Իրան յոյս ունի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը զսպուածութեան միջոցով պիտի անցնին այն ճամբան, որ ի վերջոյ պիտի յանգեցնէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման: Այս մասին, «Արմէնփրես»-ի համաձայն, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի:
«Իմ կարծիքովս, մեր շրջանը չի դիմանար որեւէ լարուածութեան: Յոյս ունինք, որ բոլոր կողմերը պիտի պահպանեն այդ սկզբունքները` խաղաղութեան եւ հանգստութեան ձգտող», նշած է Սոպհանի:
Դեսպանը աւելցուցած է, որ Իրան կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ: «Մեր զրոյցներուն, քննարկումներուն ժամանակ կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք շարժելու խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման ուղղութեամբ: Իրան պատրաստ է օգնելու, որպէսզի խաղաղութիւնը պահպանուի, որպէսզի զինադադարը չխախտուի, եւ կողմերը կարենան հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման: Եւ կը կարծեմ, որ այս առումով «3+3»-ը բաւական լաւ ձեւաչափ է: Օգտագործելով այդ ձեւաչափը` մենք կրնանք դէպի խաղաղութեան հաստատում շարժիլ», ընդգծած է Սոպհանի:
Անդրադառնալով շրջանառուող տեղեկութիւններուն, թէ Ազրպէյճան Իսրայէլէն մեծ քանակութեամբ սպառազինութիւն կը ներածէ, դեսպանը ընդգծած է, որ իրենք դէմ են շրջանի ռազմականացման:
«Մենք Ազրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք, Ազրպէյճան մեր դրացին է, մենք կ՛օգտագործենք այն կապերը, զորս ունինք Ազրպէյճանի հետ, ամէն ինչ կ՛ընենք, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի: Ամէն պարագայի, մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք շրջանային զարգացումներուն», եզրափակած է Իրանի դեսպանը:


