Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը երէկ յայտարարեց, թէ ըմբշամարտի համաշխարհային ֆետերասիոնի եւրոպական խորհուրդը ընտրած է Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, բազմակի մրցանակակիր, 4 անգամ աշխարհի ախոյեան, եօթը անգամ Եւրոպայի ախոյեան, յունահռոմէական ոճի պատմական ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեանը` իբրեւ Եւրոպայի տարուան լաւագոյն ըմբիշ:
Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի տարուան լաւագոյն մարզիչ ընտրուած է միջազգային մարզական վարպետ, Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ եւ ազգային խումբի մարզիչ Արմէն Պապալարեանը:
«Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը կը շնորհաւորէ Արթուր Ալեքսանեանը եւ Արմէն Պապալարեանը: Սա անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ հայկական ըմբշամարտի դերը եւ դիրքը մարզաձեւի համաշխարհային քարտէսին վրայ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ըմբշամարտի համաշխարհային ֆետերասիոնի Եւրոպական խորհուրդին մեր մարզիկի եւ մարզիչի աշխատանքը արժանիօրէն գնահատելու համար», կը նշէ ֆետերասիոնի յայտարարութիւնը: