ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ԵՒ ՀՍԿՈՒՄ
Կիրակի, 6 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Ուխտի օրուան առիթով, մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի սուրբ եւ անմահ պատարագ,
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին
Սուրբ պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մեր հաւատքի հօր` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին սրբազան Աջով եւ այլ սուրբերու մասունքներով, տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօր, որմէ ետք Լուսաւորչի Աջով եւ վեհափառ հայրապետին ձեռամբ պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Սուրբ Աջը պիտի տեղադրուի Սուրբ խորանի բեմին վրայ մինչեւ իրիկուան ժամը 7:00: Հաւատացեալներ հերթաբար մօտենալով պիտի կարողանան ստանալ Լուսաւորիչ հայրապետին օրհնութիւնը եւ օրհնուած ջուր:
Շաբաթ, 5 ապրիլ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Մուտն ի Վիրապ յիշատակութեան առիթով, սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի մայր տաճարին մէջ, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ուխտի օրուան առիթով պիտի կատարուի հսկումի արարողութիւն` նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի ուսանողներու: Այս առիթով նորին սրբութիւնը պիտի ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
ԾԱՆՕԹ: Սուրբ պատարագին, ուխտի թափօրի եւ ջրօրհնէքին մասնակցելու նպատակով, կիրակի օր առաւօտեան ժամը 9:30-ին փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան հետեւեալ վայրերէն.
1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ
2) ՔԱՀԼ-ի Ազգային ծերանոց, Պուրճ Համուտ
3) Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Պուրճ Համուտ
4) Պանք աֆ Պէյրութ, Հաճըն
5) Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն
6) Սուրբ Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին եղած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները` մարտ 2025-ի ընթացքին
– Տիկին Նազելի Մարտիրոսեան-Սլիմ Տուպայէն (պատսպարեալի հովանաւորութիւն) 526 ամ. տոլար
– Քրիստափոր Տօնոյեան 400 ամ. տոլար
– Միացեալ Նահանգներէն նախկին լիբանանահայ մը 1.000 ամ. տոլար
– Խտըրլարեան ընտանիք (Սեպուհ Խտըրլարեանի մահուան քառասունքին առիթով) 500 ամ. տոլար
– Միհրան Պաղտասարեան (Յարութ Մարկարոսեանի մահուան առիթով) 50 ամ. տոլար
– Իզապէլ Աբրահամեան (Յարութ Մարկարոսեանի մահուան առիթով) 50 ամ. տոլար
– Րաֆֆի Գույումճեան (հոգեճաշ Հրանդ Գույումճեանի մահուան քառասունքին առիթով) 300 ամ. տոլար
– Ազգային մը (100 հատ պրիոշ հոգեհանգիստի մը առիթով)
– Եսայի Հաւաթեան (պտղատու ծառերու սրսկումի դեղորայք) 150
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ`
ԱԶՈՒՆԻԷԻ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ
————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Էր-քոնտիսիոնէի ընկերութիւն մը, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, կարիք ունի էր-քոնտիսիոններ անցընող եւ նորոգող թեքնիսիենի մը, նուազագոյնը
5 տարուան փորձառութեամբ: Դիմել հեռ. 03-852126 կամ 03-800601 թիւերուն:
————————————–
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Արդիական կառոյց, 2 կամ 1 ննջասենեակով, նաեւ տարեկան վարձքի կարելիութիւն: Գեղատեսիլ եւ բացօթեայ դիրք, հանդարտ միջավայր Այնճարի հրապարակէն առաջ, «Սաննին» փողոց:
Դիմել` հեռ. 76-497356: