Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Պէյրութի սպասուած տերպի մրցումը` Ռիատիի եւ Սաժեսի միջեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան երթի վերջին հանգրուանին:
Սաժես, որուն սենթըր Ժերար Հատիտեան վիրաւորուած էր Պէյրութի դէմ մրցումին, կը խաղար նաեւ առանց Մոհամետ Շապազի, որ իր կարգին վիրաւոր էր: Հակառակ այս բոլորին, Սաժես կորսնցնելիք բան չունէր, մինչ ճնշումը Ռիատիի վրայ էր, եւ իր համակիրներուն առջեւ շատ բան կը սպասուէր իրմէ:
Աւելի՛ն, երկու խումբերն ալ մէկական պարտութիւն ունենալով պէտք էր տային իրենց լաւագոյնը` չկրելու համար 2-րդ պարտութիւնը:
Մանաւանդ մրցումի սկիզբը Սաժես շատ աւելի արդիւնաւէտ էր, մինչ Ռիատի իր դաշտին վրայ չէր կրնար հանգիստ կէտեր նշանակել:
Սաժեսէն Զաք Լոֆթըն եւ Օմար Ժամալէտտին խումբը իրենց վրայ առած էին եւ պահ մը մինչեւ 20 կէտով ալ յառաջացան Ռիատիի վրայ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Ռիատի, որ հարուստ է իր մարզիկներով, քանի մը անգամ մարզիկներ փոխեց եւ կրցաւ մօտենալ, եւ մրցումի վերջին մասին կրցաւ հասնիլ եւ նոյնիսկ անցնիլ, մինչ Սաժես կը փորձէր մնալ մթնոլորտին մէջ: Շատ բնական էր եղածը, երբ 5 մարզիկներդ 30 վայրկեանէ աւելի կը խաղան, մինչ պահեստի մարզիկներէն Էլի Ռըսթոմ (8 վայրկեան), Ճօ Ապի Խըրս (3 վայրկեան) եւ Ազիզ Ապտելմասիհ (22 երկվայրկեան) շատ կարճ ելոյթ ունենալով պիտի չկարենային պայքարիլ Ռիատիի 8 մարզիկներուն դէմ, որոնք 16-էն 36 վայրկեաններու վրայ բաժնուեցան իրենց դիրքերը:
Զաք Լոֆթըն 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 39 կէտ ձեռք ձգելով, բայց պէտք է ըսել, որ ինքզինք բախտաւոր պէտք է զգայ, որ կիսախաղին իրաւարարներու սեղանին դէմ բուռն գանգատէ ետք չվտարուեցաւ: Վստահաբար Լիբանանի բոլոր խումբերը շատ լաւ գիտեն, որ Զաք Լոֆթըն շատ շուտ կրնայ «բռնկիլ», եւ «աւրել» մրցումը: Այդպէս ալ եղաւ, եւ երկարաձգումին ան հազիւ քանի մը վայրկեան մասնակցած, իրաւարարը նկատեց, թէ անոր ոտքը դպած է դաշտի եզրի գիծին, եւ անոր սուլոցէն «կատղած» Լոֆթըն պոռալու սկսաւ իրաւարարին դէմ, որ զինք վտարեց դաշտէն` երկրորդ թեքնիքըլ ֆաուլէն ետք:
Ռիատի պահեց իր հանդարտութիւնը` մրցումը աւարտելով 99-92 արդիւնքով, 85-85 աւարտելէ ետք առաջին 40 վայրկեանները:
Ռիատիէն առաւելագոյն կէտերը նշանակեցին Ամիր Սէուտ (29 կէտ) եւ Ուաէլ Արաքժի (26 կէտ), մինչ Սաժեսէն Օմար Ժամալէտտին աւելցուց 21 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:
Երկու խումբերը պիտի մասնակցին Ուասլի մրցաշարքին, որուն երկրորդ հանգրուանը կը սկսի վաղը:
Ռիատի իր առաջին մրցումին պիտի մրցի Իրաքի Տիֆահ Ժաուի խումբին դէմ, ժամը 21:45-ին, իսկ չորեքշաբթի… Սաժեսի դէմ, նոյն ժամուն:
Ուրբաթ օր Սաժես պիտի մրցի Ամմանի Իթթիհատին դէմ ժամը 21:45-ին, վերջինս պիտի ըլլայ Ռիատիի 3-րդ մրցակիցը` շաբաթ օր, ժամը 17:45-ին: Նոյն օրը (շաբաթ) Սաժես պիտի մրցի Իրանի Թապիաթին դէմ, ժամը 21:45-ին:
Կիրակի օր ժամը 17:45-ին Սաժես պիտի մրցի Իրաքի Տիֆահ Ժաուի խումբին դէմ, մինչ Ռիատի պիտի մրցի Իրանի Թապիաթին դէմ, ժամը 21:45-ին:
Առաջին հանգրուանին Սաժես 2 պարտութիւն կրած էր Թապիաթէն (88-87) եւ Ռիատիէն (86-59), մինչ Ռիատի իր 4 մրցումներն ալ յաղթած էր:
Թապիաթ կը գրաւէ 2-րդ դիրքը Ռիատիի ետին:


