնայ մեր հողում,
Կասկածը մեզնից թող հեռու գնայ:
Թող արծիւ դառնայ նոյեան աղաւնին,
Մեր բարձունքներին թառելու գնայ:
Թող նժդեհանայ ռազմի մեր ոգին,
Սիւնեաց լեռները պահելու գնայ:
Փորձուած մեր փորձը մեզ այս անելից
Ելքի մի հնար ճարելու գնայ:
Մեր կամքն ապրելու` մեր սահմաններում,
Վառուած հրդեհը մարելու գնայ:
Մեր սուրբ հաւատը սուրբ տաճարներում
Իր սուրբ մոմերը վառելու գնայ:
Իսկ քամի թէ կայ, սատանաների
Հարսանիքներում պարելու գնայ:
ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ