ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Երանի՜ ես ըլլայի`
Գծագրիչ մը անուանի
Կարմիր սրտեր գծէի,
Բոսոր վարդեր սիրալիր:
Երանի՜ ես ըլլայի`
Բժիշկ մը մեծ, պիտանի,
Բժշկէի հիւանդներ:
Անհետացնէի ցաւ ու վէրք:
Երանի՜ ես ըլլայի`
Աշխարհիկ մը ապրէի
Աղքատներուն հետ ճամբան,
Որոնք չունին ապաստան:
Երանի՜ ես ըլլայի`
Դատաւոր մը ցանկալի,
Դատ ու բողոք լսէի,
Արդարութիւն վճռէի:
Հազար անգամ երանի՜
Այս տողերուն գանգատի
Երկար շարքը բաղձալի
Ձեր աչքերը տեսնէին: