Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Լէյքըրզ Յաղթեց, Օքլահոմա Պարտուեցաւ

April 7, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ առաջին մասին ետ մնալէ ետք Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ, 2-րդ մասին կրցաւ հասնիլ եւ յաղթել 124-108 արդիւնքով: Լուքա Տոնչիչ 35 կէտ նշանակեց եւ Օսթըն Ռիվզ աւելցուց 30 կէտ եւս ի նպաստ Լէյքըրզի, որուն աստղը` Լըպրոն Ճէյմս 27 կէտ նշանակեց:

Այս յաղթանակը բարձրացուց Լէյքըրզը 3-րդ դիրքի, մինչ Նիւ Օրլինզ Արեւմտեան շրջանի 14-րդ եւ նախավերջին խումբն է:

Շաբաթ առաւօտեան ժամերուն Օքլահոմա 11 յաջորդական յաղթանակներէ ետք պարտութիւն մը կրեց Հիուսթըն Ռոքեթցէն` 125-111 արդիւնքով:

Ճէյլըն Կրին 34 կէտ նշանակեց, իսկ Ալփերէն Շենկիւն 31 կէտ աւելցուց ի նպաստ Հիուսթընի, որ Արեւմտեան շրջանի 2-րդ դիրքին վրայ կը մնայ:

Ասիկա Օքլահոմայի 13-րդ պարտութիւնն էր այս տարեշրջանին (77 մրցումներէ ետք), բայց «Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու լաւագոյն արդիւնքները արձանագրած է:

Արեւելեան շրջանի լաւագոյն խումբը կը մնայ Քլիվլենտ Քեվելիրզ, որ 15 պարտութիւն կրած է:

Քլիվլենտ իր վերջին մրցումին 114-113 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը:

Տոնավըն Միչել (26 կէտ), Էվըն Մոպլի (25 կէտ եւ 12 ռիպաունտ), Տալիըս Կարլենտ (19 կէտ) եւ Տէանտրէ Հանթըր (18 կէտ) լաւ մրցում ունեցան:

Յոյն «հսկայ» Եաննիս Անթեթոքումփօ միացաւ Օսքար Ռոպերթսընի եւ Ուելթ Չեմպըրլէյնի: Անոնք դարձան միակ մարզիկները, որոնք յաջորդական մրցումներու 35-է աւելի կէտեր, 15-է աւելի ռիպաունտներ, ինչպէս նաեւ 10-է աւելի էսիսթ կատարած են:

Անթեթոքումփոյի խումբը` Միլուոքի Պաքս, 121-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մայեմի Հիթը յետ երկարաձգման:

111-ի վրայ հաւասարած էին խումբերը, մրցումի մը, ուր ամէն խումբ մասի մը իր առաւելագոյնը տուաւ: Արդարեւ, առաջին մասին Մայեմի 30-22 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ Պաքս 35-27 արդիւնքով փոխադարձեց: 3-րդ մասին, Մայեմի 31-24 արդիւնքով յառաջացաւ, բայց Պաքս վերադարձաւ 30-23 արդիւնքով: Բայց երկարաձգման Պաքս 10-4 արդիւնքով յաղթեց:

Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն արդիւնքները.

ՇԱԲԱԹ ՕՐ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Եութա Ճեզ 140-112
Չարլոթ Հորնեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ 102-125
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 105-117
Պոսթըն Սելթիքս – Ֆինիքս Սանզ 123-103
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 113-114
Հիուսթըն Ռոքեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 125-111
Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 118-113
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Տենվըր Նակեթց 118-104
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 114-91
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 124-108
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Եորք Նիքս 105-121

ԵՐԷԿ
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 109-114
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 103-109
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս 115-121
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 135-104

Նախորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն` Ֆրանսայի Ախոյեան

Յաջորդը

Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան Եւրոպայի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկ

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.