Ռուսիան դրական տրամադրուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան նկատմամբ եւ պատրաստ է ամէն ինչին, որուն պատրաստ է հայկական կողմը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Երեւանի մէջ լրագրողներուն այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքոյ:
«Վաղը եւ միւս օր ես պիտի հանդիպիմ տարբեր գերատեսչութիւններու` արտաքին գործոց նախարարութեան, մշակոյթի նախարարութեան, կառավարութեան ղեկավարներու հետ: Մենք պատրաստ ենք ամէն ինչին, որուն պատրաստ է հայկական կողմը: Ահա, թերեւս, մեր պատասխանը: Ինչի՞ն պատրաստ է հայկական երկիրը, մենք պատրաստ ենք անոր», նշած է Շվիտքոյ:
«Խօսքը շարժանկարի, թատրոնի, բեմարուեստի, գեղարուեստական կրթութեան ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու պատրաստակամութեան մասին է, սակայն ասիկա միայն մշակոյթին չի վերաբերիր, մենք համագործակցութեան նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք», ըսած է ան:


