Պաթրուն Սթարզ աթլեթիզմի ակումբէն պատուիրակութիւն մը երէկ յետմիջօրէին մեկնեցաւ Տոհա, Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցելու:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ուատիհ Հուլի (Պաթրուն Սթարզի նախագահ եւ մարզիչ) եւ մարզիկներ Զուլալ Պեզճեան (ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտէն փոխ տրուած), Մարիամ Եուսեֆ (սկաւառակ արձակել), Նիսրին Մուաուատ (նիզակ արձակել եւ երեք քայլ ոստում):
Տղոց եւ աղջկանց մրցաշարքը, որ կը կազմակերպէ Ահլի Քաթար, տեղի պիտի ունենայ 7-էն 10 ապրիլին, ուր կը մասնակցին աւելի քան 400 աթլեթներ` ներկայացնելով 12 տարբեր երկիրներ:
Նշենք, որ Զուլալ Պեզճեան կը մասնակցի նիզակ արձակելու, ինչպէս նաեւ եօթնամարտի մրցումներուն: Եօթնամարտին մաս կը կազմեն 100 մեթր արգելարշաւի, բարձրութիւն ցատկելու, գունտ արձակելու, 200 մեթր վազքի, մէկ քայլ ոստումի, սկաւառակ արձակելու եւ 800 մեթր վազքի մրցումները:


